Երեքշաբթի Ապրիլ 23-ին, Ֆրեզնօ Քաունթին դարձաւ Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգի առաջին շրջանը, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Արդարեւ, կառավարիչներու խորհուրդը ընդունեց բանաձեւ մը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Արցախի հանրապետութիւնը, “պատմականօրէն եւ ազգային դիմագիծով հայկական շրջան մը, որ կը գտնուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ“: Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ուղղուի Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր իշխանութեան նմանապէս պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան դրուատելէ ետք, խորհուրդին սոյն որոշումը‘ վստահեցուց, որ այս որոշումը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան:
Նշենք թէ, Մէյն, Ռոտ Այլընտ ու Մասաչուսեց նահանգներու խորհրդարանները արդէն իսկ, պաշտօնապէս ճանչցած են Արցախի անկախութիւնը: