Ցեղասպանութեան 100ամեակը բնականաբար իր վրայ կեդրոնացուցած է հայութեան հեւքն ու ուշադրութիւնը, շարժման մէջ դրած է պետական, քաղաքական, կրօնական, եւ մշակութային (իր ամէնէն լայն շրջագիծով, ներառեալ պատմաբանները, օրէնսգէտներն ու իրաւագէտները) բոլոր ղեկավարութիւնները, որոնց գումարը կը կոչենք ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻՏՔ:
Երբ կը խօսինք Ցեղասպանութեան մասին, նկատի չենք ունենար միայն Թուրքիոյ պետութեան կողմէ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդը եւ բազմահարիւր հազարաւոր ուրիշներու բռնի տեղահանումը, այլ մեր քաղաքական մտածողութեան մէջ արդէն բիւրեղացած է, թէ մեր Դատը ԱՐԴԱՐ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ հարց է, հատուցում` կորսուած կեանքերու եւ ստացուածքներու դիմաց, վերադարձ` հայապատկան հողերու, երաշխաւորում` մեր ամբողջական հայրենիքին ու անոր վրայ ապրող ժողովուրդին ապահովութեան ու բնական ապրելակերպին, վերջնական փարատում` ցեղասպանական որեւէ սպառնալիքի, պատմական տխուր եւ ողբերգական դէպքերու կրկնութեան հաւանականութեան:
Արձանագրենք, որ մեր արդար իրաւունքներուն մասին մեր պահանջները չեն ծնած միայն 1915ին սկզբնաւորուած ծանօթ դէպքերով, այլ կ՛երկարաձգուին անկէ տասնամեակներ առաջ, իսկ հետքերը կը հասնին մինչեւ այսօր: Եթէ իրաւատէրը կը կոչուի Հայաստան ու Հայ ժողովուրդ, իրաւազրկողները հիմնականին մէջ երկուք են. Թուրքիա եւ Ատրպէյճան (չենք անտեսեր Ջաւախքի պարագան):
Մեզի հանդէպ անիրաւութիւնը եթէ ունի իր պատմութիւնը, ունի նաեւ իր աշխարհագրութիւնը: Պատմութիւնը աւելի ազդու ներկայութիւն է մեր հետապնդումներուն մէջ, իսկ աշխարհագրութիւնը երբեմն չի ներկայանար իր ամբողջական պատկերով, թէեւ ոչ մէկ հայու միտքին մէջ կասկած կայ այդ մասին:
***
Պահ մը առանձնացնենք մեր Դատին աշխարհագրական տարածքը, եւ տեսնենք, թէ անոր ո՞ր երեսները աւելի՛ տիրական ներկայութիւն են մեր քաղաքական ու տեղեկատուական հետապնդումներուն մէջ, եւ ո՞ր բաժինները հարկադրաբար դուրս ինկած են լուսարձակներէն:
Ճամբորդենք արեւելքէն դէպի արեւմուտք:
Հայաստանի պետական իշխանութիւնները աւելի քան 20 տարիէ ի վեր կլանուած են Ատրպէյճանի հետ ծանօթ բանակցութիւններուն մէջ, որոնք կը հովանաւորուին միջազգային միջնորդներու կողմէ: Արցախի անկախութեան եւ անվտանգութեան պահպանումը մեզի` հայկական կողմին համար վիճելի կամ սակարկելի հարց չէ. այս տարածքին մէջ, քիչ կը խօսուի մեզմէ խլուած հողամասերուն` Գետաշէնի, Շահումեանի ու սահմանային այլ հողամասերու մասին, սակայն կարելի չէ մոռնալ, որ բռնագրաւեալ այդ հողերը մաս կը կազմեն մեր Դատի աշխարհագրութեան:
Ատրպէյճանի հետ մեր Դատի աշխարհագրական երկրորդ տարածքը` Նախիջեւանն է. անհրաժեշտ չէ վերադառնալ պատմական ճշմարտութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արցախեան Պայքարի շղթայազերծումէն ետք այդ հողամասին վիճակուած տարբեր ողբերգութիւններուն, սկսելով շրջանի ամբողջական հայաթափումէն մինչեւ մշակութային հետքերու ոչնչացման ծանօթ արարքները: Պաքուի իշխանութեանց կողմէ նման սադրանքներ չեն կրնար եղծել պատմական իրականութիւնները, որոնք կ՛ապացուցեն, որ Նախիջեւանը եղած է հայկական, մեր իրաւունքներուն հաստատման ճամբով ալ պիտի վերադառնայ իրաւատիրոջ` Հայ ժողովուրդին:
Ցեղասպանութեան 100ամեակը առաւելաբար լուսարձակները կեդրոնացուցած է մեր Դատի աշխարհագրութեան Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն վրայ: Կարսէն մինչեւ Վան ու Արարատ, Ուիլսընեան սահմաններու փաստագրումով ու Սեւրի դաշնագիրին պայմաններուն հետամտութեամբ, արդար հատուցման մեր պահանջը գէթ մեզի համար վիճելի կամ անորոշ բաներ չունի. մինչեւ իսկ կարգ մը թուրք պատմաբաններ ու շրջանի բնիկներ սկսած են աւելի յանդուգն կերպով արտայայտուիլ պատմական ոճիրին ու ահաւոր իրաւազրկումին մասին, նշոյլներ կ՛ուրուագծուին մեր իրաւունքներուն ճանաչման իմաստով: Ճիշդ է, այս տարածքը ներկայիս գործնական աշխատանքներ չի ներգրաւեր (իսկ ծանօթ փրոթոքոլները մեր իրաւատիրութեան ներհակ գիծ կը կազմեն), սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան կորուստէն ետք, տասնամեակներ շարունակ այդ հողերը բանակցութեան նիւթ էին Հայաստանի ժառանգորդ ներկայացուցիչներուն կողմէ, իսկ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, անոնց »շուքը“ մնայուն ներկայութիւն էր հայութեան մղած քաղաքական թէ զինեալ պայքարներուն ազդեցութեան բերումով:
***
Կայ հողամաս մը, որուն համար նոյնքան ուժեղ պահանջատիրութեամբ չենք ներկայանար Թուրքիոյ ու աշխարհին, թէեւ անոր մասին մեր իրաւունքները ունին նո՛յն հիմքերը, որոնք կը հաստատեն Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ մեր պահանջատիրութիւնը:
Այդ հողամասը Կիլիկիան է, հայապատկան գօտի մը, որ Կիլիկիոյ պարպումէն ասդին, այսինքն` 1920ական տարիներէն ի վեր, միայն մասնակի յիշատակութեան կ՛արժանանայ մեր կողմէ. այս հողամասը կը յիշենք 20ական տարիներու անմոռանալի հերոսամարտերուն շնորհիւ: Մինչդեռ, Ցեղասպանութեան ու հայկական հողերու բռնագրաւման յաջորդող տարիներուն, Կիլիկիոյ նկատմամբ մեր կեցուածքը աւելի՛ գործօն էր, Կիլիկիան ու անոր իրաւազրկուած բնակչութիւնը իրենց տեղը ունէին մեր Դատի աշխարհագրութեան մէջ, յետոյ, այս երեսը լուսանցքայնացուեցաւ մեր կամքէն անկախ պատճառներով:
Գրգռենք մեր յիշողութիւնն ու պատմութեան էջերը, հիմնաւորելու համար Կիլիկիոյ մասին հայութեան իրաւատիրութիւնը:
Պատմականօրէն, Կիլիկիան հայապատկան եղած է 1915ը կանխող աւելի քան տասը դարերուն: Պատմութեան մէջ Կիլիկիա անունով ու որոշ չափով` ծանօթ սահմաններով ճանչցուած հողամասը հայկական եղած է բաւական կանուխէն, շրջանին մէջ հայկական իշխանութիւն հաստատուելէն առաջ ալ, իսկ Փիլարտոսէն ետք Ռուբինեաններու իշխանութիւնը վերջնական կնիք դրած է հայկական Կիլիկիոյ վրայ: Ծովափնեայ եւ լեռնային Կիլիկիան հայկական մնացած է մեր անկախ իշխանութեան կորուստէն ետք ալ, ինչպէս էր պարագան պատմական Հայաստանին: Այս շրջանի հայութիւնն ալ կրած է թրքական բռնատիրութեան ամբողջ ծանրութիւնը, քիչ մըն ալ աւելի. Կիլիկիոյ հայութեան մինչեւ իսկ սեփական լեզուի գործածութիւնը արգիլուած էր դառնագոյն դարաշրջաններուն, հետեւաբար` կիլիկեցիք մեծ մասամբ դարձած են թրքախօս, առանց սակայն նահանջելու հայկական իրենց պատկանելիութենէն: Ցեղասպանութեան նախընթաց տարիներուն, համիտեան տասնամեակներէն մինչեւ իթթիհատականներու ջարդերը` Ատանայի, Զէյթունի եւ շրջակայքին մէջ, Կիլիկիոյ հայութիւնը մատնուած է նոյն ճակատագիրին, որուն ենթակայ էին Սասունը, Մուշն ու Վանը` բուն Հայաստանի մէջ: Կիլիկեցիք ալ կրեցին Ցեղասպանութեան արհաւիրքները` ջարդ, բռնագաղթ (երկու հանգրուանով. երկրորդը` 1920ին, հերոսական ինքնապաշտպանութիւններու յաջորդած` շրջանին վերջնական պարպումով, որովհետեւ Արարայի մէջ մեր զինակիցները օր մը նախընտրեցին մոռնալ ճշմարտութիւնները եւ զինակցական կապերը…): Վերջապէս, այս հողամասի հայութիւնն ալ ստիպուեցաւ ետին թողուլ հսկայական ստացուածք, սեփական հող եւ աշխատանքի կարելիութիւններ, նման Արեւմտեան Հայաստանի իր ճակատագրակիցներուն: Յետոյ, որոշ շրջան մը, Կիլիկիոյ նկատմամբ մեր պահանջատիրութիւնը մնաց հնչող, ստացած »ծովէ ծով Հայաստանի պահանջ“ որակումը, շուտով աղարտեցաւ ու… Կիլիկիան քշուեցաւ մեր Դատի աշխարհագրութեան լուսանցքին վրայ:
***
Վերջին քանի մը տարիներուն, Կիլիկիոյ մասին մեր պահանջատիրութիւնը միայն մասնակի արտայայտութիւն կը գտնէ. իր ժողովուրդին պէս բռնագաղթի մատնուած Սիսի Կաթողիկոսութիւնը իրաւատէրի իր քարտը գործածեց, երբ միջազգային ընտանիքը խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ եկեղեցապատկան կալուածներու իրաւատիրոջ վերադարձի իրաւունքին մասին: Միջազգային ընտանիքին այս կեցուածքը կարեւոր յառաջդիմութիւն է ու նպաստ` մեր Դատին տեսանկիւնէն, սակայն չմոռնանք, որ միջազգային ընտանիքը կը խօսի միայն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ԽՌՈՒԱԾ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ վերադարձին մասին, այն տրամաբանութեամբ, որ հայկական կամ այլ եկեղեցիներու պատկանող կալուածները պէտք է վերադարձուին խնդրոյ առարկայ եկեղեցիին` հայ, ասորի, աւետարանական կամ այլք, այսինքն` կալուածագիրն է որ պէտք է վերադարձուի, մինչդեռ այդ կալուածները պիտի մնան իբրեւ Թուրքիա ճանչցուած հողերու վրայ:
Մեր հարցը այս կէտին մէջ հիմնովին տարբեր է. հայութեան պահանջատիրութիւնը կապուած է իբրեւ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ճանչցուած հողերուն` Արեւմտեան Հայաստանին եւ Կիլիկիոյ հողային տարածքներուն, այսինքն` այս հողամասերուն հայութեան վերադարձին, անոնց հայկական գերիշխան եւ անկախ պետութեան վերահաստատման:
Մեզի եւ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն համար պէտք է միանգամընդմիշտ յստակ ըլլայ, որ մեր պահանջը նոյնինքն մեր հայրենական հողերո՛ւն վերադարձն է, եւ ոչ թէ Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ որոշ կալուածներու յանձնումը, որովհետեւ այդ կալուածներէն մաս մը կրնան գտնուիլ Թուրքիոյ պատկանող այնպիսի շրջաններու մէջ, որոնք հայապատկան չէին ըստ ամենայնի (օրինակ` Իզմիր, Պոլիս կամ այլուր), իսկ սոսկական կալուածը օր մըն ալ կրնայ վաճառքի դրուիլ, տէր փոխել եւ դարձեալ կորսնցնել պատկանելիութիւնը, մինչդեռ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ` Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան սակարկելի չեն, չեն կրնար վաճառքի հանուիլ, չեն կրնար կորսնցնել իրենց հայկական պատկանելիութիւնը:
Անցեալին ալ, երբ խօսուած է Կիլիկիոյ հայութեան վերադարձուելու մեր պահանջին մասին, յանկարծ մեր միտքերուն մէջ ներարկուած է տեսակէտ մը, թէ նման պահանջ ցնորական է ու անիրապաշտ: Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս ներմուծուած է նման ընկրկում` շատ ալ կարեւոր չէ. կարեւորը այն է, որ Կիլիկիան անյապաղ պէտք է վերագտնէ իր արդար տեղը` մեր Դատի աշխարհագրութեան քարտէսին վրայ, մանաւանդ որ Կիլիկիոյ հայութեան ժառանգորդները նոյնքան ապրող են այսօր, ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանի, Արցախի եւ մեզմէ խլուած միւս հողամասերուն ժառանգորդները:
***
Կիլիկիոյ նկատմամբ մեր պահանջատիրութիւնը պէտք չէ հրապարակ նետել իբրեւ »սակարկութեան քարտ“, ոչ ալ զայն ընդունիլ իբրեւ ցնորք, մանաւանդ որ լաւ գիտենք թէ Ատանան, Մերսինն ու շրջակայքը այսօր ռազմաքաղաքական ինչպիսի՛ կարեւորութիւն ունին Թուրքիոյ, դաշնակիցներուն ու անոնց մրցակից երկիրներու-ուժերու համար, ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, այլ նաեւ մինչեւ Կովկասն ու Կեդրոնական Ասիան Արեւմուտքին կապող կամուրջներուն տարածուն պատկերին մէջ:
Ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն պատկանելիութիւնը, անոնց մասին մեր պահանջներուն արդարացիութիւնը վիճելի չեն մեզի համար (թէեւ հոն ալ կը փորձեն մեզ հեռու պահել… ցնորքներէ), նոյնպէս ալ վիճելի չէ Կիլիկիոյ պատկանելիութիւնն ու անոր նկատմամբ մեր պահանջներուն արդարացիութիւնը:
Իսկ թէ ինչպիսի՛ հեռանկարներ կը ստեղծուին մեր Դատի օրակարգին ու քարտէսին վրայ` Կիլիկիոյ Դատին վերականգնումով, նկատի ունենալով այդ հողամասին աշխարհագրական դիրքն ու տնտեսական այլ հնարաւորութիւնները, այդ մասին երկար խօսելու պէտք չունինք:
Այս օրակարգը կարելի է բանալ հետեւեալ հարցումներով.
Կը հաւատա՞նք ու փաստացիօրէն գիտե՞նք, որ Կիլիկիան հայապատկան է:
Ճշմարի՞տ են, որ Կիլիկիոյ հայութիւնը Ցեղասպանութիւնը նո՛յնքան կրած է, որքան հայութեան միւս հատուածները, եւ 100ամեակը կիլիկեցիներու ժառանգորդներուն եւ ամբողջ հայութեան համար պէտք է ունենայ նոյն նշանակութիւնը, ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանի եւ հայկական խլուած միւս հողամասերուն նկատմամբ մեր լիարժէք պահանջատիրութիւնը:
Տակաւին, պէ՞տք է թօթափել Կիլիկիա եւ հայապատկան այլ հողամասեր իբրեւ այցելու-զբօսաշրջիկ, կամ` մուրացկան-առեւտրական այցելելու հոգեբանութիւնը:
Վերջապէս, անկարելի՞ է արդեօք, ընդունելով հանդերձ հարցին դժուարութիւնը` Կիլիկիան եւս արձանագրել մեր Դատի օրակարգին վրայ, որպէսզի մեր իրաւատիրութեան աշխարհագրութիւնը ըլլայ աւելի ամբողջական…
Պատասխանները մենք պիտի տանք ոեւէ մէկէն առաջ: