Ծ.Խ.- 2013 Մայիս 21- Յունիս 4-ին, Խորէն Քհնյ. Հապէշեանը մասնակցեցաւ Պրն. Արմէն Արոյեանին դէպի Կիլիկիա եւ Արեւմտեան Հայաստան կազմակերպած շրջապտոյտին:
Ստորեւ ներկայացուած գրութիւնը արդիւնքն է այդ ուղեւորութենէն թելադրուած զգացողութեանց եւ մտորումներուն:
2012: Մայիս` Սան Ֆրանսիսքոյի ծովածոցի մեղմ եղանակին լուսաւոր ամբողջ քաղցրութեամբ:
Ու ես կ՛երթամ, ցեղիս բնօրրանին ու սկիզբիս հետ, շատոնց որոշուած, ժամադրութիւնս յարգելու:
Երկար տարիներու կարօտին ներզօրութիւնն է, որ մղում կու տայ քայլերուս: Թէեւ խոստովանիմ, որ տղուս` Վահէին, խանդավառութիւնն ու յորդորը վճռորոշ դեր ունեցան այս որոշումին մէջ:
Սակայն, վարանում ու վախ կայ մէջս: Պիտի կարենա՞յ` հոգեմարմնական ոչ նախանձելի վիճակս, տոկալ` կարօտի ու խոր տենչի յորդ ալիքներու խուժումին ուժգնութեան: Հակառակ անցեալին ներկայացող պատեհ առիթներու, ինչո՛ւ քայլերս վարանեցան: Ուշ չե՞ս մնացած արդէն, Տէր Խորէն: Եւ ափսոսանքի զգացողութիւն մը կը համակէ հոգիս: Սակայն, վարանքի ու տկարացման այդ կարճ պահէն ետք, կ՛որոշեմ, ամէն գնով, երթալ:
Օդանաւին մէջն եմ արդէն, որ կը սուրայ` ամպերէն վեր` կապոյտին մէջէն: Ճիգ կը թափեմ, աչքերուս հետ գոցել նաեւ հոգիիս դռները` յուզական ալիքներու յորձանուտին դէմ, այդ ուղղութեամբ պղպջացող ամէն մտածումի դէմ, բայց չեմ յաջողիր: Կորուսեալ Հայրենիքիս սրբազան վայրերը եւ անոնց առնչուած պատմական անցքեր մտքիս պաստառին վրայ լուռ կը տողացնեն: Անին, յանկարծ, կու գայ հոն եւ պահ մը անշարժացած կը մնայ` իր աւերակեալ վիճակով, կիսակործան շքեղ կառոյցներու պատկերով: Ահա մայր տաճարը` անգմբէթ, առանց դռներու` անորոշին բացուած անլոյս աչքերու ահագնութեամբ: Ներսի ու դուրսի պատերուն սրբապատկերներ` սրբապիղծ ձեռքերով մրճահարուած դէմքերով, որոնց աչքերէն արցունք կը հոսի…իմ աչքերուս ճամբով: Ու դեռ այնքա՜ն մանր ու շքեղ եկեղեցիներ ու այլ կառոյցներ կիսափուլ, այդ պատառ մը չքնաղ հայրենիի անկիւնին որ գրեթէ դար մը ամբողջ իրենց լքուածութեան մէջ, ակնդէտ կը սպասեն զիրենք կառուցողներուն աշխարհով մէկ ցրուած ժառանգորդներուն այցին:
Հապա՞ Մուսա Լեռը, հոն` ուր ութսուն տարիներ առաջ աչք բացի: Նաշխուն տանիքներով փունջ-փունջ եօթը աղուոր ծովահայեաց գիւղերու դրախտային վայր մըն էր ծննդավայրս, որ այլեւս չկայ, մեռա՛ւ, սպաննուեցա՛ւ` գէշ թուականի մը, մեր շատ մը այլ շէներուն պէս, իսկ մենք ինկանք այլ երկինքներու տակ` այլոց հոգածութեան կամ ողորմութեան ենթակայ, յաճախ, տառապագին ու նուաստացուցիչ առօրեայով` երկար ու ձիգ տարիներ` հոգելլկիչ եւ անորոշ ճակատագրով:
Կեանքիս մինչեւ ներկայ հանգրուանը, երեք հայրենիքներու որդեգիր դարձայ, երեք պատկանելիութեանց յանձնեցի ինքզինքս, սակայն, ինքս` էապէս, որբ ու անհայրենիք զգացի ու մնացի:
Խնդրեմ, ըսէք, թէ ո՛վ ես եւ որո՛նց միջեւ փնտռեմ ու գտնեմ ինքզինքս: Ի՞նչ ունիմ, կամ` ի՞նչ մնացած է ինծի նախասահմանեալ էութենէս, որ կարենամ սահմանել ինքզինքս` առանց ամօթի ու լացի:
Տարբեր գոյնի ու բանուածքի կարկտաններով պատսպարուած հոգի մըն եմ ես` իր սեփական հոգին չունեցողի ցաւով, անհայրենիք ես մը` սեփական տուն չունեցող եւ ուրիշներու տուներուն մէջ իր խեղճութիւնը պտտցնող ու ջերմացնող գոյութիւն մը, պարզապէս:
Հոգիի վրանաբնակ մըն եմ ես` իր ապրած տուներուն մէջ իսկ, ամէն ինչս ուրիշներով պայմանաւորուած աղքատութիւն մը:
Կողքիս նստած թոռս` Կարինը, յանկարծ կը սթափեցնէ զիս.
-Պապուկ, գեղեցի՞կ է մեր երկիրը…
Խե՜ղճ գառնուկ: Նոյն մտածումներու յորձանուտին մէջ ինքնալ կը տուայտի, երեք սերունդ ետք, նոյն ցաւով ինքն ալ վարակուեր է: Չէ՞ որ հայ է, հազար անգամ ինկած ու արիւնած մարդատեսակ, ծիներուն մէ՛ջ իսկ տեղաւորուած տառապանքով, որ բնաւ մարդկային իրաւ սիրոյ չկրցաւ հանդիպիլ ու անոր ամոքիչ երանութեամբ սփոփուիլ:
Իսկ մենք, մեր ցաւը շալկած` ի հեճուկս ամէն ինչի, երեք սերունդ` ես, տղաս ու թոռս, կ՛երթանք ուխտի: Բայց, թէ ի՛նչ տեսնելու, ի՛նչ գտնելու, միայն Ինքը` Աստուած գիտէ:
-Արդեօ՞ք պիտի տեսնենք մեր հօրենական տունը: Կ՛ըսուի, թէ աւերուած է ան, քար իսկ չէ մնացած անկէ:
-Այո, տղաս, մեր բոլորի՛ն տուները աւերուած են…
Բայց մենք կ՛երթանք: Արդեօ՞ք պիտի կարենանք այնչափ տարիներու կարօտը գոնէ մարել, երբ տառապանքն ի վեր մագլցում եղաւ մեր կեանքը, երբ փուլ եկած ենք գրեթէ մենք մեր մէջ` մեր տուներուն պէս, որոնց սրբատաշ քարերը կողոպտուած են ու տարուած` թուրքի տուն դառնալու…
Ու մենք կ՛երթանք եւ գտնելու եւ…գտնուելու: Որ կարենանք, օտարութեան մէջ, մեր հասակները ուղիղ պահել եւ ապրիլ` մեր հողին ու ցեղին արժանավայել զաւկի կեանքով ու վարքով:
Տէ՜ր, մշտալոյս Էութիւն, երբ պիտի ծագի այնքա՜ն համեցող արդարութեան արեգակը, որ իր շողերուն հետ շաղ տայ նաեւ յոյսի փոշի` նոր աշխարհի մը նոր մարդկութեան սերունդներու կեանքին վրայ, որ կորսուածը վերաշահուի, հինը նորակերտուի եւ ցեղիս զաւակներուն խորունկ ու սեւ աչքերուն տխրութիւնը փարատի:
***
Ու մենք գացինք: Ու մենք տեսանք մեր երկիրը: Եւ ի՜նչ երկիր:
Հիմա, վերադարձի ճամբուն վրայ ենք: Յոգնած, գրեթէ սպառած հոգիով ու մարմնով: Պոսթոնի օդակայանին մօտեցած ենք արդէն: Բայց թոռս դեռ հարցումներ ունի, լուրջ հարցումներ:
-Պապուկ, ինչո՞ւ այնքան դրօշակ հոն` ամէն տեղ: Կասկա՞ծ ունին իրենք իրենց ինքնութեան, կամ այդ հողերուն տէրերը ըլլալուն վրայ…
-Իրաւունք ունիս տղաս: Մենք միասին կտրեցինք անցանք այդ երկրին մէկ ծայրէն միւսը ու տեսանք` հայկական թէ բիւզանդական գողցուած ոճերով կառուցուած անհամար մզկիթներ միայն: Գրաւման վեց հարիւր տարիներ ետք իսկ, ոչ մէկ նոր արուեստի կոթող` հիներու կողքին, ինքնութիւն հաստատող եւ այդ հողերուն իսկական տէրերը ըլլալու փաստը բերող: Անոնք արմատ չունին այս հողերուն, մակերեսին, մէկ մատ արմատով, մոլեխինթ են միայն ու փուշ: Բիրտ ուժով անկարելի՛ է տեւելու իրաւունք շահիլ այս արեւուն տակ:
Վերջին հարցում մըն ալ.
-Պապուկ, Մայիս էր, բայց ծաղիկ չունէին դաշտերը…
-Ձագուկս, ծաղիկները մայր հողին ժպիտներն են, անոր այլազան զգացողութեանց գոյնզգոյն բերկրանքը: Սակայն, հիմա խռոված են այս դաշտերը ու շա՜տ տխուր… բայց գեղեցիկ օր մը, երբ իրենց հարազատ տէրերը վերադառնան, կրկին պիտի ծաղկին այդ հողերը եւ ալ ինչպէ՜ս:
Սակայն, մինչ այդ, նժդեհութեան մէջ հասակ առնող հայ սերունդներ, դիմացէ՛ք, դուք` միաբան սիրո՛վ ապրեցէք եւ յուսացէ՛ք, պայքարեցէ՛ք եւ, օր մը, անպայմա՛ն կը ծաղկին այդ դաշտերը…
Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան
Սեպտեմբեր 24, 2013