ԵՐԵՒԱՆ.- ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՋԱՀԵՐԹԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 45 Second

p 1  ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի» Ապրիլ 23-ին, »Ազատութիւն« հրապարակէն սկսաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ “Նիկոլ Աղբալեան“ ուսանողական միութեան նախաձեռնած աւանդական ջահերթը, որուն մասնակիցներուն թիւը այս տարի կրկնապատիկն  էր, համեմատած անցեալ տարիներու մասնակիցներուն թիւին: Ջահերթէն առաջ, խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան:

“Մենք կ՛ապրինք Ցեղասպանութեան պայմաններուն մէջ, մեր երկրին այն վիճակը, որ հիմա ստեղծուած է, արտաքին այդ ճնշումներուն եւ շրջափակման հետեւանքն է: Մեր պարագային ոճիրը անցեալին մէջ չէ, Ցեղասպանութիւնը տեղի կ՛ունենայ ամէն օր: Ցեղասպանութիւնը այսօրուան հարց է մեզի համար: Մենք ներողութեան պէտք չունինք, այլ` հատուցման: Քաղաքական օրակարգին մէջ ներգրաւել հատուցման պահանջը` ասիկա է իրական միասնութիւնը, անոր համար մենք մեր իշխանութենէն կը պահանջենք արդարութիւն, որովհետեւ արդար հասարակութիւնն է, որ կրնայ պահանջատէր ըլլալ: Իր երկրին մէջ անարդարութեան մէջ ապրող մարդը դուրսը ինչպէ՞ս պէտք է արդարութիւն պահանջէ: Արդարութիւնը, զոր կը պահանջենք, պիտի կառուցենք այստեղ, մենք կը կառուցենք, մենք կը սկսինք այսօր` մեր այս ջահերթով“,  նշեց  Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւորը, աւելցնելով, որ քառասուն տարի առաջ ալ հարիւր հազարաւոր մարդիկ խորհրդային Հայաստանի մէջ կրցան ոտքի կանգնիլ եւ ապացուցել, որ Ցեղասպանութիւնը միայն սփիւռքի հարցը չէ::

 

Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդին պահանջը ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է ըլլայ, այլեւ հատուցումը: Հայ ժողովուրդը զրկած են պատմական հայրենիքի մէկ մասէն եւ այսօր պատասխանը պէտք է ըլլայ համարժէք` հատուցման առումով:

Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, առաւել եւս մեր ժողովուրդին համար Ցեղասպանութիւնը աւարտած չէ:

Հայաստանի, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ ուրախալի է, որ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն կազմակերպած տարեկան ջահերով երթին կը մասնակցին բազմաթիւ երիտասարդներ` անկախ քաղաքական պատկանելիութենէն, քանի որ այնտեղ, ուր կը սկսի ազգային պայքարը, կը դադրին կուսակցական վէճերը:

Ան անգամ մը եւս շեշտեց, թէ հայերը Թուրքիոյ կողմէ միայն ներողութիւն խնդրելը եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալը չէ, որ կ՛ուզեն, քանի որ ներողութիւն կը խնդրեն, երբ դէպքը անցած կը նկատուի: Իսկ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի ամէն օր: Աւարտին Վահան Յովհաննիսեան դիմեց ջահերթի մասնակիցներուն` բոլորին, անոնց, որոնք երէկ առաջին անգամ կը մասնակցէին երթին, անոնց, որոնք շատ անգամներ արդէն մասնակցած են այդ ձեռնարկներուն եւ խնդրեց հասկնալ, որ “Հայ Դատ“ հասկացողութիւնը կուսակցական հասկացողութիւն չէ:

Ապա, երիտասարդները այրեցին Թուրքիոյ դրօշը, որուն բոցերէն վառելով ջահերը` սկսան երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles