“ՀԱՅՈՑ ՑԵՑԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ“ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:5 Minute, 55 Second

p3 hh  ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Անց­եալ շա­բա­թա­վեր­ջին կա­յա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպ­ուած “Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին ըն­դա­ռաջ“ խո­րագ­րով հայ­կա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րու իրա­զեկ­ման կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վը: Հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին քննարկ­ուե­ցան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին ըն­դա­ռաջ սփիւռ­քի մէջ ձե­ւա­ւոր­ուած շրջա­նա­յին յանձ­նա­խում­բե­րու, հայ­կա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րու կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը եւ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ար­դի հար­ցեր:

Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նուշ Յա­կոբ­եա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ` “Ժո­ղովր­դա­կան դիւա­նա­գի­տու­թեան հիմ­նախն­դիր­նե­րը“ նիւ­թով քննար­կում տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն մէջ խորհր­դա­րա­նա­կան պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ:

Այ­նու­հե­տեւ քննար­կում­նե­րը շա­րու­նակ­ուե­ցան Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մէջ, ուր նա­խա­րար Սէյ­րան Օհան­եա­նի եւ նա­խա­րա­րու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մին հետ քննարկ­ուե­ցան Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

Հա­մա­ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տան­քա­յին առա­ջին օրը աւար­տեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ Հա­յաս­տան-սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հար­ցե­րուն քննար­կու­մով:

Հա­մա­ժո­ղո­վին Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Յո­վիկ Աբ­րա­համ­եա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քը ներ­կա­յաց­ուց Ա.Ժ. նա­խա­գա­հի տե­ղա­կալ Հեր­մի­նէ Նաղ­տալ­եա­նը: Հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին քննարկ­ուե­ցան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րե­րորդ տա­րե­լի­ցին ըն­դա­ռաջ Սփիւռ­քի մէջ ձե­ւա­ւոր­ուած տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին յանձ­նա­խում­բե­րու, հայ­կա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րու իրա­զեկ­ման կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, Հ.Հ. ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ար­դի խնդիր­նե­րը:

Սեպ­տեմ­բեր 20-ին հայ­կա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րու իրա­զեկ­ման կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը հան­դի­պե­ցան Հ.Հ. Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար, իրա­ւա­բա­նա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ Ար­թուր Պաղ­տա­սար­եա­նի հետ:

Տե­ղի ու­նե­ցաւ “Հա­յաս­տա­նի անվ­տան­գու­թեան հիմ­նախն­դիր­նե­րը“ նիւ­թով քննար­կում:p3

Ող­ջու­նե­լով հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը Պաղ­տա­սար­եան կա­րե­ւոր նկա­տեց հա­յա­պահ­պա­նու­թեան, ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան, պե­տու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէ­նե­րը դի­մա­կա­յե­լու խնդիր­նե­րուն վե­րա­բե­րող նման հա­մա­հայ­կա­կան քննար­կում­նե­րը եւ վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ հա­մա­տեղ ու­ժե­րով հայ ժո­ղո­վուր­դը կա­րող է յաղ­թա­հա­րել անոնք եւ Սփիւռ­քը մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի այդ գոր­ծով: “Ես կար­ծում եմ, որ քննար­կու­մը շատ տպա­ւո­րիչ է եւ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ու կ՛օգ­նի գոր­ծու­նէ­ու­թեան, ազ­գա­յին մար­տա­վա­րու­թեան նոր մե­խա­նիզմ­ներ մշա­կել, գործ­նա­կան ար­դիւնք­ներ ստա­նալ“. նշեց Հ.Հ. ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղա­րը:

Կա­րե­ւո­րե­լով Հ.Հ. ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի դե­րը հա­մազ­գա­յին հիմ­նախն­դիր­նե­րու լուծ­ման գոր­ծով, Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նուշ Յա­կոբ­եան ամ­փո­փեց քննար­կու­մը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց կա­ռու­ցո­ղա­կան եւ ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քի հա­մար:

Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան հայ­կա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րու իրա­զեկ­ման կա­ռոյց­նե­րու շուրջ յի­սուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ սփիւռ­քէն, Հա­յաս­տա­նէն եւ Ար­ցա­խէն:

Նշենք թէ Սեպ­տեմ­բեր 21-ին, Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եդ­ուարդ Նալ­պանտեան եւ սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նուշ Յա­կոբ­եան ըն­դու­նե­ցին Հայ­կա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րու իրա­զեկ­ման կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը:

Շնոր­հա­ւո­րե­լով ներ­կա­նե­րը Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման 22-ամ­եա­կին առի­թով` Եդ­ուարդ Նալ­պանտ­եան  նշեց, որ խոր­հր­դան­շա­կան է, որ այս հան­դի­պու­մը տե­ղի կ՛ու­նե­նայ Ազ­գա­յին տօ­նի օրը, քա­նի որ մեր ընդ­հա­նուր նպա­տակն է հա­մադ­րել ջան­քե­րը` ի նպաստ հա­մա­հայ­կա­կան խնդիր­նե­րու լուծ­ման, Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման:

Նալ­պանտ­եան ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը, հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րու վե­րա­բեր­եալ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ իրա­կա­նա­ցուող քայ­լե­րը, ղա­րա­բաղ­եան հիմ­նախն­դի­րի խա­ղաղ լուծ­ման հա­մար ջան­քե­րը, ինչ­պէս նա­եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան անվ­տան­գու­թեան առն­չուող հար­ցե­րը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles