Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15-ին, Սուրիահայութեան մարդասիրական օժանդակութեան “Օգնի՛ր եղբօրդ“ նախաձեռնութեան ծիրին մէջ “Էր Արմենիա“ հայկական ընկերութեան պատկանող բեռնատար Անթոնով 12 տիպի օդանաւը որ կ՛ուղղուէր Հալէպ, Անգարայի հրահանգով եւ ըստ նախապէս գոյացած համաձայնութեան, պարտադիր էջք մը կատարեց Էրզրումի օդակայան եւ ստուգումներէ ետք, շարունակեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Հալէպ:
Այս գծով, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ ըսաւ թէ որեւէ երկիր, քաղաքային թռիչքներու Շիքակոյի համաձայնութեան հիմամբ գերիշխանական իրաւունք ունի իր օդային տարածքը օգտագործող օդանաւերէն պահանջելու “թեքնիք պատճառներով էջք կատարել“:
Էօնալ յայտնեց, որ իր երկիրը դէպի Սուրիա ուղղուող օդանաւերու միջազգային օրէնքներու հիմամբ կատարուած խուզարկումը պիտի շարունակէ` նշելով, որ “Թուրքիա սուրիական Հալէպ քաղաք ուղղուող հայկական օդանաւ մը խուզարկեց` արգելք հանդիսանալու համար, որ իր օդային տարածքը սուրիական բանակի աջակցութեան համար գործածուի“:
Էօնալ ըսաւ, որ “Հայաստան քանի մը օր առաջ տեղեակ պահուեցաւ խուզարկումի այդ գործողութենէն եւ անոր համաձայն գտնուեցաւ, ուստի հարց մը չկար“` նշելով, որ օդանաւը էջք կատարեց թրքական օդակայան մը, ապա մարդասիրական օժանդակութեանց բեռը, “ինչպէս մեզի ատենին յայտնած էին հայ պաշտօնատարները“, խուզարկումէն ետք, երբ ի յայտ եկաւ, թէ որեւէ խախտում չկայ, շարունակեց իր թռիչքը:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանն ալ անդրադարձաւ հայկական օդանաւի հարցին մասին եւ նշեց, որ օդանաւին էջքը իրականացուած է շարք մը թեքնիք խնդիրներու պատճառով: Ան միեւնոյն ժամանակ աւելցուց, որ խուզարկութենէն ետք օդանաւը ուղարկուած է, որովհետեւ հետեւանքներ յառաջացնող որեւէ խնդիր չէ յայտնաբերուած: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Պինալի Եըլտըրըմ, որ լրագրողներու հետ զրոյցին մէջ կրկնած է թռիչքը իրականացնող հայկական ընկերութեան տնօրէնի խօսքերը, որ հայկական օդանաւը թեքնիք էջք կատարած է Էրզրումի մէջ եւ ստուգուելէ ետք պիտի շարունակէ թռիչքը: