Հ.Յ.Դ. 135-Ամեակի Նշում՝ Լիբանանի Մէջ

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12-ին, յիշատակելի տօնակատարութեամբ մը նշուեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի 135-ամեակը: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ` Արմէն Ռուստամեանի եւ Ալպեր Պալապանեան խօսք առին եւ վերահաստատեցին Հ.Յ. Դաշնակցութեան յանձնառութիւնը` տէր կանգնելու հայրենիքին, հայութեան, Արցախին, եկեղեցւոյ եւ լիբանանահայութեան:
Պաշտօնական հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:
Տպաւորիչ կերպով սրահ մուտք գործեցին Դաշնակցութեան հովանիին տակ գործող ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու, ինչպէս նաեւ պատանեկան միութիւններու, ուղեկից կազմակերպութիւններու` Համազգայինի, Լիբանանի օգնութեան խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչները, որոնք իրենց միութիւններուն դրօշակներով ամենայն հանդիսաւորութեամբ բարձրացան բեմ: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին ազատագրական պայքարի նահատակներուն յիշատակը:
Ապա խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան: Ան նշեց, որ Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան պարզուող համախմբումի այս պատկերը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ մեր ժողովուրդը կը շարունակէ կանգնիլ Դաշնակցութեան կողքին եւ զօրակցիլ անոր յայտարարած բոլոր առաջադրանքներուն, նաեւ կը պարտաւորեցնէ կուսակցութեան պատասխանատուները` ժողովուրդին ներկայացնելու տարուած հիմնական աշխատանքները, առկայ դժուարութիւնները եւ դարձեալ ժողովուրդին ապաւինելու` իրականացնելու համար ապագայի ծրագիրները: Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի, Հայ եկեղեցւոյ, Արցախին, Լիբանանին, լիբանանահայութեան պարզած այսօրուան ծանր պատկերը, որուն վրայ կու գայ աւելնալու Միջին Արեւելքի անորոշ վիճակը:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի տեսագրուած խօսքը փոխանցեց ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ ըսաւ, թէ այսօր ազգովին կանգնած ենք մեր հաւաքական լինելիութիւնը պահպանելու հրամայականին դէմ յանդիման, մանաւանդ որ առկայ է վտանգ հաւաքական լինելիութիւնը անհատի ֆիզիքական գոյութեան հետ շփոթելու մէջ:
Արմէն Ռուստամեան լուսարձակի տակ առաւ ներկայ վարչախումբին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած խաղաղութեան սին պատրանքները, որոնք խորքին մէջ ժամանակաւոր զինադադար են` նոր զիջումներու նախաշեմին: «Այսպիսի խաղաղութիւն ստանալը փաստացի խաղաղութիւն է թուրքացման դիմաց: Թուրք-ազրպէյճանական դաշինքը այս վարչախմբի օժանդակութեամբ, ներքաշել է մեզ սողացող անձնատուութեան մէջ, որի նպատակն է առաւելագոյնը ստանալ մեզ հասցրած պարտութիւնից: Ինչը նշանակում է Ատրպէյճանի գլխաւոր պահանջի իրականացում, այն է` Հայաստանը վերածել փաստացի Արեւմտեան Ատրպէյճանի», շեշտեց ան:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը առաջնահերթ նկատեց հետեւեալ քայլերը` հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ վերականգնել ժողովուրդի ներազգային համերաշխութիւնը, միասնականութիւնը, վերականգնել զինուած ուժերու մարտունակութիւնն ու անվտանգութեան համակարգերու արդիւնաւէտութիւնը, դաշնակից երկիրներու հետ ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններ հաստատել` կենսական զիջումները բացառող արտաքին զօրակցութիւն ապահովելու համար, Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը իրականացնել կողմերու օրինական շահերու յարգումով` իբրեւ նախապայման առաջադրելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ազրպէյճանական զօրքերու դուրսբերումը, բոլոր ռազմագերիներու ու պահուող անձերու վերադարձը եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը: Իր թուած կէտերուն մէջ ան հիմնական նկատեց նաեւ հետապնդել արցախահայերու հաւաքական հայրենադարձութեան իրաւունքը, ապահովել Արցախի ժողովուրդի վերադարձի անվտանգ պայմաններ, սատար կանգնիլ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել առանց նախապայմաններու, եւ վերջապէս` Հայաստանի մէջ հաստատել ժողովուրդի իրական իշխանութիւն եւ վերականգնել երկրի սահմանադրական կարգը:
«Այս նպատակներին հասնելու միջոցը` սփիւռքում համահայկական զօրաշարժի առաջացումն է, իսկ Հայաստանում իշխանափոխութեան օրակարգի շուրջ միացեալ ուժերով ընդդիմադիր, կուռ ճակատի ձեւաւորումը: Մենք, նախ եւ առաջ պարտաւոր ենք, սա սկսել մեզանից` միասին ապահովելով ամբողջական համադաշնակցական զօրաշարժ», շեշտեց Ռուստամեան:
Ձեռնարկին եզրափակիչ բաժինով Շուշան Պետրոսեան մեկնաբանեց «Բեր բազուկդ» եւ «Հայրենիք», իսկ Արսէն Գրիգորեան` «Արծիւ սլացիր» եւ «Գինի լից» երգերը` հայրենասիրական խրոխտ մթնոլորտի մէջ հանդիսութիւնը հասցնելով իր խանդավառութեան գագաթնակէտին:
Ձեռնարկի փակումը կատարուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

