Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի “Համազգային“ը կը տեղեկացնէ թէ հաստատած է “Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան“ գրական մրցանակը, որ պիտի տրամադրուի տարեկան դրութեամբ:
Այս մրցանակին կրնան մասնակցիլ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակող կամ գործող ոեւէ անձ, որ ամէն տեսակի գրական գործ (վէպ. նորավէպ, բանաստեղծութիւն, թատերգութիւն, եւայլն) պատրաստած է:
Կարեւորագոյն պայմաններէն մէկը այն է թէ ներկայացնողը պէտք է, որ ծնունդով հայորդի ըլլայ, կամ ալ ներկայացուած գործը` հայութեան հետ կապ պէտք է որ ունենայ:
Գործերը կարելի է ներկայացնել հայերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով եւ սպաներէնով:
Մրցանակին կողքին, նաեւ պիտի տրամադրուի 2500 տոլարի գումար մը:
Դատական կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ հինգ անձնաւորութիւններէն.-
Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնրէալ), Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), պրն. Գուրգէն Արզումանեան (Քալիֆորնիա), պրն. Երուանդ Քոչունեան (Քալիֆորնիա) եւ փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան (Քանեթիքէթ):
Անդրանիկ մրցանակաբաշխումը տեղի պիտի ունենայ Պոսթընի մէջ, Մայիս 2013-ին, տարեկան հաւաքին առթիւ: Նկատի առնուած են 2011-ին եւ 2012-ին լոյս ընծայուած գործեր: Կարելի է տպուած գործը յղել հետեւեալ հասցէին.- Hamazkayin Tololyan Prize Committee at 80 Bigelow Ave, Watertown, MA 02472, կամ ալ ելեկտրանամակի միջոցաւ PDF ձեւով.-
tololyan_award@hamazkayin-usa.org: Պայմանաժամն է Դեկտեմբեր 31, 2012:
Նշենք թէ գրական քննադատ Մինաս Թէօլէօլեան տարիներ շարունակ եղած է “Հայրենիք“ի խմբագիր, իսկ իր կողակիցը` Գոհար եղած է հայերէն լեզուի դասատու:
Այս մրցանակը կարելի եղած է իրագործել, շնորհիւ Սան Ֆրանսիսքոյաբնակ տէր եւ տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեաններու առատաձեռնութեան: