0
0
Read Time:18 Second
Անցեալ շաբաթավերջին, հայոց մայրաքաղաք “Երեւան դարձած Էրեբունի“ն նշեց իր հիմնադրութեան 2794-ամեակը:
Այս առթիւ, արդէն իսկ մայրաքաղաքի փողոցներն ու արձանները մաքրուած էին: Տօնական շքեղ հանդիսութիւնները սկսան “Էրեբունի“ արգելոց-թանգարանի յարակից հրապարակին մօտ: Նաեւ հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանի յարակից Ռուսիոյ հրապարակին վրայ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութիւններուն:
Սովորականին նման տօնական հանդիսութիւնները վերջ գտան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ` փառաւոր համերգով եւ հրավառութեամբ: