Ստորեւ, լոյս կ’ընծայենք Հ.Յ.Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ »Դրօշակ«ի մէկ խմբագրականը, լոյս տեսած Դեկտեմբեր 12, 1982-ին (ԺԳ. Տարի, թիւ 45-46): »Հայկական Արեւելում« վերնագրով այս խմբագրականը, կարելի է բաղդատել ներկայ իրադարձութիւններուն հետ եւ ըստ այնմ քննել ՀՀ ղեկավարութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կիրարկած քաղաքականութիւնը:
***
Քաղաքական բոլոր արեւելումներուն մէջ ամենէն ուղիղ եւ ամենէն իմաստուն արեւելումը անկախ կամ ինքնուրոյն արեւելումն է, կուսակցական, ազգային թէ պետական մակարդակի վրայ: Հայ ազգի պարագային ալ ամենէն արդիւնաւորը, բնականաբար, հայկական արեւելումն է:
Այս է այբենգիմը, որով կը շարահիւսուին կամ կը կառուցուին ազգային, ազատագրական կամ քաղաքական բոլոր միաւորներու եւ շարժումներու կեանքը, պատմութիւնը, ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը:
Քաղաքական վարքագիծ մը, որ իբրեւ նպատակ եւ գործելակերպ, կը մեկնի տուեալ,- մեր պարագային՝ հայ,- ազգի գերագոյն շահերէն, կը զարգանայ այդ շահերու պաշտպանութեան միակ ուղիով եւ կը յանգի,- պէ°տք է յանգի,- նոյն գերագոյն շահերու ապահովման:
Անկախ, ինքնուրոյն, հայկական արեւելումով մտածելը, ապրիլն ու գործելը հիմնական, վճռական նշանակութիւն ունի ոչ միայն քաղաքական կեանքի կամ ազատագրական պայքարի ճակատին վրայ, այլեւ գաղափարաբանական, լեզուա-մշակութային, գիտա-արհեստագիտական, տնտեսական կամ պատմա-փիլիսոփայական մարզերու մէջ հաւասարապէս:
Այնպէս որ անհնար է անկախ արեւելում ունենալ մէկ ճակատի վրայ՝ առանց միւս ճակատի վրայ ինքնուրոյնութեան նուաճումին, որոնք (այդ զոյգ ճակատները) էապէս լրացուցիչ փոխ-պայմանաւորիչ բնոյթ ունին արդէն:
Յստակ է, միւս կողմէ, որ մէկ մարզի մէջ հարկատու ազգերը, պետութիւնները, կուսակցութիւնները կամ շարժումները, կամայ-ակամայ, հարկատու կը մնան նաեւ ա°յլ մարզերու մէջ եւ այս հարկատուութիւնը, մանաւանդ երկար ժամանակի վրայ, ըստ ամենայնի մահաբեր է բոլորին համար անխտիր:
Սակայն, ինչպէս ամէն մարզի մէջ, նաեւ այս ճակատին վրայ բաւական չէ միայն կամենալը, էական է մանաւանդ կարենալը:
Յայտնապէս այս հարցը գոնէ այս ձեւով չէր դրուեր արդէն, եթէ ամէն ազգ սեփական արեւելումով ընթանալ կամենալէ ետք, միաժամանակ նաեւ կարենար այդ վարքագիծը կիրարկել, միանգամայն յաղթահարելով արտաքին բոլոր ճնշումները եւ ներքին բոլոր դժուարութիւնները: Այսինքն՝ յաջողէր տիրապետել առարկայական թէ ենթակայական պայմաններուն:
Բոլոր պայմաններուն մէջ, անկախ արեւելում որդեգրելն ու կիրարկելը սկզբունքային, առանցքային ռազմավարութիւն է, առնուազն իբրեւ ինքնահաստատման կամ ինքնակերտման ձգտումի, իբրեւ սեփական շահերու եւ հարազատ դիմագիծի ապահովման գիտակցութեան եւ իբրեւ սեփական ճակատագիրը սեփական ուժերով տնօրինելու քաղաքական հասունութեան ու կամքի թէ° ցուցանիշ եւ թէ մանաւանդ կողմնացոյց:
Մնաց որ խորքին մէջ ազգի մը կամ ազատագրական շարժումի մը կողմէ օտար արեւելքումի որդեգրումը էապէս հետեւանք է գերազանցօրէն հարկադրական պայմաններու կամ պարզապէս անճարութեան, այսինքն՝ անել կացութեանց մէջ, առ ի չգոյէ այլ փոխընտրութեան, չարեաց փոքրագոյնի ընտրութեան կամ համակերպումի, ակամայ եւ ժամանակաւորապէս միայն:
Առհասարակ պատմութիւնը ծանօթ չէ ազգի մը եւ քաղաքական կամ յեղափոխական կազմակերպութեան մը, շարժումի մը կամ պայքարի մը, որ ծնունդը ըլլայ օտար արեւելումի մը եւ յաջողի գոյատեւել ոեւէ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հակառակը միայն ճիշդ է եւ այս է բնականն ու որոշիչը միանգամայն՝ բոլոր պարագաներուն մէջ:
Արդ, Հայ Յեղափոխականն ալ, իր բոլոր թեւերով, հարազատ ծնունդն էր հայ ժողովուրդի ընկերային ու քաղաքական պայմաններուն եւ անոր դարաւոր ձգտումներուն ու իտէալներուն: Այդ Յեղափոխութիւնը եւ անոր վարիչ կազմակերպութիւնները փաստօրէն աճեցան, ծաւալեցան ու զարգացան գերազանցօրէն հայկական արեւելումի մը ներշնչման եւ մղումին տակ. առաւել կամ նուազ ուժականութեամբ թերեւս, սակայն ընկերային ու քաղաքական համազգային մեր տեսլականներուն բոլորանուէր սպասարկման մէկին առաջադրանքով: Եւ ուրիշ կերպ ալ չէր կրնար ըլլալ, հարկաւ:
Սակայն, հակառակ պատմական այս բացայայտ ճշմարտութեան, ոմանք կը պնդեն, թէ Հայ Յեղափոխութիւնը կանխահաս էր, որովհետեւ հայ ժողովուրդը դեռ պատրաստ չէր ազգային ազատագրական իր պայքարին, այս պատճառով ալ ան բարիքէ աւելի՝ չարիք բերաւ հայութեան: Ուրիշներ կը կարծեն, թէ, ընդհակառակն, Հայ Յեղափոխութիւնը ուշացաւ եւ այս ուշացումին հետեւանքով էր որ լիովին չհասաւ իր նպատակին: Հին պատմութիւն մը, որ սակայն դեռ կը յամենայ մինչեւ այսօր:
Երկու պարագային ալ կը ստացուի այն թիւը տպաւորութիւնը, որ Հայ Յեղափոխութիւնը հայ ժողովուրդի ընկերային ու ազգային իրական պայմաններուն եւ ընդհանրական ձգտումներուն հարազատ արտայայտութիւնը չէր կազմեր, այլ արուեստական բնոյթ ունէր, քանի կանուխ եկաւ կամ ուշ մնաց, կարծես ինչ որ պատմական քմայքով:
Մէկ թէ միւս տեսակէտի պաշտպանները չեն ուզեր անդրադառնալ սակայն, որ յեղափոխութիւնները ապսպրանքով հրապարակ չեն գար կամ ժամադրութեամբ չեն ծնիր, այլ կը հասուննան ընկերային ու քաղաքական առարկայական պայմաններու մէջ եւ կը հպատակին պատմական անխուսափելի հրամայականներու: Ուստի Հայ Յեղափոխութիւնն ալ չէր կրնար բացառութիւն կազմել ընդհանուր կանոնէն:
Աւելի°ն. կարգ մը գրողներ եւ պատմաբաններ, արեւելեան թէ արեւմտեան կողմն հայաշխարհի, առանց խորանալու հարցերու էութեան մէջ, Հայ Յեղափոխութիւնը, մանաւանդ անոր վարիչ կազմակերպութիւնները եւ առանձնապէս Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը մեղադրեն այն մոլորանքով, թէ ճակատագրական սխալը գործեցին Հայ Ազատագրական Շարժումը կամ Հայկական հարցին լուծումը պարագայաբար կապելով օտար արեւելումներու, – օսմանեան, ռուսական, արեւմտաեւրոպական եւայլն, եւայլն:
Դարձեալ կը ստացուի այն տպաւորութիւնը, թէ Հայ Յեղափոխական կուսակցութիւնները եւ մասնաւորաբար Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ազգային, հայկական արեւելում չունէին, այլ կ’առաջնորդուէին օտար արեւելումներով եւ իբրեւ այդպիսին, արջու ծառայութիւն կը մատուցանէին հայ ժողովուրդին՝ էապէս սպասարկելով օտարի շահերուն կամ գործիք դառնալով օտար պետութեանց ձեռքը…
Վերագրո°ւմ մը, որ ճիշդ չէ անշուշտ, անարդար է եւ անհեթեթ է միաժամանակ, ըստ ամենայնի: Եւ չկայ իր անունին արժանի ազգ մը, որ ինք իրեն թոյլ տայ իր ազգային-ազատագրական շարժումը կամ անոր վարիչ կազմակերպութիւնները արատաւորելու այս կամ նման մեղքերով: Այս կանոնէն միակ բացառութիւնը թերեւս մենք ենք եւ այս… »բացառութիւն«ը երբեք մեր պատուին կարելի չէ արձանագրել:
Նոյնքան անպատուաբեր փաստ է նաեւ այն իրողութիւնը, որ ուրիշ շարք մը գրողներ եւ պատմաբաններ, յայս կոյս եւ յայն կոյս հայոց աշխարհի, ճիշդ հակառակ տեսակէտը կը պաշտպանեն եւ, ըստ նպատակայարմարութեան, կը բաժնուին քանի մը թեւերու:
Անոնցմէ ոմանց համաձայն, հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները եւ ամենէն առաջ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պէտք է հետեւէին օսմանեան կամ երիտթրքական քաղաքական արեւելումի, որովհետեւ այդ ձեւով միայն կարելի էր ապահովել հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը եւ սպասել… աւելի բախտաւոր օրերու:
Մինչ անոնք որդեգրեցին ռուսական արեւելում եւ, խորքին մէջ, մեր ռուսասիրութիւնը եղաւ մեր կործանման բուն պատճառը: Հայ ժողովուրդի ճակատագիրը վարող հայ քաղաքական կուսակցութիւնները իրաւունք չունէին չանդրադառնալու այս ճշմարտութեան եւ չնախատեսելու վերահաս վտանգը:
Ուրիշներու կարծիքով քաղաքական միակ իմաստուն արեւելումը ռուսական արեւելումն էր եւ է° նաեւ այսօր, որովհետեւ թրքական մահաբեր վտանգին դէմ միակ շահակից, հետեւաբար՝ նաեւ բարեկամ միակ երկիրը Ռուսաստանն էր եւ է°:
Աւելի ուրիշներ այն պնդումը կ’ընեն, թէ հայ ժողովուրդի փրկութիւնը արեւմտեան արեւելումի մէջ է համաթուրանական վտանգին կամ ռուսական ազգակուլ ծաւալապաշտութեան դէմ եւայլն, եւայլն:
Հակասութեանց այս թնճուկը, ըստ էութեան, քաղաքական անելի մը եւ այդ անելին հետեւանք տագնապի մը ծնունդն է, անտարակոյս եւ կը ծառայէ միայն նորանոր շփոթներ առաջացնելու հայ հանրային կարծիքի հորիզոնին վրայ:
Սակայն հայ քաղաքական միտքը շատոնց արդէն կտրած-անցած է զարգացման իր այս փուլը եւ յաղթահարած կամ փարատած է այս շփոթը, հակառա°կ այն անելին, որուն մատնուած է Հայկական հարցին կամ Հայ Դատին լուծումը՝ առանձնապէս արտաքին գերազանց ուժերու ճնշման տակ:
Միեւնոյն արտաքին ուժերն են, որ կը հրահրեն այս հակասութիւնները եւ կը ջանան խորացնել այս շփոթը հայ հանրային կարծիքին մէջ, որպէսզի այդ ճամբով յաջողին ջլատել հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի կամքը, քաղաքական եւ յեղափոխական գիտակցութիւնն ու ուժականութիւնը՝ Հայ Դատի հետապնդման ճանապարհին:
Հայ ժողովուրդին համար, բոլոր համեմատութիւնները պահելով, Հայ Յեղափոխական գերագոյն առաջին բարիքը այն անփոխարինելի, անխախտելի եւ անժամանցելի պատգամն է, ըստ որուն հայութեան փրկութիւնը իր ազգային անկախ կամ ինքնուրոյն արեւելումին մէջ է, ոչ միայն ընկերային ու քաղաքական, այլեւ իմացական ու մշակութային կրկնա°կ ճակատներու վրայ:
Գերազանցօրէն հայկական իր արեւելումին եւ այդ արեւելումին կենսագործման ճամբուն վրայ՝ հաւաքական իր ուժին ու ուժականութեան յարատեւ աճման մէջ, ինքնակերտման ու ինքնազօրացման սխրանքին մէջ:
Կամենալը կարենալու եւ կամեցողութիւնը կարողութեան վերածելու արուեստին մէջ:
Հայկեան առասպելական նետին պէս՝ անդարձօրէն եւ անշեղօրէն դէպի իր յաւերժական թիրախը խոյանալու աննահանջ վճռակամութեան մէջ: