

Ջաւախքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Վրաստանի ՀՕՄ-ի վարչութինը իրագործեց “Ճաշի օր“ ծրագիրը: Հակառակ նիւթական իր սահմանափակ կարելիութիւններուն, Վրաստանի Հ.Օ.Մ.-ը որոշած էր այս ծրագիրը գործադրել` թէկուզ մէկօրեայ ճաշկերոյթով ուշադրութիւն դարձնելու թոշակառու, միայնակ ու կարիքաւոր այն մարդկանց, ովքեր շոյուած կը զգան այդ վերաբերմունքէն:
Ծրագիրը կազմակերպուեցաւ Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով, Ապրիլ 5, 2012-ին: Անոր մասնակցեցան Ախալքալաքի շրջանի Օլավերդ, Սամսար, Բավրա, Դիլիսկա եւ այլ գիւղերէն, ինչպէս նաեւ Ախալքալաք քաղաքէն 47 թոշակառուներ, կարիքաւորներ ու միայնակներ: Ամենատարեց մասնակիցը 94 ամեայ Մարիամ տատիկն էր, որ իրօք կարիքը ունէր իր հասակակիցներուն հետ շփուելու: Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Ախալքալաքի “Syuze“ ճաշարանին մէջ, որ տարբեր ճաշատեսակներով ճոխ սեղաններու շուրջ ընդունեց հիւրերուն: Քանի որ ներկաները կաշկանդուած ու նեղուած կը զգային անսովոր ջերմ վերաբերմունքի համար, Վրաստանի ՀՕՄ-ի վարչութեան ատենապետուհի Կարինէ Թադեւոսեանը զիրենք հանգստացուց անոնց բացատրելով, որ այսօրինակ ծրագիրներ Հ.Օ.Մ.-ի Սփիւռքի կառոյցներուն մէջ ընդունուած միջոցառումներ են եւ անյարմար զգալու առիթը չկայ: Ատենապետուհին մասնակիցներուն ներկայացուց նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի գործունէութիւնը, անոր ծրագիրներն ու աշխարհատարած կառոյցը: Ճաշկերոյթի ընթացքին Հ.Օ.Մ.-ուհիները մասնակիցներուն խօսեցան Զատկուան տօնի մասին, ապա զուարճախօսութիւններ ներկայացուցին, ուրախացնելով հրաւիրեալները եւ զիրենք քանի մը ժամով կտրելով առօրեայ հոգսերէն:
Սամսար գիւղի բնակիչ Սարգիսը իր բարեմաղթանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ին` ոչ միայն այդ օրուայ հիւրասիրութեան համար, որուն ներկայ էին նաեւ իր փոքրիկ թոռնիկները եւ կինը, այլ նաեւ իր ընտանիքին Վրաստանի Հ.Օ.Մ.-ի մշտական օժանդակութեան համար:
3-4 ժամ տեւած ճաշկերոյթէն յետոյ ներկաները հեռացան նորէն հանդիպելու ակնկալիքով, “շնորհակալական ու բարեմաղթանքի խօսքերը շուրթերին` ուղղուած Հ.Օ.Մ.–ի կառոյցին ու բոլոր նրանց, ովքեր այդ ուրախ ու հաճելի օրը պարգեւեցին իրենց“,- Վրաստանի Հ.Օ.Մ.-ի վարչական ընկերուհիի մը բառերով:
Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ Վրաստանի Հ.Օ.Մ.-ի Վարչութիւնը հոգացած էր “Ճաշի օր“ ծրագրի մասնակցներու գիւղերէն Ախալքալաք գալու բոլոր ծախսերը, իսկ շատերուն յատկացուցած հագուստ ու կօշիկներ: