Սուրիահայութեան տագնապը շատ-շատերու ալ տագնապը դարձաւ: Յատկապէս վերջին շրջանին ուղղակի հայաբնակ շրջաններուն հասած հարուածին արագօրէն պէտք էր արձագանգել: Ահա այս մեկնակէտով, Շաբաթ, 15 Սեպտեմբեր, 2012 առաւօտեան ժամը 10-ին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Փաշալեան սրահին մէջ, նախաճաշի սեղանի շուրջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ:
Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանի գլխաւորութեամբ, ներկաները ջերմագին աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` խաղաղութիւն հայցելով Սուրիահայութեան, հայ ժողովուրդին եւ համայն աշխարհին: Յուզիչ էր մանաւանդ մասնակիցներու “Տէ՛ր, Ողորմիա՜“ն, որ վստահաբար անպատասխան պիտի չմնայ…:
Ապա, ներկաները անցան Փաշալեան սրահ, ուր Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան օգտաշատ տեղեկութիւններ փոխանցեց Սուրիահայ գաղութի մասին: Քահանայ Հայրը նախ անդրադարձաւ այս գաղութի կարեւորութեան եւ ընդգծեց, որ այն արդարօրէն կոչուած է` “Մայր Գաղութ“: Ապա, հակիրճ գիծերով փորձեց ներկայացնել Բերիոյ Թեմի կազմութեան, զարգացման հանգրուանները եւ Գաւազանագիրքը: Սուրիահայութեան ընդհանուր պատկերը ներկայացնելու ճիգով, Տէր Մեսրոպ անդրադարձաւ Սուրիահայ Կաթողիկէ եւ Բողոքական համայնքներուն: Ան նաեւ նշեց բազմազան միութիւններն ու մարմինները, որոնք ձեռք-ձեռքի ամրացուցած են Սուրիահայ համայնքը:
Քահանայ Հայրը իր խօսքին մէջ յաճախ շեշտեց այս շրջանին Սուրիահայութեան թիկունք կանգնելու բոլորիս պարտաւորութեան մասին: “Գումարն ու քանակը կարեւոր չեն. կարեւորը` մասնակցիլն է“,- կը կրկնէր ան յաճախ, ներկաները աւելի հաղորդակից դարձնելով Սուրիահայութեան տագնապին` որ ի՛րն ալ էր, բոլորի՛սն է:
Տէր Հօր օգտաւէտ ներկայացումէն ետք, ներկաները հիւրասիրուեցան սուրիական աւանդական նախաճաշով` ֆուլ, մամունիէ եւ սուրիական տարբեր քաղցրեղէններ, որոնք պատրաստած էին Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի շնորհալի տիկինները:
Նախաճաշի առթիւ տեղի ունեցած դրամահաւաքի գումարը հասաւ 5000 տոլարի սահմանները: Ամէնէն յիշարժան նուիրատուութիւնը փոքրիկն Թալին Լագիսեանինն էր: Թալինը իր գանձանակը պարունակութիւնը ամբողջութեամբ ($55) նուիրեց սուրիահայ իր “քոյրիկ-եղբայրներուն, որոնք այս օրերուն կը պատրաստուին դպրոց երթալ“: Փոքրիկ աղջնակի մը մեծ արարքը…:
Ի հարկէ այս պիտի չըլլայ Սուրիահայութեան օգնելու մեր միակ նախաձեռնութիւնը: Կը յուսանք, որ տագնապը շուտով, շատ շուտով կ՛աւարտի եւ բոլորս կը լծուինք այդ գաղութը վերակառուցելու աշխատանքին:
Ներկայ մը