Read Time:20 Second
ՄԻՆՍՔ.- Վաղը, Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան վեհաժողովը, ուր Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան մասին համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ:
Ռուսաստանը, Պիելոռուսիան եւ Ղազախստանը Մայիս 29, 2014-ին Ասթանայի մէջ ստորագրած էին Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մասին համաձայնագիրը, որ պիտի գործադրուի Յունուար 1, 2015-էն սկսեալ:
Հայաստան Մաքսային Միութեան անդամակցելու եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան կազմին միանալու մտադրութեան մասին յայտարարած էր Սեպտեմբեր 2013-ին: