ՇԻ­ՔԱ­ԿՈ­ՅԻ ՄԷՋ ՄԱ­ՀԱ­ՑԱՒ ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԷ­ՆԷՆ ՃՈ­ՂՈՊՐԱԾ` 107-ԱՄ­ԵԱՅ ՀԵ­ԼԷՆ ՊԱ­ԼՈՅ­ԵԱ­ՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 21 Second

MET-ARMENIAN-1021 EM  “Շի­քա­կօ Թրի­պիւն“ օրա­թեր­թը, կը տե­ղե­կաց­նէ թէ, Շի­քա­կո­յի մէջ 107 տա­րե­կա­նին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նէն ճո­ղոպ­րած` Հե­լէն Պա­լոյ­եա­նը: Շի­քա­կօ ապ­րող հա­րիւ­րամ­եայ Հե­լէն Պա­լոյ­եա­նին` հայ­կա­կան ջար­դե­րու վեր­ջին վե­րապ­րո­ղին, յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցած են խո­րագ­րով գրու­թեան մէջ ներ­կա­յաց­ուած է Հե­լէն Պա­լոյ­եա­նի կեան­քը` նշե­լով, որ ան իր մա­կա­նու­նը փո­խած էր եւ կը կրէր Խերդ­եան մա­կա­նու­նը:Որ­բա­ցած երե­խան` Պա­լոյ­եա­նը, (ապա Հե­լէն Խերդ­եան), կը թա­փա­ռէր փո­ղոց­նե­րով` փնտռե­լով բնա­կե­լու վայր մը եւ ու­տե­լիք: Ան Օս­ման­եան կայս­րու­թեան զի­նուոր­նե­րու կող­մէ իր գիւ­ղին վրայ յար­ձակ­ման ակա­նա­տե­սը  եղած է. նախ­քան զանգ­ուա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րը, որ շատ մը պատ­մա­բան­ներ կ՛ան­ուա­նեն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, Օս­ման­եան զի­նուոր­նե­րը տե­ղա­հա­նա­նած են տե­ղա­ցի­նե­րը, կը գրէ “Շի­քա­կօ Թրի­պիւն“ը:

Ըստ Պա­լոյ­եան ըն­տա­նի­քին` Հե­լէն ծնած է 1906ին եւ ան չէր յի­շեր, թէ ինչ­պէս իր ծնող­նե­րը մա­հա­ցած են: Սպան­դի ժա­մա­նակ անոր եր­կու եղ­բայր­նե­րը աք­սոր­ուած են ու անոր եր­րորդ եղ­բայ­րը ապաս­տա­նած է Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ: Հե­տա­գա­յին ան հան­դի­պած է իր եր­րորդ եղ­բօր, սա­կայն ոչ մէկ տե­ղե­կու­թիւն չէ կրցած ու­նե­նալ միւս եր­կու եղ­բայր­նե­րուն մա­սին: Առան­ձին մնա­լով` Հե­լէն ապ­րած է փո­ղոց­նե­րը, երբ կին մը զայն տա­րած է որ­բա­նոց, ուր ան մնա­ցած է մին­չեւ Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի աւար­տը: Պա­տե­րազ­մի աւար­տէն ետք որ­բա­նո­ցը կը տե­ղա­փոխ­ուի Սուր­իա եւ Լի­բա­նան:

Հե­լէ­նի Յու­նաս­տան ապ­րող զար­մի­կը` Յա­կոբ Հար­տին, գտած է զայն պա­տա­հա­բար: Անոնք մեկ­նած են Քու­պա, ուր Շի­քա­կո­յի մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած հայ մը կը հա­մա­ձայ­նի ամուս­նա­նալ Հե­լէ­նի հետ, որ­պէս­զի ան կա­րե­նայ մուտք գոր­ծել Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles