Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակէն պատուիրակութիւն մը, Երկուշաբթի Հոկտեմբեր 15-ին, հանդիպեցաւ եւրոխորհրդարանի ազդեցիկ երեսփոխան Սըր Կրահամ Ուաթսընի հետ, որ միաժամանակ նաեւ նախագահն է Եւրոպական ազատական դեմոկրատական եւ բարեփոխումներու կուսակցութեան:
Հանդիպման ընթացքին Հայ Դատի Գրասենեակի պատուիրակութեան կողմէ բուռն բողոք ներկայացուեցաւ սոյն քաղաքական խումբի որոշման դէմ` Սաֆարովի հարցով ընդունուած Եւրոխորհրդարանին բանաձեւին դէմ քուէարկելու համար, հակառակ որ իրենց կողմէ յայտարարուած էր, թէ իրենք դէմ են բանաձեւումին` քանի Հունգարիոյ դէմ կարծր դատապարտում չկար: Երկու երեսփոխաններ որոնք խօսք առին` Նորիքա Նիքոլայ (Ռումանիա) եւ Քրիսթինա Օյուլանտ (Էսթոնիա), դէմ արտայայտուեցան բանաձեւին հիմնականօրէն պաշտպանելով Ատրպէյճանը եւ յարձակելով Հայաստանի դէմ: Ուաթսըն ինք ալ իր դժգոհութիւնը յայտնեց դէմ քուէարկելու որոշման համար, նշելով, թէ ինք առողջական պատճառներով ներկայ չէր եղած Սթրազպուրկ: Ինք կը հաւատայ, թէ պէտք էր ամէն պարագայի դատապարտուէր Ատրպէյճանը: Խոստացաւ նաեւ յարաբերութեան մէջ մտնել երեսփոխաններուն հետ եւ իրենց ուշադրութեան յանձնել, թէ առնուած քայլն ու Եւրոխորհրդարանի նիստին ընթացքին իրենց արտայատութիւնները տեղին չէին:
Պրն. Ուաթսընին փոխանցուեցաւ նաեւ Արցախի հիմնախնդրին շուրջ Հայ Դատի Գրասենեակի կողմէ պատրաստուած պրակը: Համաձայնուեցաւ, որ մօտ ապագային ունենալ հանդիպում մը եւս, այս անգամ մասնակցութեամբ Արցախէն ներկայացուցիչի մը, որպէսզի իրեն աւելի հանգամանօրէն ներկայացուի հարցը:
Միւս կողմէ, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի եւ Լիւքսամպուրկի մէջ Հունգարիոյ Հանրապետութեան մնայուն դեսպան Քովաչ Թամաս Իվանի, որ հանդիպման ընթացքին նաեւ կը ներկայացնէր Հունգարիոյ երկու մնացեալ ներկայացուցչութիւնները` ՆԱԹՕ-ի ու Եւրոպական Միութեան մէջ: Հանդիպման նպատակն էր Հունգարիոյ իշխանութիւններէն բացատրութիւններ պահանջել Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման գծով, եւ առաջարկել քայլեր` ուղղուած Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ կապերու վերահաստատման:
Դեսպանը իր իշխանութիւններուն յուսախաբութիւնը յայտնեց Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Սաֆարովի ազատ արձակման առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ տրուած պարգեւներուն եւ հերոսացման համար` նշելով, որ Ալիեւի այս քայլը հակառակ է դիւանագիտական ու քաղաքական պատշաճ բոլոր կանոններուն, որովհետեւ Ատրպէյճան պաշտօնապէս խոստացած էր, որ Սաֆարով իր պատիժը պիտի կրէ բանտին մէջ: Դեսպանը նաեւ նշեց, որ կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Հունգարիան վերահաստատեն իրենց դիւանագիտական կապերը: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան անդրադառնալէ ետք հայ-հունգարական երկարամեայ կապերուն եւ հայ համայնքի ներկայութեան, նշեց, որ Հունգարիոյ իշխանութիւնները պէտք էր աւելի լաւ վերլուծէին հարցը: Կարապետեան նշեց, որ Հունգարիան պէտք է պատասխանէ նաեւ այդ ամբաստանութիւններուն, թէ Սաֆարովի յանձնումը նաեւ առեւտուրի արդիւնք է, ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի կողմէ հսկայական գումարներու ներդրման: Առաւել` նշուեցաւ, թէ Հունգարիա յայտարարութեամբ մը հանդէս պէտք է գայ` կողմնակից հանդիսանալով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին: Դեսպան Քովաչ խոստացաւ հանդիպման եւ պահանջներուն մասին տեղեկացնել Հունգարիոյ արտաքին գործերու նախարարին եւ նախարարութեան: