Հ. Օ. Մ.-Ը ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՅԹՈՒՄԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 2 Second

p3 hom Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որպէս համաշխարհային, մարդասիրական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն եւ անդամ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, խստիւ կը դատապարտէ Տէր Զօրի Սուրբ Նահատակաց Եկեղեցւոյ եւ յուշակոթողի կործանումը՝ ծայրահեղ իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, հայոց սրբավայրի միտումնաւոր պայթեցումը, կրկին անգամ կը փաստէ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնն ու դերակատարութիւնը Սուրիոյ Քրիստոնեայ եւ մասնաւորապէս՝ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած յարձակումներուն եւ հալածանքներուն: Տէր Զօրի մատուռը, կառուցուած այն նոյն անապատին հողերուն վրայ, ուր 1915 թուականին հայ այրեր, կիներ ու երեխաներ տառապեցան եւ նահատակուեցան, ցարդ վառ կը պահէր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Զուգադիպութիւն չէ, որ Սրբազան վայրի բարբարոսական այս աւերումը գործադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 23րդ ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտին:

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր խորին մտահոգութիւնը կը յայտնէ աշխարհի շուրջ շարունակուող բռնարարքներուն նկատմամբ՝ նա մանաւանդ Սուրիոյ Քրիստոնեայ համայնքին դէմ: Տէր Զօրի մատուռի կործանումը առաւել եւս կը բարձրացնէ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն եւ ամբողջ հայութեան ցասումը ընդդէմ իսլամական ծայռահեղական շարժումներուն:

Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կոչ կ՛ուղէ Հ.Օ.Մ.-ի աշխարհասփիւռ միաւորներուն, մասնաճիւղերուն եւ բոլո՛ր հայրենակիցներուն, նեցուկ կանգնելու Սուրիահայ գաղութին քաջալերելով Սուրիահայ օժանդակութեան ծրագիրները: Միանա՛նք բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, որոնք համաշխարհային մակարդակով կը դատապարտեն մարդկութեան դէմ կատարուած այս ոճիրը եւ կու գան օժանդակելու այն ժողովուրդներուն, որոնք ենթակայ կը դառնան նոյնանման առարքներու:

Սուրիահայութեան օժանդակութեան գծով յաւելեալ մանրամասնութիւներ ստանալու համար այցելել՝ www.ars1910.org

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles