ՄԵՆՔ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ԹՈՒՐՔ-ԱԶԵՐԻՆ, ԿԱՐԵՒՈՐԸ` ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ԳՈ՛ՐԾՆ Է

0 0
Read Time:2 Minute, 24 Second

 Թուրքին ու ազերիին ոճրագործ ուղեղն ու անոր բանելու ձեւը ծանօթ են հայերուս: Ապրած ենք սուլթանական հալածանքներն ու նախճիրները, իթթիհատական Ցեղասպանութիւնն ու բռնագաղթը, Պաքուի անցեալ դարասկիզբի նախճիրներն ու դեռ երէկ պատմութեան մէջ կարմիր տառերով արձանագրուած Սումկայիթը, Արցախեան աւաններու դէմ գործադրուած մահասփիւռ դաւերը…

          2004ին, Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ, դաշնակից-գործակիցի դիմակին տակ պահուըտած ազերի Սաֆարով մը` հարազատ մէկ ներկայացուցիչն է ոճրային նոյն ուղեղին: Այդ ալ գիտցանք, եւ օրին, աշխարհին յիշեցուցինք մեր ու ճակատագրակիցներու ապրած դառնութիւնները, թուրքին ու ազերիին դաժանութիւններուն տրուած զոհերը: Այդ բոլորը երեւակայածին դրուագներ չէին, այլ սեւով ու կարմիրով արձանագրուած իրականութիւններ: Եւ ահա, անբացատրելի եւ անընդունելի պայմաններու մէջ, Հունգարիա կ՛անտեսէ փաստացի իրականութիւնները, իբրեւ թէ խաբուելով` Ատրպէյճանի կը յանձնէ ոճրագործ Սաֆարովը, որ հազիւ Պաքու հասած, անպարտ կ՛արձակուի ու դրօշներու ծածանումով` կ՛արժանանայ հերոսի դիմաւորումի:

Գիտենք: Թուրքին ու ազերիին համար, ոճրագործները ազգային հերոսներ են:  Հերոսի նոյն պատիւին չարժանացա՞ւ Հրանդ Տինքի ոճրագործը` Սամասթ, հոգ չէ թէ անդին, հազարաւոր թուրքեր բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն Տինքի սպանութիւնը դատապարտելու համար…

Հերոսի պատուանդանին չբարձրացուեցա՞ն Թալէաթները, անոնց համար յուշարձաններ չկանգնեցա՞ն իբրեւ պատմակերտ հերոսներու, Թալէաթնե՜րը` որոնց անունին դիմաց արձանագրուած է Ցեղասպան ստորագրութիւնը…

Այս բոլորը գիտենք: Կը տագնապինք, կը յիշեցնենք ու արդարութիւն կը պահանջենք: Մեր պահանջը հնչած է Ցեղասպանութենէն առաջ ու ետք, Պաքուի ջարդերուն առիթով, Սումկայիթի փոկրոմի օրերուն, պիտի շարունակէ հնչել մինչեւ մարդկայնութեան վերականգնումն ու Արդարութեան տրամաբանութեան տիրապետումը:

Արդարութեան հաստատման համար, անհրաժեշտ է, որ թուրքին ու ազերիին բարեկամներն ու դաշնակիցները, անոնց բարեմիտ դերակատարութիւն վստահողները բանան իրենց աչքերը, տեսնեն դառն իրականութիւնները, լսեն դատապարտումի աղաղակները եւ ըստ այնմ պատժամիջոցներ ճշդեն ոճրագործներուն ու անոնց պաշտպան կանգնող` նոյ՛նքան ոճրագործ պետութիւններուն դէմ: Իսկ պէտք կա՞յ յիշեցնելու, թէ պետական ոճիրները աւելի՛ տարողունակ են ու եռիցս դատապարտելի, քան անհատականները, որոնք, ահա՛ փաստ մը եւս, կը վայելեն իրենց պետութեանց պաշտպանութիւնն ու հովանին, կը նոյնանան անոնց հետ:

Եւ թող ո՛չ ոք համարձակի բարի տրամադրութիւններով լիցքաւորուելու խրատներ տալ մեզի` հայերուս, ի Հայաստան եւ այլուր: Թող ՆԱԹՕ-ի մանկլաւիկ պաշտօնատարներն ու անոնց տէրերը խոստովանին, թէ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը սիրաշահելու իրենց ճիգերը չեն անցնիր ինքնախաբէութենէ եւ ինքնադատապարտումէ անդին, կարելի չէ ոճրագործներ արտադրող ու պաշտպանող Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հագցնել շրջանային իրաւարարի, բարիք տարածողի պատմուճան, երբ անոնց էութիւնը շաղախուած ու կերտուած է ոճիրներով, դարբնուած է ոճիրներու վրայ:

Պատրանքներ չունինք: Թուրքիոյ դաշնակիցի խաղը խաղացողները, յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, իրե՛նք ալ գիտեն, ծանօթ են դառն իրականութիւններուն: Գիտեն անցեալի ու այսօրուան պատմութիւնը: Սաֆարովի մը անպարտ արձակումը եւ հերոսացումը կրնայ լոյս ընծայել մինչեւ իսկ կոյր ձեւացողներուն:

Իսկ եթէ արդարութեան մեր պահանջը պիտի մնայ անտեսուած, ատիկա միայն մեր` Հայաստանի ու հայութեան ողբերգութիւնը չէ, այլ դժբախտութիւնն է ողջ մարդկութեան,

Որովհետեւ (պէ՞տք է յիշեցնել արդեօք, որ)`

Ցեղասպանութիւնը ողջ մարդկութիւնը հարուածող ոճիր է, արժանացած է ողջ մարդկութեան դատապարտանքին, եւ ոչ միայն մեր` հայերուս, կամ ցեղասպանական ոճիրներու զոհ դարձած այլ ժողովուրդներու: Ոճիրն ու Ցեղասպանութիւնը իրենց անունով կոչելէ խուսափումի որեւէ խաղ ծիծաղելի է ու նո՛յնքան դատապարտելի կը դարձնէ խաղացողը:

Դժգոհութիւնն ու անբաւարարութիւնը պէտք է անցնին շրթունքի սահմաններէն անդին, արտայայտուին գործնական քայլերով: Մանուկներն անգամ կը մերժեն խաբկանքը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 6, 2012

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles