Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Հ.Օ.Մ.-ի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանը, յանձին ատենապետունի Անի Աթթարի կը տեղեկացնէ թէ Սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքները միեւնոյն թափով կը շարունակուին:
Քանի մը ամիս առաջ, իր պատգամաւորական ժողովին, շրջանւ հաւաքած էր 25 հազար տոլար:
Յատկապէս հայահոծ Հալէպի մէջ բախումները կը սաստկանան եւ ապահովական վիճակը կը վատթարանայ: Այս իրավիճակին դիմաց, անմասն չմնար նաեւ հայ համայնքը: Ազգային զանազան հաստատութիւններ` եկեղեցիներէն սկսեալ մինչեւ վարժարան ու ծերանոց, վտանգուած են եւ կը քանդուին ընդհարումներուն պատճառով:
Աթթար կը շեշտէ թէ Հ.Օ.Մ.-ի նման միութիւն մը, որ միջազգային բեմէն ներս ալ բերած է իր օժանդակութիւնը, օրինակի համար վերջին տարիներուն Հայիթիի երկրաշարժին եւ Ճափոնի ցունամիին, կրնայ նաեւ դիմելով ոչ–հայկական աղբիւրներու եւ ստանալ նուիրտութիւններ:
Աթթար կը շեշտէ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգէն մասնիկ մը.-
Մենք` ուխտեալներ Հայ Օգնութեան Սուրբ Գործին,
Լոյսի Բանակ եւ գթութեան խաչուհի.
Գոյամարտին մէջ սրբազան մեր դատին`
Ձեզ կը բերենք Հայ Կնոջ սիրտը ոսկի:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել Հ.Օ.Մ.-ի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի կայքէջ, հեռ.- 617-926-3801 եւ հասցէ.- ARS Eastern USA Inc. 80 Bigelow Ave., Suite 200, Watertown, MA 02472