ՓԱ­ՐԻԶ.- ՇԱՐ­ԹԻ ԳՈՐ­ԾԵ­ՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐ­ՈՒԱԾ ՑՈՒ­ՑԱ­ՀԱՆ­ԴԷՍ

0 0
Read Time:8 Minute, 3 Second

p8-9 shart  Գրե­թէ երեք տա­րի առաջ, Յուն­ուար 12, 2011-ին, մա­հա­ցած էր հան­րա­ծա­նօթ նկա­րիչ Սերժ Շար­թը, 83 տա­րե­կա­նին եւ այդ ալ վրձի­նը ձեռ­քին, աշ­խա­տան­քի պա­հուն: “Կար­միր Ջա­ղացք“ գոր­ծը վրձնա­հա­րե­լու ժա­մա­նակ, ան հրա­ժեշտ առաւ աշ­խար­հէն:

Ձախէն աջ` Տոմէնիք Թիպէրի, Փաթրիք Շարթ, Շարլ Ազնաւուր, Մարի Շարթ, Այտա Ազնաւուր, Ռաֆֆի Շարթ եւ Նիքոլա Ազնաւուր
Ձախէն աջ` Տոմէնիք Թիպէրի, Փաթրիք Շարթ, Շարլ Ազնաւուր, Մարի Շարթ,
Այտա Ազնաւուր, Ռաֆֆի Շարթ եւ Նիքոլա Ազնաւուր

Ի յի­շա­տակ, հան­րա­ծա­նօթ ար­ուես­տա­գէ­տին, լոյ­սե­րու քա­ղա­քի հին­գե­րորդ թա­ղաշր­ջա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս, հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Շար­թի գոր­ծե­րու յե­տա­հայ­եաց ցու­ցա­հան­դէ­սին: Ներ­կայ էին թա­ղա­պետ Ժան Թի­պէ­րի, Շար­թի այ­րին (Մա­րի Կառ­վա­րենց` Գէ­որ­գի զա­ւա­կը)  եւ զա­ւակ­նե­րը, Շարլ Ազ­նա­ւուր եւ հան­րա­ծանօթ բազ­մա­թիւ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ: Ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ, անց­եալ Նո­յեմ­բեր աւար­տին եւ ու­նե­ցաւ եր­կու շաբթ­ուայ տե­ւո­ղու­թիւն:

Ծնած 1927-ին` Պէյ­րութ, տեղ­ւոյն Էշ­րեֆիէ թա­ղա­մա­սին Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ վար­ժա­րա­նի աշա­կերտ, ան փոքր տա­րի­քէն իսկ յա­տուկ տկա­րու­թիւն ու­նե­ցած է ար­ուես­տին, վրձի­նին ու գոյ­նին հան­դէպ: Նախ­քան ար­ուես­տի աշ­խարհ մուտք գոր­ծե­լը, ան աշ­խա­տած է քար­տէ­սա­գի­տա­կան ըն­կե­րու­թեան մը մօտ, բծախնդ­րօ­րէն կա­տա­րե­լով, իր պար­տա­կա­նու­թիւնը:

Ազնաւուր` Փաթրիք Շարթի հետ ...
Ազնաւուր` Փաթրիք Շարթի հետ …

Այս­պի­սի ցիր­քե­րու տէր, Սար­գիս Յա­րու­թիւն­եա­նին, կը մնար մեկ­նիլ լոյ­սե­րու քա­ղաք ու մուտք գոր­ծել ար­ուես­տի բնա­գա­ւառ, իբ­րեւ Շարթ: Ինչ­պէ՞ս եւ ին­չո՞ւ այս ծած­կա­նու­նը: Լա­տի­նե­րէն գրու­թեամբ երբ մի­աց­նենք իր անու­նին առա­ջին տառն ու մա­կա­նու­նին առա­ջին չորս տա­ռե­րը, այ­սինքն S-ն ու HART-ը, այդ պա­րա­գա­յին, ըն­թեր­ցո­ղին հա­մար յստակ կ՛ըլ­լայ Շարթ (Shart) ան­ուան ծննդո­ցը:

Շարթ, անդ­րա­նիկ  ցու­ցա­հան­դէ­սը կա­տա­րած է 1952-ին, ապա շատ աւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի ցու­ցա­հան­դէս մը տուած է Փա­րի­զի մէջ` 1955-ին:

Հոն, Շարթ մաս կազ­մած է ան­կախ նկա­րիչ­նե­րու խմբա­կին եւ այդ օրե­րուն, ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու մաս­նակ­ցած է է Գրի­գոր Համ­բար­ձում­եա­նի “Կա­լե­րի Ֆրա­մոն“-ին մէջ:

Շարթ կը նկատ­ուի Փա­րի­զի դպրո­ցի ընտ­րանիի  ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը, որուն մաս կազ­մած են  նա­եւ Գառ­զու, Ժան­սէմ, Լե­ւոն Թիւ­թիւնճ­եան  եւ այլ ար­ուես­տա­գէտ­ներ:

Կ՛ըմբոշխնէ իր դիմանկարը
Կ՛ըմբոշխնէ իր դիմանկարը

Գե­ղան­կար­չու­թեան խորհր­դա­պաշտ դպրո­ցին կը պատ­կա­նի Շարթ. ար­ուես­տի որոշ քննա­դատ­ներ նոյ­նիսկ զինք հա­մե­մա­տած են  Սե­զա­նի հետ: Նկա­րագ­րով ու ապ­րե­լա­կեր­պով հա­մե­մա­տա­բար համ­բե­րա­տար ու չա­փա­ւո­րա­կան, անոր վրձի­նը հե­ռու կը մնայ վե­րա­ցա­կա­նէն եւ շատ աւե­լի մօտ է խորհր­դա­պաշտ դպրո­ցին: Այս գծով, առ­հա­սա­րակ, իր վրայ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած են հա­մաշ­խար­հա­յին գե­ղան­կար­չու­թեան բո­լոր մե­ծե­րը, բո­լոր ձեռք­բե­րում­նե­րը` պար­զէն ամէ­նէն աւե­լի բար­դը, գեր­դա­սա­կա­նէն գե­րար­դի ար­ուես­տը: Գրե­թէ տաս գիրք եւ ալ­պոմ­ներ հրա­տա­րակ­ուած են Շար­թի  գոր­ծե­րուն եւ կեան­քին մա­սին:

Շար­թի նկար­նե­րուն մէջ խորհր­դան­շա­կան տեղ  ու­նի անիւը, որ շա­րու­նակ կը դառ­նայ: Փայ­տա­շէն է անիւը անոր նկար­նե­րուն մէջ. գու­ցէ ատի­կա իր նախ­նի­նե­րը տե­ղէ տեղ փո­խադ­րող  սայ­լի կամ կառ­քի անի՞ւն է, կամ ալ ար­ուես­տա­գէ­տը իր ան­դա­դար պտոյտ­նե­րուն  հե՞տ­քը գծած է այդ անիւին մի­ջո­ցով: Հա­ւա­նա­բար, նա­եւ պան­դուխտ հա­յու ճա­կա­տա­գիր ու­նի այդ անիւը, նա­եւ նա­ւը:

Միջերկրականեան տեսարան
Միջերկրականեան տեսարան

Ան ջրանցք­նե­րու, կա­մուրջ­նե­րու,  գե­տե­րու եւ ջրու­ղի­նե­րու քով նա­եւ բազ­միցս նա­ւեր գծած է. նա­ւը  նոյն­պէս իր տա­րա­գիր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ճա­կա­տագ­րին մէջ մեծ դեր ու­նե­ցած էր իբրեւ փո­խադ­րա­կան մի­ջոց, որ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր հաս­ցուց օտար ափեր, միւս կող­մէն` նա­եւ խորհր­դա­նիշ ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան, որուն սի­րա­հարն էր ինք` Շարթ: Իսկ եթէ աւե­լի պե­ղենք Շար­թին  կեն­սագ­րու­թիւնը, ապա կը տես­նենք, որ նա­ւուն մէջ Շարթ հան­դի­պած է իր կնոջ: Ար­դա­րեւ, 1952ին, երբ ան իր անդ­րա­նիկ ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պե­լէ ետք, կը վե­րա­դառ­նար Պէյ­րութ, զինք փո­խաղ­րող նա­ւուն մէջ, կար նա­եւ հան­րա­ծա­նօթ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի անձ­նա­կազ­մը, որոնց կար­գին Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայ­լեր­գը յօ­րի­նած Գէ­որգ Կառ­վա­րեն­ցի զա­ւակ­նե­րը` Մա­րի եւ Ժորժ: Այս վեր­ջի­նը, պատ­րաս­տած էր Ազ­նա­ւու­րի եր­գե­րուն մեծ մա­սը, իսկ Մա­րին` այս­պէս պա­տահ­մամբ ու պարզ զու­գա­դի­պու­թեամբ հան­դի­պած էր Շար­թին, որ յե­տա­գա­յին եղաւ իր ան­բա­ժա­նե­լի կո­ղա­կի­ցը:

Պէյրութի Այն Մրէյսէն... յիսունականներուն
Պէյրութի Այն Մրէյսէն… յիսունականներուն

Այս­պէս, հսկա­յա­կան կա­մուրջ­ներ, ջրանցք­ներ, ծխա­մորճ եւ գլ­խարկ­նե­րով տղաք  եւ նուրբ ու զգա­յա­կան դի­մագ­ծե­րով աղ­ջիկ­ներ, մեծ քա­ղա­քի բնա­պատ­կեր­ներ, մոխ­րա­գոյն եւ կրա­կա­գոյն տա­նիք­ներ, նա­թիւր մոր­թեր եւ այլն: Շար­թի ար­ուես­տի գոր­ծը կա­տար­եալ է իր ամ­բող­ջու­թեան մէջ: Ան­շուշտ ար­ուես­տի եւ յատ­կա­պէս գե­ղան­կար­չու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս, ակն­դիրն է որ իր ակ­նո­ցով եւ իր վեր­լու­ծում­նե­րով, կրնայ իր ամ­բող­ջա­կան եւ ման­րա­մասն վեր­լու­ծում­նե­րը կա­տա­րել եւ յան­գիլ որո­շու­մի:

Շարթ, շնոր­հիւ իր որ­դեգ­րած եւ նա­խա­սի­րած ոճին, վստա­հա­բար եր­բեք չէ մտա­ծած, թէ իր ներ­կա­յաց­նե­լի­քը ըն­դու­նե­լի պի­տի ըլ­լայ ընդ­հան­րա­պէս բազ­մա­թիւ դէ­տե­րու հա­մար, ըլ­լան անոնք մաս­նա­գի­տա­ցած կամ պար­զա­պէս սի­րո­ղա­կան:

Էջմիածին
Էջմիածին

Երգ­չու­հի Մա­րի Կառ­վա­րեն­ցի եւ գծագ­րող  Շար­թի զոյ­գի հո­վանի­ին տակ, եր­կու  զա­ւակ­նե­րը` Փաթ­րիք եւ Րաֆ­ֆի, բնա­կա­նա­բար հե­ռու չէ­ին կրնար մնալ ար­ուես­տի աշ­խար­հէն: Գծագ­րիչ, ար­տադ­րիչ, երա­ժիշտ եւ կարգ մը մաս­նա­գի­տու­թիւն­ներ եւ բազ­մա­թիւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ու­նի Շար­թի աւագ որ­դին` Փաթ­րի­քը: Իսկ կրտսեր որ­դին` Րաֆ­ֆին, Ֆրան­սա­յի եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ ճանչց­ուած բե­մադ­րիչ եւ թա­տե­րա­գիր է: Հա­յե­րէնն ու հայ­կա­կա­նու­թիւնն իր մէջ եկած են ըն­տա­նի­քէն, մա­նա­ւանդ` հօր կող­մէ որ­դի­նե­րու մէջ սեր­մա­նած ար­ժէք­նե­րէն, սա­կայն ինը տա­րի Մխի­թար­եան մի­ա­բա­նու­թեան մէջ ու­սումն ալ առանձ­նա­կի նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցած է Րաֆ­ֆի Շար­թին հա­մար. հա­յե­րէ­նը իր սրտին խօ­սող լե­զուն է:

Շար­թը ամ­րօ­րէն կապ­ուած  էր Հա­յաս­տա­նին, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով, ան կը խօ­սէր հայ­րե­նի­քի, անոր  հարս­տու­թիւն­նե­րուն, մշա­կոյ­թին, պատ­մու­թեան մա­սին, եւ այ­ցե­լե­լով Հա­յաս­տան` պատ­րաս­տած է հրա­շա­լի բնա­պատ­կեր­ներ, որոնց կար­գին Էջմ­ի­ա­ծի­նի վան­քը: Այս­պէս Լի­բա­նան, Հա­յաս­տան եւ Ֆրան­սա. եղան այդ երեք եր­կիր­նե­րը, որոնք մաս կազ­մե­ցին իր էու­թեան‘ ամ­բող­ջաց­նե­լով Շար­թը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles