ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ ԵՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 5 Second

haytad1  Սեպտեմբեր 24, 2013-ին, Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն երկու շաբաթ առաջ, Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի զրոյց մը` Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու շուրջ: Անգամ մը եւս, Եւրոխորհրդարանի երեսփոխաններու թիւ մը քննադատեց Ատրպէյճանը` հիմնուելով մարդկային իրաւունքներու ցած մակարդակին եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացակայութեան վրայ: Եւրոերեսփոխանները շեշտեցին, թէ քաղաքական անձեր, լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ յաճախ կը “հիւրընկալուին“ երկրի բանտերէն ներս, ինչպէս նաեւ` հիմնական մարդկային իրաւունքները, ինչպիսին են ազատ արտայատուելու եւ ազատ հաւաք կազմակերպելու իրաւունքները կը խախտուին իշխանութիւններուն կողմէ: “Կ’ուզենք տեսնել ազատ եւ արդար ընտրութիւններ: Տարածաշրջանէն ներս Ատրպէյճանը ունի քաղաքական բանտարկեալներու ամէնէն բարձր թիւը, նոյնիսկ Պելարուսէն աւելի“ ըսաւ Անա Կոմէս (Ընկերվարականներ եւ ժողովրդավարներ, Փորթուկալ): Եւրոպայի արտաքին յարաբերութեանց գերատեսչութեան ներկայացուցիչը նշեց, թէ “ժողովրդավարութիւնը, հիմնական հարց է կայուն յարաբերութիւն ունենալու համար եւ մենք պիտի շարունակենք աւելին ակնկալել Ատրպէյճանէն“: hay tad2 Ատրպէյճանի երեսփոխան Ֆուատ Մուրատով ըսաւ, թէ Եւրոպան փաստ չունի Ատրպէյճանի սխալ ընթացքը ապացուցելու համար: Անոր գործընկեր Ասիմ Մոլազատէն, որպէս իր երկրի յառաջդիմութեան փաստ, նկատեց Ազպրէյճանի շրջանին մէջ ամէնէն արագ համացանց ունենալու իրողութիւնը: Վերոնշեալները խստիւ դապարարտուեցան եւրոերեսփոխաններուն կողմէ որպէս Ատրպէյճանի իրականութիւնը չարտայայտող յայտարարութիւններ: Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի յանձնախումբի նախագահ` Գասպար Կարապետեան ըսաւ, թէ դարձեալ կը մատնանշուի Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը: “Որքա՞ն ժամանակ դեռ Եւրոպան պիտի պահէ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնը ակնկալումներու եւ մաղթանքներու մակարդակի վրայ: Հասած է այն պահը, երբ Եւրոպան պէտք է խօսքը վերածէ գործի եւ սկսի պահանջել, փոխանակ յոյսերու վրայ մնալ“:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles