ՓԱՐԻԶ.- Նոյեմբեր 21-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ազդանշանը տուաւ դրամահաւքին, որուն այս տարուայ հովանաւորութիւնը ստանձնած է հանրածանօթ Մարսէյաբնակ բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեան (ձախին) եւ իր կողակիցը` Արիան Ասքարիտ:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց “Հայաստան“ Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի գրասենեակի անձնակազմին եւ բոլոր կամաւորներուն, որոնք անմիջական մասնակցութիւն կը բերեն հեռախօսով կատարուած այս դրամահաւաքին` ընդգծելով, որ Եւրոպայի հայութիւնը միշտ եղած է Արցախի կողքին, ըստ ամենայնի սատարելով Արցախի հանրապետութեան:
Հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն, Եւրոպայէն հաւաքուած գումարը նախորդ տարուան գումարէն չորս տոկոսով աւելի եղած է: