ՎԻԵՆՆԱ.- Նոյեմբեր 19-ին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ` Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ, հանդիպեցան, Աւստրիոյ մայրաքաղաքին մէջ: Մօտ երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող այս հանդիպումը կատարուեցաւ դռնփակ: Լրագրողներուն միայն թոյլ տրուեցաւ մուտք գործել այն սենեակը, ուր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կողք-կողքի նկարուեցան:
Նախագահներու այս հանդիպումը կարեւոր էր, մանաւանդ որ, որ գրեթէ երկու տարի անոնք չէին հանդիպած, եւ Արցախեան հիմնահարցը ստեղծած էր փակուղի գոյավիճակ մը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան “Ազատութիւն“ ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց թէ այս բանակցութիւնները բնականոն մթնոլորտի մէջ ընթացած են:
Այս հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդիպման արդիւնքներուն մասին տարածած են մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշեն թէ յառաջիկային, պիտի կազմակերպուին աշխատանքային հանդիպումներ: Համանախագահները կը ծրագրեն մինչեւ ընթացիկ տարուան աւարտը, այցելել շրջան: