Հ.Մ.Ը.Մ. ՏԻԹ­ՐՈՅ­ԹԻ ՊԱ­ՐԱ­ՀԱՆ­ԴԷ­ՍԸ ՊՍԱԿ­ՈՒԵ­ՑԱՒ ՄԵԾ ՅԱ­ՋՈ­ՂՈՒ­ԹԵԱՄԲ

0 0
Read Time:3 Minute, 46 Second

p7 dtt tchoublika  ՇԱՆԹ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ. Տիթ­րոյ­թի մաս­նա­ճիւ­ղի տա­րե­կան պա­րա­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ, Հոկ­տեմ­բեր 19-ին, Սաութ­ֆիլտ շրջա­նի “Ռե­ճըն­սի Փա­լաս“ շքեղ սրա­հին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ աւե­լի քան երեք հա­րիւր ան­դամ­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու:

Այս տար­ուան ճաշ­կե­րոյթ-պա­րա­հան­դէ­սը, որ կը զու­գա­դի­պէր միու­թեան 95-ամ­եա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, իւ­րա­յա­տուկ էր իր տե­սա­կին մէջ: Յայ­տագ­րի առա­ջին բա­ժի­նը կ՛ընդգր­կէր Գայ­լիկ-Արծ­ուիկ­նե­րու եւ արի-արե­նոյշ­նե­րու երդ­ման եւ խոս­տու­մի արա­րո­ղու­թիւն:

Հայր Ան­տոն Աթամ­եա­նի Ճա­շի սե­ղա­նը օրհ­նե­լէն ետք. Օր­ուայ հան­դի­սա­վար եղ­բայր Շանթ Ժամ­կոչ­եա­նը յայ­տագ­րի պաշ­տօ­նա­կան բա­ժի­նը սկսաւ Գէ­որգ Էմի­նի Սա­սուն­ցի­նե­րի Պա­րը աս­մուն­քով, որ­մէ ետք ներս հրա­ւի­րեց մաս­նա­ճիւ­ղին գայ­լիկ-արծ­ուիկ­ներն ու Արի-Արե­նոյշ­նե­րը որոնք առաջ­նոր­դու­թեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօ­շով սրահ մուտք գոր­ծե­ցին, ապա հրա­ւի­րեց ներ­կայ հո­գե­ւոր­նե­րը` Տէր Հրանդ Քա­հա­նայ Գէորգ­եան (Սուրբ Սար­գիս Հա­յաս­տան­եաց Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ), Հայր Ան­տոն Աթամ­եան (Սուրբ Վար­դան Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քի ժո­ղովր­դա­պետ), Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ` Շանթ Պար­սում­եան եւ տոքթ. Վա­հան Թու­թիկ­եան,  օր­ուան պատ­ւոյ նա­խա­գահ Պա­րոն Յա­կոբ Տա­քէս­եան եւ մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պետ` Սե­պուհ Սար­գիս­եան: Նա­եւ, ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Հ.Յ.Դ. Տիթ­րոյ­թի Ազա­տա­մարտ կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` Րաֆ­ֆի Ուրլ­եան ու կո­ղա­կի­ցը: Հ.Օ.Մ.ի Միջ Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու խո­րհուր­դի ատե­նա­պե­տու­հի Ըն­կե­րու­հի Սիր­վարդ Թէլ­պէլ­եան, Հա­մազ­գա­յինի Տիթ­րոյ­թի մաս­նա­ճիւ­ղի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սօ­սի Ճալ­հա­եան : Հրա­ւիր­եալ­նե­րու կար­գին էր մաս­նա­Ճիւ­ղի վաս­տա­կա­ւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական­նե­րէն Եղ­բայր Արա Թէլ­պէլ­եան:

Երդ­ման արա­րո­ղու­թիւնը կա­տա­րեց մաս­նա­ճիւ­ղի փոխ-ատե­նա­պե­տու­հի, սկաու­տա­կան շար­ժու­մի պա­տաս­խա­նա­տու Քոյր Կա­րի­նէ Չէ­օփճ­եա­նը: Օրհն­ուե­ցան փող­կապ­ներն եւ ապա կա­տար­ուե­ցաւ երդ­ման արա­րո­ղու­թիւն, որ­մէ ետք պա­տուոյ նա­խա­գա­հը երդ­ու­եալ­նե­րուն յանձ­նեց իրենց փող­կապ­նե­րը: Մաս­նա­ճիւ­ղին խօս­քը փոխան­ցեց եղ­բայր ատե­նա­պե­տը, ուր ան շեշ­տեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի 95-ամ­եա­կին զու­գա­դի­պող այս գե­ղե­ցիկ ձեռ­նար­կին յա­ջո­ղու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս միշտ գրա­ւա­կա­նը հան­դի­սա­ցող միու­թեան հա­ւա­տա­րիմ հա­մա­կիր­նե­րուն փա­ղան­գը, որոնք միշտ ալ միու­թեան զօ­րակ­ցած են:

Երե­կոն Խան­դա­վա­ռեց այս առ­թիւ, Լոս Անճ­ելը­սէն հրա­ւիր­ուած սիր­ուած Եր­գիչ Ժո­զէֆ Գրի­գոր­եա­նը, որու ըն­կե­րակ­ցե­ցան շրջա­նի ծա­նօթ երա­ժիշտ­նե­րէն` Ժի­րայր Դա­ւի­թեան (եր­գե­հոն) եւ Յա­կոբ Շիք­լան­եան (թմբուկ):

Խան­դա­վառ­ուած այս մթնո­լոր­տէն եղան սրտա­բուխ նուի­րատո­ւու­թիւն­ներ:

Այս ու­րախ առի­թով տե­ղին է յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ուղ­ղել կազ­մա­կեր­պող քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն` Թա­լին Մար­կոս­եա­նին, Րո­սա­լին Պաս­մաճ­եա­նին, Կա­րի­նէ Չէ­օփճ­եա­նին, Սօ­սի Փա­լանճ­եա­նին, Սիլ­վա Սաղր­եա­նին, Ժան­տարք Մու­րատ­եա­նին եւ Շանթ Քեն­տիրճ­եա­նին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles