ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՈՉ ՄԷԿ ԹԵԿՆԱԾՈՒԻ ՆԵՑՈՒԿ ՊԻՏԻ ԿԱՆԳՆԻ

0 0
Read Time:2 Minute, 8 Second

 ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը, մանրամասն հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ, յառաջիկայ Նոյեմբեր 6ին կայանալիք Միացեալ Նահանգներու ընտրութեանց նախօրեակին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ոչ մէկ թեկնածուի նեցուկ պիտի կանգնի:

Հայ Դատի յանձնախումբի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ յանձնախումբը պատրաստ է Նոյեմբեր 6ին յաղթանակ արձանագրած թեկնածուին ներկայացնելու ամերիկահայութեան տեսակէտները եւ արժէքները, շարունակելով իշխանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան տարբեր մակարդակներու վրայ պաշտպանել հայութեան շահերը:

Ցարդ երկու թեկնածուներն ալ չեն պատասխանած Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ իրենց յղուած եւ հայ համայնքին յուզող շարք մը հարցումներուն, որոնց նպատակն է թեկնածուներուն տեսակէտները բացայայտել: Ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու դիմումները եւս անպատասխան մնացած են:

Այս գծով, Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան յայտարարեց, թէ.- “Ո՛չ Պարաք Օպաման, որ բազմաթիւ առիթներով դրժած է հայութիւնը յուզող հարցերու վերաբերեալ իր տուած խոստումները, ոչ ալ Միթ Ռոմնին, որ իբրեւ Մեսեչուսեցի նախկին նահանգապետ, հրապարակայնօրէն չէ բացայայտած ամերիկահայութեան համար կարեւոր նկատուող հարցերու մասին իր կարծիքները, չեն կրցած ապահովել ամերիկահայ քուէարկողներու աջակցութիւնը: Հակառակ այն իրողութեան, որ Քոնկրէսի մէջ, նահանգային մակարդակի վրայ, լրատուամիջոցներու ու ընդհանրապէս ամերիկեան հասարակութեան մէջ արձանագրուած յառաջընթացին, ամերիկահայերու համար կարեւորագոյն  խնդիրներու շուրջ Ամերիկայի գործադիր իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքականութիւնը կը շարունակէ պատանդ մնալ Պաքուի եւ Անգարայի թելադրանքներուն: Մինչ մենք կը շարունակենք մեր կապերը պահել երկու ընտրապայքարներու ներկայացուցիչներուն հետ, առայժմ որեւէ թեկնածուի նեցուկ կանգնելու նպատակ չունինք“:

Հանրապետական թեկնածու Ռոմնի հայկական հարցերու շուրջ հրապարակայնօրէն չէ արտայայտուած եւ միշտ ալ խուսափած է: Ան նաեւ չէ համագործակցած եւ ոչ ալ հանդիպում ունեցած է հայ համաjնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Վերոյիշեալ հաղորդագրութեան մէջ, նշուած է թէ Նախագահ Օպաման 2008ին իշխանութեան եկաւ վայելելով  Հայ Դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը, ամերիկահայերու քուէները: Ան նախընտրական փուլին բազմաթիւ առիթներով խոստումներ տուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդար լուծում մը ապահովելու եւ ամերիկահայերը յուզող շարք մը այլ հարցերու առնչութեամբ: Իշխանութեան անցնելէ ետք, Հայկական Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու վերաբերեալ Օպամայի խոստումը չկատարուեցաւ: Կառավարման առաջին 90 օրերուն, իր վարչակազմի միջոցով, ան Ապրիլի 24էն առաջ Երեւանին ընդունիլ տուաւ “ճանապարհային քարտէս“ն ու արձանագրութիւնները, որոնք հարթակ հանդիսացան իր խոստումը խախտելու համար: Իր խոստումները խախտելու ամէնաակնառու օրինակներէն են` Քոնկրէսին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման քննարկման ընթացքին իր վարչակազմին ցուցաբերած ընդդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ “պատմական բանավէճ“ի նիւթ որակելու յայտարարութիւնը:
Միւս կողմէ Հայ Դատի յանձնախումբն ու Ամերիկայի Յունական հիմնարկը հրապարակած են միացեալ կոչ մը` ուղղուած թեկնածուներուն, պահանջելով որ վերջ տրուի հայերն ու յոյները յուզող հարցերուն նկատմամբ լռութեան եւ անտարբերութեան:

Երկու կառոյցներու ղեկավարներուն` Արամ Համբարեանի եւ Նիքա Լարիկաքիսի յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար յիշուած է. “Իբրեւ հայկական եւ յունական յառաջատար երկու կազմակերպութիւններ, Օպամային եւ Ռոմնիին կոչ կ՛ուղղենք ներկայացնելու այն սկզբունքներն ու առաջնահերթութիւնները, որոնցմով պիտի ղեկավարուի Միացեալ Նահանգներու ապագայ նախագահի վարչակազմը այն հարցերու վերաբերեալ, որոնք կը յուզեն այս երկրի հինգ միլիոն քաղաքացիները` յոյները եւ հայերը“:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles