ՅԱՐ­ԳԱՆՔ ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ԶՈ­ՀԵ­ՐՈՒՆ…ԱՐ­ԺԱՆ­ԹԻ­ՆԻ ԿԱ­ՆԱՉ ԴԱՇ­ՏԵ­ՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

0 0
Read Time:1 Minute, 1 Second

p3 argentina ՊՈՒԷ­ՆՈՍ ԱՅ­ՐԷՍ.- Ար­ժան­թի­նի ոտ­նագն­դա­կի ախոյ­եա­նու­թեան մրցում­նե­րուն ըն­թաց­քին, նշուե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը: Ար­դա­րեւ, մայ­րա­քա­ղա­քի ամե­նէն աւե­լի ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող Պո­քա Ճունի­որ­զի հա­մա­կիր­նե­րէն քա­նի մը երկր­պա­գու­ներ,  ախոյ­եա­նու­թեան գծով Պելկ­րա­նո­յի դէմ կա­տա­րե­լիք մրցու­մէն առաջ, պաս­տառ մը բարձ­րա­ցու­ցին, նուիր­ուած` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: Այդ պաս­տա­ռին վրայ գրուած էր. “Եկէք բո­լորս յի­շենք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը“:

Պո­քա Ճունի­որ­զի հան­րահռ­չակ “Լա Պոմ­պո­նե­րա“ մար­զա­դաշ­տին վրայ կա­տար­ուած մրցու­մին, ճեր­մակ հա­ւա­սա­րու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րեց: Այս հե­տաքրք­րա­կան “ժեսթ“ը կազ­մա­կերպ­ուած էր, տեղ­ւոյն հա­մայն­քին կող­մէ‘ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 98-ամ­եա­կին առի­թով:]

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles