ԱՐԴԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ…ԲԱՐԳԱՒԱՃՈ՞ՒՄ

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

P1 turkey -corruption-in-turkey  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Ամիսներ առաջ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի վրայ ծայր առած խռովութիւնները պատճառ դարձած էին որ աշխարհը իր բոլոր ցամաքամասերով հետեւի այդ Արեւմուտքն ու Արեւելքը կամրջող քաղաքին անցուդարձերուն:

Շաբաթներ շարունակ, Պոլիսը եղաւ Աշխարհի կիզակէտը: Լրագրողներ իրենց գրչի ետին, լուսանկարիչներ իրենց ոսպնեակի ետին նկարագրեցին Պոլսոյ իրավիճակը, յատկապէս նեղ կացութեան մատնելով վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանն ու իր գործադիր ղեկավարութիւնը:

Այսօր, տարեվերջի եւ … տարեսկիզբի օրերուն, հաւանաբար լրագրողներ (յատկապէս միջազգային) եւ լուսանկարիչներ չեն ժամանած Պոլիս, սակայն Էրտողան կ՛ապրի այդ Թաքսիմի անկիւնադարձային օրերէն շատ աւելի դժուար ժամեր:

Եթէ Թաքսիմը…արտաքին պատկերն էր, այս պարագային հարցն ու կիզակէտը` ներքին պատկերն է…ներքին խոհանոցը, ուր ԶԵՂԾԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆԸ փոխարինած են “Արդարութիւնն ու Բարգաւաճումը“…եւ այդ ալ ինչպէ՜ս:

Այս անգամ ամբաստանողը, անցեալ Յունիսի Թաքսիմի խռովութիւններու բաղդատած, ընդհանուր առմամբ ձախն ու անոր մօտակայ արբանեակ կազմակերպութիւնները չէին, ոչ ալ այլ հզօր կառոյց մը` բանակը, այլ Էրտողանի կուսակցութեան նման, կրօնական արդի եւ արեւմտեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած, թիւ մէկ մրցակից “ակն ընդ ական“ թշնամի շարժում-կազմակերպութիւնը` “Ճեմաաթ“ը, որուն ղեկավար Ֆեթհուլլա Կիւլէնը (1999-էն ի վեր, Ֆիլատելֆիա հաստատուած) մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, եւ գործածելով քարոզչական (որոնց կարգին, ամենէն աւելի սպառող “Զաման“ թերթը) արդի միջոցները, հաստատօրէն թափանցած է երկրի զանազան խաւերէն ներս, ներառեալ կառավարական:

Յառաջիկայ Մարտ 30-ին, պիտի կատարուին տեղական ընտրութիւնները, ուր այս ընթացքով Էրտողան եւ իր կուսակցութիւնը, որոնք տասնամեակէ մը աւելի յիսուն առ հարիւրէ աւելի քուէներ կրցած էին հաւաքել, այս անգամ կրնան մեծ դժուարութիւններու առջեւ գտնուիլ:

Մինչ այդ, կենսոլորտի նախարար Էրտողան Պայրաքտար, իր հրաժարականը ներկայացնելու ժամանակ, կոչ ուղղած է վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին, որպէսզի ի՛ր կարգին ներկայացնէ հրաժարականը…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles