ՊՈԼԻՍ.- Արեւմտահայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող վերանորոգուած եկեղեցիներու մէջ, հետզհետէ կը կատարուի աղօթք ու պատարագ: Արդարեւ, Սեպտեմբեր 10ին Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք, 3-րդ մեծ պատարագը մատուցուեցաւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ հետաքրքրականը այն է, թէ բացի Պոլսահայերէ` պատարագին կը մասնակցին նաեւ տեղւոյն նահանգէն արմատներով հայ քաղաքացիներ:
Աթէշեան նաեւ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի խաղաղութեան համար աղօթք կատարեց:
Պատարագին մասնակցեցան մեծ թիւով հայեր` աշխարհի տարբեր երկիրներէ, որոնց շարքին եղած են մօտաւորապէս 50 ուխտաւոր` Հայաստանէն:
Առանց թրքական դրօշներու եւ Աթաթուրքի նկարներու մատուցուած պատարագին մասնակցեցան նաեւ Տիարպեքիրի քաղաքապետը, Ատանայի մօտ Միացեալ Նահանգներու երկրորդ հիւպատոսը, քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ:
Միւս կողմէ, Սեպտեմբեր 8-ին, Վանայ Լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ տարեկան պատարագ, մասնակցութեամբ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի: Արարողութեան մասնակցեցան շուրջ 800 հայեր: Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով կատարուեցաւ մկրտութիւն: Թիւով վեց հայորդիներ մկրտուեցան: Աթէշեան Սրբազան նշեց, որ այս մկրտութեամբ, վերադարձած են սեփական ինքնութեան եւ հայկական եկեղեցւոյ: “Այսօր այստեղ մկրտութիւն կատարեցինք: Մեզի համար այս տօնը ոչ մէկ ձեւով կ՛ընկալուի իբրեւ քաղաքական, տնտեսական, զինուորական կամ ազգային յաղթանակ: Ասիկա վերադարձն էր այն կրօնական սուրբ արժէքներուն, որոնք ժամանակ մը կորուստի մատնուած էին: Այստեղ` Վանայ լիճի պատմական կղզիին մէջ իրականացուած արարողութեան իմաստը այս էր“, եզրակացուց Արք. Աթէշեան: Սուրբ Խաչի մէջ կատարուած պատարագը չորրորդն էր 2007 թուականին եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ի վեր: Նշենք թէ խումբ մը թուրքեր եւ ազերիներ փորձեցին խանգարել մատուցուած տարեկան պատարագը: Թուրքիոյ մէջ գործող հակահայկական յայտնի “Ասիմտեր“ կազմակերպութեան անդամները ժամանած էին Վանայ լիճ: Անոնք արարողութեան աւարտին մեխակներ նետած են Վանայ լիճին մէջ, ապա նաեւ այրած զօրավար Անդրանիկի լուսանկարները: