Ֆութպոլային քաղաքականութիւնէն ետք, կարգը եկած էր ֆութպոլային հիւրասիրութեան: Վայր՝ Պուրսա, որուն բնակչութիւնը կը գերազանցէ մէկ միլիոնը, եւ ուր 18-րդ դարաշրջանին գոյութիւն ունեցող աւելի քան իննիսուն հազար հայորդիներէն ոչ մէկ բնակիչ գոյութիւն ունի…: Օրին, հայկական գաղութը եղած էր գործունեայ եւ յատկապէս բարձր դիրքի հասած էր կերպասի վաճառականութեան բնագաւառէն ներս:
ՀՀ պետութեան պատկանող յատուկ «Էրպաս»ով, նախագահ Սարգսեան ժամանեց Պուրսայի օդակայան, որ այս առթիւ քանի մը ժամուան համար փակուած էր: Մինչ այդ, նախապէս արդէն իսկ Պուրսա ժամանած էր Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ: Նախագահին կ°ընկերանային արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան« փոխ նախարարներ՝ Արման Կիրակոսեան (Ուաշիկթընի մօտ ՀՀ նախկին դեսպան) եւ Շաւարշ Քոչարեան« նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վիգէն Սարգսեան եւ բազմաթիւ լրագրողներ:
Թրքական մամուլը նշեց, թէ Սարգսեան մեծ զգուշութեամբ քսան լրագրողներ ընտրած էր Հայաստանէն՝ իրեն ընկերակցելու համար եւ բնականաբար, ան նկատի չէր առած վարչակարգը քննադատող լրագրողներ: Օդակայանին մէջ նախագահ Սարգսեանը դիմաւորող թրքական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու: Թրքական պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Իւնալ Չեւիքէօզը:
«Փրոթոքոլային» հիւրասիրութեամբ մը դիմաւորուեցաւ հայրենի պատուիրակութիւնը: Արդարեւ, Խումբ մը թուրք աշակերտներ նախագահ Սարգսեանի ծաղիկներ յանձնեցին եւ ապա տեղւոյն շրջանէն ժողովրդային պարերու թրքական պարախումբ մը ներկայացուց տոհմիկ կտոր մը:
Պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ «Ալմիրա» պանդոկ, ուր կատարուեցաւ դռնփակ տեսակցութիւն եւ ապա երկու կողմերու միջեւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, ընդարձակ հանդիպում մը, որ տեւեց աւելի քան կէս ժամ: Ըստ տեղեկութիւններուն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի հետագայ զարգացումներուն առնչուող հարցեր:
Նախքան պաշտօնական հանդիպումը« նախագահ Սարգսեան այցելեց Հայաստանի ոտմագնդակի հաւաքականի մարզիկներուն եւ կատարեց կարճ զրոյց-տեսակցութիւն մը:
Պուրսայի մէջ երկու նախագահներու այցելութեան առիթով որդեգրուած էին ապահովական խիստ միջոցառումներ: Երկու նախագահներու ապահովութիւնը ստանձնած էին եօթանասուն թիկնապահներ: Իսկ մարզադաշտին մէջ դիւանագիտական անձնակազմի համար վերապահուած էր 150 աթոռ, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար՝ 400 աթոռ, թուրք համակիրներուն համար երեք հազար աթոռ, իսկ 18 հազար աթոռ հաշուող Պուրսայի մարզադաշտի մնացեալ աթոռները գրաւեցին ոստիկաններն ու թրքական բանակի սպայից վարժարանի աշակերտները: Ոտնագնդակի միջազգային համադաշնակցութեան՝ ՖԻՖԱ-ի օրէնքին համաձայն, հայ համակիրներուն վերապահուած էր հազար աթոռ:
Պուրսայի նահանգապետը քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճանի դրօշները պիտի արգիլուին, սակայն աւելի ուշ ան յետս կոչեց իր որոշումը: Պուրսայի փողոցները ողողուած էին Ատրպէյճանի դրօշակներով, որոնք նաեւ մերթ ընդ մերթ կը ծածանէին մրցումին ընթացքին:ՖԻՖԱ-ն կտրուկ կերպով թուրք համակիրներուն արգիլած է խաղին ընթացքին Ատրպէյճանի դրօշակներ բարձրացնել եւ նոյնիսկ սպառնացած էր պատժամիջոցներու դիմել:Դաշտ մտնելու ընթացքին հայ լրագրողներուն որոշ նեղութիւն տալէ ետք անոնց արգիլուեցաւ եռագոյնը տանիլ իրենց հետ, ապահովական մարմիններու ներկայացուցիչները սպառնալիքներ ուղղած էին հայ լրագրողներուն: Հակառակ ասոր, հայ լրագրողները կրցած էին իրենց հետ դաշտ տանիլ քանի մը եռագոյն, որոնց ծածանումը կրկին արգիլուած էր ոստիկաններուն կողմէ: Իսկ երբ մարզիկները դաշտ ներկայացան եւ հնչեց Հայաստանի քայլերգը՝ համակիրները սուլեցին եւ կոպիտ արտայայտութիւններ ունեցան ու բացագանչութիւններ արձակեցին: Տպաւորիչ էր անակնկալ մէկ գրութիւնը կարդալ՝ «Հայաստանին յաջողութիւն կը մաղթենք…Պիթլիսցիներ եւ Սասունցիներ» հսկայ պաստառը, ծածանող եռագոյնի մը կողքին…որ դժբախտաբար շուտով խլուեցաւ ու գրաւուեցաւ տեղւոյն ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Նշենք թէ Սեպտեմբեր 2008-ին,, Հայաստան-Թուրքիա (0-2) երթի մրցումին, Երեւանի մէջ, Հայաստանի ոտնագնդակի համադաշնակցութեան (…եւ վստահաբար աւելի բարձր մարմիններու միջամտութեամբ) որոշումով, Հայաստանի հաւաքականին շապիկին վրայէն վերցուած էր Արարատ լեռը խորհրդանշող նշանակը: Այս մրցումին ալ, միեւնոյնը պատահած էր եւ հայրենի մարզիկներուն շապիկներուն վրայ…բացակայ էր Արարատը: Փոխարէն, սակայն դաշտին վրայ ներկայութիւն էր Արարատ մը՝ կիսապաշտպան Արարատ Առաքելեանը, որ սրտով ու հոգուով կը կատարէր իր «Արարատեան Առաքելութինը» եւ կը ստիպէր մրցումը ներկայացող խօսնակներուն որպէսզի հնչուի, յիշուի եւ նշուի…Արարատը:
Հոկտեմբեր 10-ին, Ցիւրիխի մէջ կատարուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն ստորագրութիւնը մոռցնել տուած էր այս ճակատումը: Պուրսայի մէջ ալ կատարուեցան երկու արձանագրութիւններ: Արդարեւ երկու կոլեր արձանագրուեցան եւ հիւրընկալ Թուրքիոյ կազմը յաղթական դուրս եկաւ 2-0 արդիւնքով:
Մրցումը կարեւորութիւն չունէր, նկատի ունենալով որ երկու կազմերն ալ, ոչ մէկ յոյս ունէին աւարտականի հասնելու: Դաշտէն աւելի, հանդիսատեսներուն կիզակէտը՝ պատուոյ բեմահարթակն էր, ուր տեղ գրաւած էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարսգեան եւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլահ Կիւլ, իրենց կողքին ունենալով բարձրաստիճան պատասխանատուներ, որոնց կարգին Եւրոպայի ոտնագնդակի համադաշնակցութեան նախագահ ֆրանսացի նախկին մարզիկ Միշէլ Փլաթինի:
Նշենք թէ քանի մը շաբաթ առաջ, Գանատայի մօտ ՀՀ նախկին դեսպան Արա Պապեան քաղաքական վերլուծումներ կատարելով, յօդուած մը գրած էր.- «3-0 ի նպաստ Թուրքիոյ» վերնագրով: