ՏՈՔԹ. ՀԵՆՐԻ Տ. ԱՍԹԱՐՃԵԱՆ
(Թրգն. ՆԱՆՕՐ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ)
Նախագահներու վրայ կօշիկներ շպրտելը զայրոյթ, յուսահատութիւն, եւ անօգնականութիւն ցոյց տալու քաղաքակիրթ ձեւ մը չէ, բայց ատեններ կան, երբ այդպիսի վարմունքներ, բառերով փոխանակուած, արդարացի են: Հիմա այդպիսի ժամանակ է: Համայն հայ ազգը պէտք է ճիշտ այդ ընէ իր զայրոյթը, գարշանքն ու յուսախաբութիւնը ցոյց տալու, եւ քաղաքավարօրէն՝ իր կատաղի հակադրանքը Սերժ Սարգսեանի յանձնառութեան, վաւերացնելու եւ ապա ծախելու “հայ-թուրք փրոթոքոլ”ը մեզի:
Այս վատահամբաւ փաստաթուղթը որ վերջերս նախաձեռնուեցաւ Զուիցերիոյ մէջ, կարելի է արդարաբար կոչել “Անձնատուութեան Փրոթոքոլը”` փաստաթուղթ մը որ Թուրքիոյ կ’արտօնէ մթերք ու մատուցումներ արտածել Հայաստան, իսկ Հայաստանի` արտածել մշակութապէս տաղանդաւոր, եւ ոչ այնքան տաղանդաւոր, տիկիններ կազդուրելու համար Իսթանպուլի եւ Կարսի գիշերային կեանքը: Անշուշտ անոր մէջ սխալ չկայ, վերջապէս այդ բոլոր շահուած դրամը հայկական տնտեսութեան պիտի օգնէ:
Ի՞նչու Սերժ Սարգսեանը իր հոտած ստորագրութիւնը դնէ արձանագրութիւններուն վրայ, որ իր կաշառակեր Արտաքին Գործոց Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանը գաղտնաքողիօրէն միջնորդած էր:
Ով իրենց արտօնեց բանակցութիւններով յրաժարիլ հայկական հողերուն հայկական իրաւունքներէն. Հայ քուէարկուներէ՞ն մասնաւոր յանձնարարութիւն ստացան, կամ համայն հայութենէ՞ն:
Ո՞վ իրենց տուաւ իրաւունքը աննախօրեակ զիջումներ կատարելու այն թուրք պահանջներուն որ խուզարկել կը փորձեն Ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը:
Ո՞վ իրենց տուաւ արտօնութիւնը ընդունելու այն թուրք պահանջը թէ Հայաստանը պէտք է որ »… պաշտպանէ դրացի երկիրներու հողային պահանջատիրութիւններու ամբողջականութիւնը«, պայման մը որ պիտի վտանգէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:
Դատելով Նալպանտեանի ամօթալի անցեալէն իբր Հայաստանի Եգիպտոս դեսպան, մարդս ինքնաբերաբար կը կասկածի իր անկեղծութենէն եւ իր պաշտօնական պարտականութիւններու ընթացքէն, ներփակելով հայ-թուրք արձանագրութիւններու կերպաւորումը:
Իր եւ Սերժին արձանագրութիւններուն ամէն կապերն ալ նեխած են, բայց ամէնէն ծիծաղելին »հողային պահանջատիրութիւններ«ու կէտն է: Այդ յօդուածը` »համաձայնութիւն որ Հայաստանը պիտի պաշտպանէ իր դրացի երկիրներու ՀՈՂԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ամբողջականութիւնը«, այդ ձեւով ռմբակոծելով Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, եւ մեր իրաւունքը Արեւմտահայաստանի վեց վիլայեթներուն, համաձայն 1920ի Սեւրի դաշնագրին: Դեռ աւելին. Այս համաձայնութիւնը վերջնականօրէն կը թաղէ Կարսի դժբախտ Դաշնագիրը, որը կնքուած էր Սովետական Հայաստանի եւ Աթաթուրքին Զօրավար Գիազիմ Քարա Պէքիրի միջեւ 1921ին: Այս Դաշնագիրը Թուրքիոյ յանձնարարեց Պաթումը տալ Վրաստանի, Սովետական հանրապետութիւն մը, եւ փոխադարձաբար սովետները յրաժարեցան Կարսէն եւ Արտահանէն, Տալով Հայաստանի մաս կազմած այն հողերը Թուրքիոյ: Այդ ժամանակ Հայաստան ազատ կամք չունէր. Դաշնագիրը վաւերացուցին, ճնշումներու տակ, Սեպտեմբեր 1922ին: Հայկական Արցախը նոյն վախճանին հասաւ. Ստալինը զայն Ատրպէյճանին կցեց:
Հիմա, Սերժն ու Էտոն իրենց կնիքները կ’աւելցնեն փրոթոքոլի մը որ կը պահանջէ Հայաստանի յանձնառութիւնը պաշտպանելու Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, եւ Վրաստանի ամբողջականութիւնը: Վա¯յ. Ի¯նչ ծաղրանք:
Կով-փոխադրել (cow-towing) Թուրքիա, իրեն նախորդող Լեւոնիկ Տէր Պետրոսեանին պէս, որ իր նախարարական պատուիրակութեան գլխուն անցած գնաց Անգարա ներկայ գտնուելու Թիւրկիւդ Օզըլի թաղման 1993ի Ապրիլ 24ին, իսկ Սերժ Սարգսեան կը նետուի ճամբու քարտէսի մը վրայ որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ ազգը ուղղել դէպի անդունդ: Իրեն նախորդողին պէս, Սերժը կը դիմադրէ մեր զգայնութիւնն ու տրամաբանութիւնը, սրբապղծելով 1.5 միլիոն հայ նահատակներու յիշատակը որոնք սպաննուեցան Թուրքիոյ Իթթիհատ վի Թեռագիի ձեռքին, մեր կեղծ դաշնակիցները եւ անձնական բարեկամները, այն ժամանակ երբ Օսմանեան ռեժիմին դէմ կը պայքարէինք: Սերժը պատմութենէն բան չէ սորված:
Թերեւս Սերժը, եւ Հայաստանի մէջ գտնուող ուժի տէր անձնաւորութիւնները, Ազգային Պատկանելիութիւն չեն հասկնար, մեր սփիւռքահայերուն նման: Թերեւս չեն հասկնար թէ Հայաստանը տունն է ՀԱՄԱՅՆ հայորդիներուն, եւ թէ Հայաստանը երկիր մը չէ ինչպէս Հնդկաստանը, ուր երկրին ընդհանուր երանգը ցեղային , կրօնական, կամ ազգային չէ: Հրէաստանի պէս, ուր հրեաները կը պնդեն թէ ՀՐԷԱԿԱՆ Երկիր է ան, Հայաստանը Հայկական Երկիր Է. Երկիր մը չէ որ բաղկացած է տարբեր ազգութիւններէ, հայկական եւ քրիստոնեայ երկիր մըն է: Հայաստանը կը պատկանի ոեւէ եւ ամէն հայու, ուզէ կամ չուզէ ապրիլ Հայաստանի մէջ, կամ Սփիւռքի, կամ Քադմանտուի, ուրեմն մեր ժառանգական իրաւունքն է ձայն մը ունենալ այդ անցուդարձերուն մէջ որոնք կը վերաբերին Հայաստանի շահերուն մեր Ազգային Պատկանելիութիւնը վտանգի մէջ է:
Սերժն ու իր մտերիմները կը վրիպին հասկնալէ թէ Հայաստանը, իր Արարատով ու Էջմիածնով, Սփիւռքի ազատարար չուանն է: Իր կողմէ խելագարութիւն պիտի ըլլայ այդ կապակցութիւնը խզել ու փոխարինել զայն Թուրքիոյ »Բարեկամութեամբ«: Այո, Հայաստանը պէտք է որ լաւ յարաբերութիւններ ունենայ իր դրացիներուն հետ, եւ ալ Թուրքիոյ, բայց ոչ Ազգին կենսական շահերուն գնով:
Մենք գիտակից ենք այն ճնշումներուն որ կը բանեցուին իր վրայ: Գիտակից ենք ուժի պայքարէն Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ,- Հայաստանի առնչութեամբ, իւրաքանչիւրը կը յուսայ տիրանալ ղեկավարիչ դիրքի, բայց Հայ Ազգը, կամ Հայաստանը, պէտք չէ որ դառնայ զոհաբերական ոչխար, որը արդէն դիրքորոշուած են դառնալ:
Ուրեմն հարցը կը վերարծարծուի, այս փրոթոքոլ-համաձայնութիւնը Հայաստանի շահերու՞ն է: Եթէ վաւերացուի, թուրք գերիշխանութեան երազը պիտի դառնայ շօշափելի իրականութիւն: Եւ այդ է Ամերիկեան ռազմավարութիւնը: Հզօր ուժերու ռազմավարութիւնը աշխարհի այդ ծիրերուն, քարիւղի եւ կազի միջոցներուն տէր ու տիրական դառնալն է, բայց Միացեալ Նահանգներուն համար աւելի կարեւորը Պարսկաստանը եւ անոր հիւլէական ուժը ղեկավարելն է: Պարսկաստանը, որ արդէն իսկ գրեթէ պատրաստ է հիւլէական ուժ մը դառնալու, Ամերիկայի մղձաւանջն է, եւ տրամաբանական ռազմավարութիւն է Ռուսիոյ հետ իր հայթայթումի գծի խզումը: Այդ գիծը Վրաստանի կամ Ատրպէյճանի միջով չանցնիր, բայց կ’անցնի հինգ մղոն երկարութեամբ հայ-պարսիկ սահմանէն, Կովկասի մէջ Ռուսաստանի պարփակումի-շղթային ամենատկար օղակը:
Պարսկաստանը նաեւ Հայաստանի կենսական երակն է: Հայաստանի եւ Պարսկաստանի զինակցութիւնը դարաւոր է. Նոյնիսկ, դար մը առաջ կառուցուած Պարսկական Շիյա մզկիթ մը կայ Երեւանի մէջ: 1990ական թուականներու սկիզբը, երբ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը շրջափակեցին Հայաստանը այնքան սաստկօրէն որ երկիրը չէր կրնար շնչել, Պարսկաստանն էր որ օգնութեան հասաւ:
Հայաստանի վրայ Թուրքիոյ գերիշխանութիւնը ինքնաբերաբար Պարսկաստանի վրայ ճնշում պիտի դառնայ, այս անգամ հիւսիսէն, վերարծարծելով Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ շրջանի ղեկավարութեան դարաւոր պայքարը: Գերազանց բարդ քաղաքական եւ ռազմավարական կացութիւն մըն է: Քաղաքական ճարպիկութեան եւ մասնագիտութեան կարիքը կայ նաւարկելու ականներու միջով, բայց ոչ շահերէն հրաժարելու գնով:
Սերժ Սարգսեան, երէկ Հ.Յ.Դ.ն հանդիպեցաւ ձեզ հետ այս սայթաքումին առնչութեամբ,եւ ձեռքը պարապ դուրս եկաւ: Եթէ արձանագրութիւնները ստորագրել պնդէք, այն պարագային Դաւաճան մըն էք, եւ մէկ բառ ունիմ ձեզի համար, Հեռացի’ր: