Լրահոս

ՍՐՏԱՃՄԼԻԿ ՏԵՍԱՐԱՆՆԵՐ… ՎԵՐՋԵՐՍ ՀՐԿԻԶՈՒԱԾ ՀԱԼԷՊԻ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ

Հոկտեմբերի աւարտին արդէն իսկ գոյժը տարածուած էր թէ Հալէպի Նոր Գիւղի (Մէյտան) հայ Առաքելական Սուրգ Գէորգ  եկեղեցին, ըստ վաւերական տուեալներու եւ ականատեսներու հաստատումներուն, դարձած է հրոյ ճարակ:


Այս նկարները աւելի կը տխրեցնեն մեր ընթերցողները, որոնք ականատես կ՛ըլլան պատմութիւն գաղութի կրած եւ դժբախտաբար, դեռ ալ կրելիք կորուստներուն:

Յետ եղեռնեան շրջանի Հալէպի առաջին եկեղեցին եղած է Սուրբ Գէորգը: Հիմնուած 1923ին, Սուլէյմանիյէ-Րամ շրջանի հայկական հիւղաւաններուն մէջ, առաջին հերթին որպէս Սուրբ Խաչ եկեղեցի: 1936ին, հիւղաւաններուն վերացումէն ետք, Նոր Գիւղ հայաւանի մէջ 1937ին կառուցուած է Ս. Գէորգ եկեղեցին` որ թերաւարտ մնացած է մինչեւ 1955: Ապա, եկեղեցին հիմնականօրէն հայկական ոճով վերակառուցուած է, եւ հանդիսաւոր օծումը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 25-26-ին 1965ին,ձերամբ` օրուայ Առազնորդ Ղեւոնդ Արք.Չէպէեան:

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը գործէ Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանը,    Կիրակնօրեայ դպրոցներու բաժինը: Ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը նշուի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

    Եկեղեցին ունի երեք խորաններ, վերնատուն, զան•ակատուն եւ մկրտութեան աւազան: Զանգակատունը կառուցուած է 1985ին, բարերարութեամբ` հալէպահայ  Սմբատ Էքիզեան եւ Կարպիս Կապոնեան ընտանիքներուն, մկրտութեան աւազանը` 1987ին, բարերարութեամբ` հալէպահայ  Նազար Նազարեանի, 1986ին` Սուրբ Գէորգ Զօրավարի սրբանկարի խորանը, 1987ին` Սուրբ Աստուածածնի սրբանկարին խորանը, բարերարութեամբ` հալէպահայ  Ժան Տանկուրեանի, 1990ին` Սուրբ Սարգիս Զօրավարի սրբանկարին խորանը, բարերարութեամբ` ամերիկաբնակ Տէր եւ Տիկ. Գէորգ Աստուրեանի:

      Փետրուար 1990ին, շրջափակի արեւելակողմը իրագործուած է Մարաշի Աղէտին նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը, բարերարութեամբ` ամերիկաբնակ Տէր եւ Տիկ. Աբրահամ Գութուճանեաններու, նախագիծ` հալէպահայ արուեստա•էտ Վիգէն Պէրթիզեանի, իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Երամեանի:

Ապրիլ 23, 1994ին, դարձեալ շրջափակի արեւելակողմը, նախաձեռնութեամբ Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան, իրագործուած է Զէյթունի նահատակներուն նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը, նախագիծ եւ իրագործում` հայրենի արուեստագէտներ Մկրտչեան եղբայրներու, իսկ Մայիս 20, 1998ին, կանգնած է Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի կիսանդրին, բարերաութեամբ` Լուսին եւ Գոհար Համալեան քոյրերու, ի յիշատակ իրենց եղբօր` Կարապետ Համալեանի:

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button