ՆՇՄԱՐ.- ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ

1 0
Read Time:2 Minute, 48 Second


sm1sm2   

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Յունուար 8, 2014

 

      Մանուկներու եւ կրտսեր պատանիներու համար, հանելուկ լուծելը հաճելի ժամանց է:

          Որոշ տարիքէ մը ետք, հանելուկները նոյնքան հետաքրքրական ու շահագրգռող չեն ըլլար: Այդ պատճառով է, հաւանաբար, որ Աստուած ստեղծած է թերամիտ քաղաքական մարդիկը, որպէսզի տիրական դառնան աշխարհի քաղաքական բեմին ու զայն “հարստացնեն“ ճատրակի խնդիրներու նման այլօրինակ հանելուկներով. այն տարբերութեամբ, որ եթէմանկական հանելուկներն ու ճատրակի խնդիրները  կը նպաստեն միտքի ու դիտարկումի զարգացման, քաղաքական հանելուկները բացարձակ մեծամասնութեամբ կործանարար ու ողբերգական հետեւանքներ կ՛ունենան:

Թուենք ժամանակակից եւ իրարու առնչուող քանի մը հանելուկներ, պատասխաններ գտնելու պարտականութիւնը ձգելով ընթրեցողներուն:

Ա.- Իրաքի մէջ, Սատտամ Հիւսէյնը դատապարտող ու կախաղան հանող արեւմուտքցի “մարդասէրներ“ը ստեղծեցին կացութիւն, որ լայն ասպարէզ բացաւ ծայրայեղական ուժերու յելուզակութիւններուն առջեւ: Այսօրուան Պաղտատի իշխանաւորները կը ճգնին հակակշիռի ենթարկել Արեւմուտքի իրենց հովանաւորներուն կողմէ ատելի հռչակուած կրօնամոլ տարրերը, որոնք ամէն օր մահ կը սփռեն ռմբահարումներով ու զինուորական աւելի յանդուգն գործողութիւններով (Ֆալուճայի գրաւումը, օրինակի համար): Ուաշինկթըն կը խոստանայ օժանդակութիւն տրամադրել այսօրուան Պաղտատին, ընդդէմ “Քայիտա“ի ու անոր դաշնակիցներուն (եկէք, չարծարծենք այն հանելուկը, թէ այդ խմբաւորումները ո՛վ ստեղծեց), եւ սակայն, արիւնալի ողբերգութիւնը կը շարունակուի յարաճուն թափով:

Բ.- Նոյն տպարանէն լոյս տեսած ընդդիմադիրներ մահ ու աւեր կը սփռեն Սուրիոյ մէջ, սակայն քաջալերանք նոյն այն ուժերէն, որոնք Իրաքի մէջ մահացու պայքար հռչակած են ծայրայեղականներւն դէմ: (Հանելուկը սկսաւ պարզուելու տեղ բարդանալ, չէ՞…):

Յանուն ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու…
Յանուն ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու…

Կրօնամոլ ծայրայեղականներ, որոնք Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն հետ զինակցած էին իշխանափոխութիւն յառաջ բերելու նպատակով, քանի մը մեծ բեկորներու վերածուած են ու զիրար կը ջարդեն, կ՛աշխատին զիրար չէզոքացնել, առանց հրաժարելու անմեղ քաղաքացիներու դէմ ոճրային վազքէն: Ժընեւ-2ը սկսած է կորսուիլ այս հանելուկային վիճակին մէջ, որովհետեւ հանելուկը ստեղծողներն իսկ յայտնապէս անկարող դարձած են հակակշիռի տակ բերելու իրենց ստեղծած վիճակը: (Յայտնապէս բառը չգործածեցինք պատահականկերպով…)

Գ.- Եգիպտոսի մէջ, հանելուկը կտրեց քանի մը հանգրուան եւ աչքերը սեւեռած է նոր… “փապուղիներու“: Չա՛ր ու բռնապետ հռչակուած Մուպարաքը նախ ոգի ի բռին պաշտպանող Ուաշինկթըն եւ գործակիցներ շուտով կանգնեցան Մուպարաքը տապաելող Մուրսիի կողքին, հրապարակ նետելով ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու մասին նշանախօսքեր: Տարի մը ետք, հանելուկը աւելի բարդացաւ, երբ Մուրսի տապալեցաւ ու այսօր կը կանգնի դատարանի սեմին: Ո՞վ որո՞ւ կողքին է, ո՞վ զո՛վ կը պաշտպանէ` այդքան ալ յստակ չէ, թէեւ… զէնքի առեւտուրը նոր ուղիներ կը գտնէ:

Դ.- Հարաւային Սուտանը, անկախութեան երրորդ տարին չամբողջացուցած, ինկած է քաղաքացիական արիւնալի պատերազմի մը գիրկը: Հոն, կրօնական ծայրայեղականութեան պատճառաբանութիւնը չ՛արծարծուիր, այլ կը խօսուի ցեղախմբային մրցակցութիւններու լեզուով:

Ե.- Լիբանանի մէջ փորձ կը կատարուի 15-ամեայ պատերազմին պատճառ դարձող հանելուկները վերստին հրամցնել շատ բան չլուծած երկրին ու ժողովուրդին: Հաւանաբար հանելուկները ստեղծողները կը վստահին այն իրողութեան, որ պատերազմի աւարտէն ասդին հասակ առած է սերունդ մը, որ չի գիտեր պատերազմին ահաւորութիւնը եւ պատրաստ է ներգրաւուելու այժմէական հանելուկներու դաշտին մէջ: Վճարողներ ու վարձկաններ միշտ ալ կարելի է գտնել նման հանելուկներ խաղալու համար:

Զ.- Ռուսական քաղաքներ դարձեալ բեմ կը դառնան ծայրայեղականներու ոճրային ռմբահարումներուն: Մոսկուա կը փորձէ կարծր կեցուածք ցուցաբերել, ան ալ շուարումի մատնուած է ու չի կրնար լուծել Արեւմուտքին հետ գործակի՞ց թէ մրցակից խաղալու հանելուկը…

Է.- Հայաստանի մէ՞ջ… Հոն հանելուկները տարբեր դիմագիծ կը կրեն, բարեբախտաբար չունին արիւնալի դրսեւորումներ, թէեւ ըստ էութեան գլխաւոր աղբիւրներէն շատ ալ հեռու չեն:

Ահաւոր վնասներ պատճառող այս հանելուկները վստահաբար ջուր կը խմեն նոյն աղբիւրէն, որ կը բխի մարդկայնութիւնը ամենաբիրտ կերպով ոտնակոխ ընող շահամոլներու խաղերէն: Հանելուկները բեմ կը հանուին համայնքային, ցեղախմբային, ու հազար ու մէկ մաշած ժամանակավրէպ դարձած զգեստներով, շնորհիւ վարպետ… դերձակներու:

Ու մեծագոյն հանելուկը կը մնայ հետեւեալը. մարդիկ մինչեւ ե՞րբ կրնան համբերել, հանդուրժել, ու բռնադատուիլ անտարբերութեան…

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles