Կիրակի, Սեպտեմբեր 20, 2009ին, Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, կատարուած պատարագի արարողութենէ ետք, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան լուսաբանական զրոյց-դասախօսութիւն մը, Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու առնչութեամբ:
Օրուայ զրուցախօսն էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան բիւրոյի անդամ ընկ. Հայկ Օշական եւ ներկայ էին տեղւոյն »Ազատամարտ« կոմիտէութեան, Հ.Ե.Դաշնակցութեան եւ քոյր միութիւններու անդամներ:
Օրուայ հանդիսավարն էր »Ազատամարտ« կոմիտէութեան փոխ ատենապետ ընկ. Մայքըլ Պաղտասարեան, որ բեմ հրաւիրեց զրուցախօս, Հ.Յ.Դաշնակցութեան բիւրոյի անդամ ընկ. Հայկ Օշականը:
Խօսքէն ետք, հասարակութեան կողմէ կատարուեցան զանազան հարցադրումներ, որոնց յարգելի զրոյցախօսը տուաւ յստակ լուսաբանութիւններ: Ստորեւ, Հայկ Օշականի խօսքը.-
»Առաջին հերթին ըսեմ, որ մեր ազգին համար ասիկա ամենէն դժուար հանգրուաններէն մէկն է, որովհետեւ մեզի համար Հայաստանի ներկայ վարչակարգի որոշումը համազօր է դաւաճանութեան: Դաւաճանութիւն Ցեղասպանութեան, Ցեղասպանութեան զոհերուն, եւ մնացորդացին: Դժուար է երեւակայել որ մենք այս հիմնական դժուարին ու անըմբռնելի կացութիւնը կը դիմագրաւենք հիմա:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մեծ ճիգ կը տանի այս համաձայնագիրը չէզոքացնելու զորը ունի հիմնական երկու հարցեր:
Առաջին, Հողային ամբողջականութիւն եւ սահմաններու անձեռնմխելութիւն :
Այս բառերը Արցախի ուղղուած ակնարկ մըն է, եւ կը նշանակէ թէ Հայաստան-Թուրքիա պիտի պահանջեն շրջակայ երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Ատրպէյճանը, որուն մէջ կ’ինայ նաեւ Արցախը: Թուրքերը հրապարակաւ, իրենց յայտարարութիւններու մէջ ըսին, որ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը կարեւոր է, եւ ներկայ սահմաններու վաւերացումը վերջնական հաստատումն է սահմաններու որ կը նշանակէ թէ մենք այլեւս որեւէ հողային պահանջք չենք կրնար ներկայացնել: Կը նշանակէ որ Թուրքիա որեւէ հող տալու պատճառ չունի հայերու:
Աշխարհի տարածքին երկու հարիւրէ աւելի երկիրներ սահմանային հարցեր ունին այս հանգրուանին: Օրինակ Չինաստան-Ռուսաստան, Ճափոն-Ռուսաստան, Եւրոպական, Ասիական, Ափրիկեան եւ Միջին Արեւելքի կարք մը սահմանակից երկիրներ, որոնք հողային հարցեր ունին: Նման հողային հարցեր ունեցող պետութիւններ նախ կը յայտարարեն թէ իրարու հետ անհամաձայնութիւն ունին: Այդ երկիրները ընդհանրապէս իրենց սահմանային հարցերը կը ներկայացնեն միջազգային ատեանին որպէսզի քնարկէ իրենց դժուարութիւնը: Երկրորդ, այս համաձայնագրի մէջ արձանագրուած սահմաններու վերջնական հաստատումը ի շահ թուրքիոյ է, եւ ի վնաս Հայաստանի: Ներկայ Հայաստանի սահմանը ստորագրուած է 1921-ին Կարսի համաձայնագրով: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է Թուրքիոյ ըսէ որ այս համաձայնագիրը մենք կը մերժենք որովհետեւ այդ համաձայնագիրը ստորագրուած է Խորհրդային ճնշումի տակ: Հայաստանի կառավարութեան առած այս քայլը մեզի համար բոլորովին անհասկնալի է:
Երրորդ, պատմական հարցերու մասին արխիւներու գիտական քննարկում կատարելը, ենթադրել կու տայ թէ մինչեւ այսօր կատարուած բոլոր տուեալ փաստացի հրատարակութիւնները կ’անտեսուին եւ երկու երկիրները նոր յանձնախումբ պիտի կազմեն քննարկելու Ցեղասպանութիւնը, որ ինքնին միջազգային համայնքին մօտ կասկածանքի տակ կը դնէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Մենք հարց չունինք Ցեղասպանութեան մանրամասնութիւնները քննարկելու, բայց Թուրքիա նախ պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիոյ արխիւները պէտք է բացուին եւ քննարկուին մասնագէտ ու չէզոք պատմաբաններու կողմէ :
Այս պարբերութիւնը ցոյց կու տայ թէ Թուրքիա կրնայ յայտարարել թէ կ’ուսումնասիրէ Ցեղասպանութիւնը, որուն նպատակն է Ցեղասպանութեան ճանաչումը յետաձգել, որպէսզի կարենայ ըսել Եւրոպայի եւ Միացեալ նահանգներու որ մենք միասնաբար կ’ուսումնասիրենք Ցեղասպանութիւնը : Այս պատճառով է որ Օպամայի վարչակարգը այս տարի մերժեց ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը:
Հետեւաբար սոյն համաձայնագրի երեք կարեւոր կէտերը նկատի ունենալով, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եւ զանոնք սրբագրելու համար իր առաջարկները ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան:
Որովհետեւ այս համաձայնագիրը պարբերութիւնները առանց մանրամասն քննարկելու, ի շահ Թուրքիոյ է եւ հապճէպ կերպով պատրաստուած է: Շատ դժուար պիտի ըլլայ երկու անկախ երկիրներու միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը մերժել, որ ստորագրուեցաւ 31 Օգոստոսին:
Հոկտեմբեր 1-ին Հայաստանի մէջ սոյն համաձայնագրի ամբողջութեամբ ժողովրդային ունկնդրութիւն մը տեղի պիտի ունենայ: Հոկտեմբեր 7-9, Մոլտովայի մէջ Արցախի հիմնահարցի հարցով, Սարգսեան եւ Ալիեւ հանդիպում պիտի ունենան: Մեր ունեցած ծանօթութեան համաձայն, սոյն համաձայնագիրը Հոկտեմբեր 13-ին պիտի ստորագրուի զոյգ երկիրներու միջեւ :
Համաձայն Հայաստանի սահմանադրութեան խորհրդարանը պարտաւոր չէ քուէարկելու այս համաձայնագրի վաւերացման, ըստ Հայաստանի սահմանադրութեան, նախագահը իրաւունք ունի ստորագրելու համաձայնագիրը:
Դեկտեմբեր 13-ին Հայաստան-Թուրքիա սահմանները պիտի բացուին, իսկ Դեկտեմբեր 14ին, այս համաձայնագրի կետերուն համաձայն փոխ-կառավարական յանձնախումբերը պիտի կազմուին եւ Յունուար 14-ին առաջին հանդիպումը պիտի կայանայ փոխ կառավարական յանձնախումբերու, իսկ Փետրուար 14-ին Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող յանձնախումբի անդամներ իրար պիտի հանդիպին:
1991ին, Հայաստանի անկախութիւնը ճանչնալու համար Թուրքիա երկու պայմաններ դրաւ Հայաստանի կառավարութեան:
Առաջինը.- Ցեղասպանութիւնը մոռցնել տալ, եւ երկրորդ ընդունիլ ներկայ սահմանները:
1992ին, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարութիւնը մերժեց ստորագրել նման համաձայնագիր: Թուրքիա փորձեց նոյն համաձայնագիրը ստորագրել տալ, Քոչարեանի կառավարութեան օրերուն, որ դարձեալ մերժուեցաւ: Բայց Սարգսեանի կառավարութիւնը կ’ուզէ ստորագրել նեկայացուած համաձայնագիրը:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ինք առանձին չէ, եւ համաձայն չէ համաձայնագրի ստորագրութեան: Կան նաեւ այլ կուսակցութիւններ որոնք կը մերժեն այս համաձայնագիրը: Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պայմանաւորէ եւ կը պահանջէ որ Արցախի հարցը կապուած ըլլայ սահմանային հարցին:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը դէմ է որեւէ ազգային պառակտումին, որովհետեւ այդ պառակտումը միայն ու միայն պիտի ծառայէ Թուրքիոյ շահերուն, մենք մէկ ժողովուրդ եւ մէկ ազգ ենք մէկ հայրենիքով: Բայց դէմ է Սարգսեանի որդեգրած ազգադաւ եւ պարտուողական քաղաքականութեան : Մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնենք մեր Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ չէզոքացնելու Հայ-Թուրք համաձայնագրի ստորագրումը: