Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7-ին, Տիթրոյթի Լիվոնիա շրջանի “Էմպըսի“ պանդոկի սրահին մէջ, յատուկ հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի 123-ամեակը:
Նախքան ընթրիքն ու պարահանդէսը, տեղի ունեցաւ տէրունական աղօթք, մասնակցութեամբ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ` Հրանդ Քհնյ. Գէորգեանի, Հայր Անտոն Ադամեանի եւ պատուելի Դոկտ. Շահան Թութիկեանի եւ ապա բանախօսութիւն: Հանդիսութիւնը բացուած յայտարարեց Ալիծ Օշականը, որ հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմը, կատարելու տողանցք եւ դրօշակի արարողութիւն: Ապա հնչեցին Հայաստանի եւ Ա.Մ.Ն.-ի քայլերգները, երգեղոցութեամբ Արաքսի Թոսունեանի, Թամար Չենկելեանի եւ Նայիրի Գարմանի:
Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ շրջանի “Ազատամարտ“ Կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Ուրլեանը, որ անգլերէն լեզուով խօսք առնելով, յայտնեց թէ փոխանակ մտահոգուելու ներկայի հարցերով, պէտք է անյապաղ ծրագրել ապագան եւ ձեռքբերել` պահանջուած արդիւնքները: Ան շեշտեց թէ ամէն տարի պէտք է ճշդել, առարկայականօրէն, թէ որքա՜ն իրագործուած են նպատակներ: Ան աւելցուց թէ, իւրաքանչիւր տարեդարձի պէտք է վերանայիլ եւ գնահատել կատարուած ընդհանուր գործը, եւ ապա վերստին շարունակել գործը: Ուրլեան նաեւ աւելցուց թէ երկարաժամկէտ առաջադրանքներով պէտք է վարել առօրեայ գործունէութիւնը, եւ ամէնէն պարզ աշխատանքն ալ պէտք է ծառայէ այս երկարաժամկէտ ծրագրի յաջողութեան: “Մենք չենք կրնար անջատ մնալ դարուս զարգացումներէն: Ներկայիս պէտք է գիտակցինք, թէ գործը վարելու եւ կատարելու մեր մօտեցումը պէտք է արհեստավարժ դարձնել: Արհեստավարժութիւնը պէտք չէ շփոթել արհեստագիտութեան կամ համալսարանական մասնագիտացաման հետ:
“Գործին հանդէպ մեր մօտեցումի փոփոխութեան ընդունակութեամբ է, որ պիտի կարենանք քայլ պահել միջազգային հանրութեան արագընթաց զարգացումներուն հետ“:
Օրուան բանախօսն էր Անդրանիկ Գասպարեան, որ երկու լեզուներով, փոխանցեց թէ Հ.Յ.Դ.-ի նպատակը յստակ է սփիւռքին վերաբերեալ.- “Մնալ հզօր եւ քաջալերել հայրենադարձութիւնը: Այդ նպատակին ուղղող նախապայմանը կը թուի ըլլալ ներկայի Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը: Կը հաւատանք, որ մեր երկրի պետականութեան հզօրացմամբ, կարելի պիտի ըլլայ ոչ միայն հայրենի բնակչութեան քանակական եւ որակական զարգացումը, այլեւ նաեւ` սփիւռքի հայրենադարձութեան նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումը: Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ պէտք է գործել, եւ այս մէկը կ՛ենթադրէ հիմնականին մէջ տնտեսական զարգացում, ընկերային եւ մարդկային իրաւունքներու հաստատում եւ ժողովրդավարական կարգերով քաղաքական առողջ ղեկավարութեան ձեւաւորում: Այսպէս, առարկայական ակնոցով ու քննական առողջ մտքով մօտենանք, որովհետեւ, բազմիցս կը թուի, թէ մեր անձնական թէ հաւաքական առօրեայ կեանքին մէջ, մեր հարցերու բազմութեամբ, այլազանութեան ու զանազանութեան մէջ, երբեմն կը մոռնանք նպատակը“, ըսաւ ան եւ եզրակացուց թէ հայկական հարցը բազմերես է, լուծումն ալ` բազմակողմանի: Իսկ սփիւռքի գոյատեւումը, եթէ նոյնիսկ որոշ հարցերու լուծումը կը դիւրացնէ, ինչպէս, օրինակ միջազգային քաղաքական գործունէութեամբ ու Հայաստանի տնտեսական ու մասնագիտացած մարդուժի հայթայթումով, միւս կողմէն` կը յառաջացնէ այլ հարցեր, որոնք կրնան ժամանակի ընթացքին անդառնալի հետեւանքներու յանգիլ, ինչպիսիք են` ձուլումը ինքնութեան կորուստն ու ընդհանուր կազմակերպական թուլութիւնը:
Օրուան դասախօսական բաժինը աւարտեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի քայլերգ` “Մշակ Բանուոր“ի երգեցողութեամբ: Ապա Թորոս Պարտաքճեան բեմ հրաւիրեց օրուան երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը, որ մինչեւ առաջին ժամերը, շարունակ խանդավառեց ներկաները:
ԹՂԹԱԿԻՑ