Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեան
«Հայրենիք»
Հայաստանի մէջ, գրեթէ ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին, կարելի է զբաղուիլ ձկնորսութեամբ:
Ծովափէ զրկուած, սակայն հոծ թիւով արուակներ, գետեր, ջրվէժներ, լճակներ եւ վիթխարի Սեւանը կը փաստեն թէ ջրառատ է Հայաստանը: Հետեւաբար անպակաս են այդ ջուրերուն բնակիչները՝ տարբեր տեսակի ձուկերը:
Հայրենի ջուրերու բնակիչները շատ են, սկսելով բանաստեղծ Պերճ Պռօշեանի նկարագրած «Սեւանայ բոլոր ձկների՝ Իշխան»էն մինչեւ կարաս, կարմրախայտ, բեղլու, ծածան եւ Արաքս գետի ճանառն ու լոքը: 60-ամեայ Արտաւազդ Խաչատրեանը (մասնագիտութեամբ՝ շինարար), եւ 45-ամեայ Արմէն Աբրահամեան (բնապահպան), շատ լաւ գիտեն թէ ու՞ր պէտք է ձուկ որսալ: Անոնք իրենց բոլոր ազատ օրերը նուիրած են ձկնորսութեան եւ այդ գծով ալ կը կատակեն թէ այս ձկնորսութեան օրերը, «կեանքի հաշուարկին» մաս չեն կազմեր: Անոնք, (երկուքն ալ) մաս կը կազմեն որսորդ-ձկնորսներու միութեան:
Երեւանէն Ամասիա հեռաւորութիւնը 170 քլմ. եւ ինքնաշարժով՝ մօտաւորապէս երեք ժամ կը տեւէ: Արփի լիճին մօտակայ տարածքը անտառներով հարուստ չէ, սակայն խոնաւ կլիմային պատճառով հարուստ բուսականութիւն կայ, իսկ լճակն ալ հարուստ է քանի մը տեսակ ձուկերով:
Վերջերս յորդառատ անձրեւը պատճառ դարձաւ որ Արտաւազդի եւ Արմէնի նման փորձառու ձկնորսներ դժգոհ ըլլան: Սակայն անոնք քաջատեղեակ էին թէ բնութեան դէմ կարելի չէր պայքարիլ: Հետեւաբար, անոնք շարունակեցին իրենց աշխատանքը, հակառակ տեղացող անձրեւին: Այդ օր, Արմէն եւ Արտաւազդ, ընդամէնը 12 ձուկ կրցան որսալ: Այսքանն ալ բաւարար էր կէսօրուայ ճաշին համար:
Հայրենի ջուրերու բնակիչները շատ են: Այս գծով Վախթանգ Անանեան, էջեր տրամադրած է իր հանրածանօթ «Որսորդական Պատմուածքներ» գիրքին մէջ: Բնականաբար, ամէնէն աւելի հանրածանօթը Իշխանն է, որուն միակ բնակարան-ապաստանը՝ լայնատարած Սեւանն է: Թէեւ արգիլուած է Իշխանի որսորդութիւնը, սակայն դժբախտաբար արկածախնդիր ձկնորսներ կը շարունակեն գաղտնի թակարդներ լարել եւ ձեռք ձգել այս փնտռուած ձկնազգին:
1923 թուականին Իշխաններու բնակչութիւնը բազմապատկելու համար, Կեդրոնական Ասիոյ լիճերէն բերուած սիգը սպասուած արդիւնքր չբերաւ: Ընդհակառակը, քիչ մնաց որ Ափրիկէի Վիքթորիա լիճի ստեղծուած ահաւոր ներկայ պատկերը կատարուէր, այսինքն այլ շրջանէ մը բերուած ձուկ մը ոչ թէ միայն փճացուցած էր այլ ձուկերու ձուերը այլ նաեւ ու գրեթէ բոլոր լճային բուսականութիւնը:
Այսօր կարելի եղած է հաւասարակշռութիւն մը պահել եւ Իշխան, սիգ թէ այլ տեսակի ձուկեր համերաշխութեամբ կը բնակին լիճէն ներս:
Համեմատաբար աւելի անծանօթ հայրենի ձկազգիներէն է կարմրախայտը, որ կÿապրի լեռնային, արագահոս եւ թթուածինով հարուստ ջուրերու մէջ: Կարմիր խայտերով պատուած են կողերը: Այդ պատճառով ալ, ան կը կրէ այդ անունը:
Գոճին Արաքսի եւ այլ գետերու բնակիչներէն է, հաւանաբար ամէնէն աւելի մարդամօտ ձուկերէն մէկը: Կը նախընտրէ տաք ու խաղաղ ջրափոսերը: Ծոյլ եւ իր ընթացքով կամաց, հաստ ու խոշոր թեփերով, անոր կրծքի լողակները նարնջագոյն կ°ըլլան: Նմանօրինակը գոյութիւն ունի Ռուսիոյ մէջ, որ կը կրէ Գուստերա անունը: Երբեմն, հայրենի գրականութեան մէջ, գոճին կը նշուի իբրեւ գետածածան:
Գեղարքունին, թէեւ համեղ ձուկ չէ, սակայն իր հրապուրիչ արտաքինին պատճառով ան կը կրէ այս պալատական անունը: Իր գեղեցկութիւնը հռչակ սփռած է ամէնուրէք, այնքան, որ նմոյշներ փոխադրուած ու «գաղթած» են հեռաւոր Աւստրալիոյ կենդանաբանական հիմնարկ:
Բեղլուն ծանօթ հաստապեխ ձուկ մըն է եւ կ°ապրի գրեթէ հայրենի բոլոր ջուրերէն ներս: Հաւանաբար ան ամէնէն աւելի քիչ փնտռուածն է, սակայն հակառակ այս երեւոյթին, բեղլուն եզերքներէ աւելի խորունկ տարածութիւն կը նախընտրէ:
Յատուկ է Սեւանի բեղլուն որ աւելի լեցուն է:
Մուրծան Բեղլուի նման ձուկ մըն է, սակայն աւելի երկար դունչով: Այդ պատճառով երեւանցիք զայն կը կոչեն դուդա, որ արարատեան բարբբառով կը նշանակէ դունչ: Այս երկարադունչ կամ դնչաւոր ձուկը բնակութիւն հաստատած է Արփա, Հրազդան եւ այլ գետերէ ներս: Այլ գիւղերէ ներս, ան ճանչցուած է իբրեւ մուրզա կամ մուրծի:
Ճապալը կարելի է գտնել ամէն տեղ: Սրամիտ հայաստանցին, երբեմն կատակելով կÿըսէ թէ տան ջուրին ծորակը բանալով, անակնկալի կարելի է գալ….ճապալի մը հանդիպելով: Ճապուկ կը նշանակէ աշխոյժ, ժիր եւ կենսունակ: Այդ բառէն, այս ձկնիկը կը կոչուի ճապալ:
Ընդհանրապէս, հիւսիսային շրջանէն ներս, ան կը ճանչցուի այդ անունով: Կապանի շրջանին մէջ, ան կը կրէ զմբուռն անունը: Բազմիցս կը կոչուի նաեւ փիչխուլ, իր փոքր ըլլալուն պատճառաւ:
Այս փոքր ձկնիկը յար եւ նման է տառեխին: Ան կը պատկանի այդ միեւնոյն ծածաններու ընտանիքին եւ կարելի է նաեւ տառեխիկ կոչել:
Կապտաձուկը երբեմն միայն կապոյտ անունը կը կրէ: Ան այդ անունով մկրտուած է, պարզապէս որովհետեւ եփուելու ժամանակ, կարելի է նկատել կապոյտ երանգ մը:
Հայկական կարմրակնը ծանօթ է շրջանի ձկնաբաններուն: Տպաւորիչ կարմիր աչքեր եւ արծաթագոյն կողեր… կարմրակնը կը բնակի գէտերու մէջ: Ան կրնայ կարճ ժամանակաշրջանի մէջ հազարաւոր ձուկեր ածել: Վ. Անանեան էջեր տրամադրած է իր այս նախընտրած ձուկին մասին տեղեկութիւններ տալով:
Թեփուկը համեմատաբար աւելի խոշոր ձուկ մըն է, որուն կարելի է հանդիպիլ Արաքս, Արփա եւ Քասախ գէտերուն մէջ:
Հաստ ճակատով ճանչցուած հաստաճակատին կարելի է հանդիպիլ Մեծամօրի մէջ:
Ձկնորսներու կողքին, այս ընյատկեայ բնակիչները, ունին նաեւ այլ թշնամիներ, ջրային թռչնազգիները, որոնք բարձրէն կը խորասուզուին գոհացնելու համար իրենց ստամոքսային պահանջքը:
Արտաւազդ եւ Արմէն բնականաբար աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ կրնան փոխանցել եւ յիշատակելի արկածախնդրական պատմուածքներով եւ համեմուած կատակներով ալ, կրնան շարունակել այս զրոյց-զեկուցումը կամ ներկայ օրերու…որսորդական պատմուածքները: