Նիկոլ Փաշինեան Վերանշանակուեցաւ Վարչապետ

ԵՐԵՒԱՆ․- Կիրակի, 2 Օգոստոսին,Հ․Հ․ Ազգային ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն:
Նոր խորհրդարանի առաջին նստաշրջանի օրակարգին մէջ ընդգրկուած հարցերն էին` հաշուիչ յանձնախումբի ստեղծում, Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութիւն, Ազգային ժողովի նախագահի երեք տեղակալներու ընտրութիւններ, մնայուն յանձնախումբերու ստեղծում, բարոյագիտութեան յանձնախումբի ստեղծում, մնայուն յանձնախումբերու նախագահներու ընտրութիւններ, Կառավարութեան առաջարկով` Կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութեան վերաբերեալ օրէնքի նախագիծի քննարկում, Կառավարութեան ծրագիրին հաւանութիւն տալու հարցը:
Մինչեւ խորհրդարանի նախագահի ընտրութիւնը նիստը վարեցամէնէն տարեց պատգամաւոր Կնեազ Հասանով, որ նստաշրջանը յայտարարեց բացուած: Նիստին ներկայ էին բոլոր երեք խմբակցութիւնները եւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը:
Հնչեց Հայաստանի քայլերգը, ապա ելոյթ ունեցաւ երկրի նախագահը: Հաշուիչ յանձնախումբի ձեւաւորումէն ետք Ազգային ժողովը անցաւ խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան հարցին:
Առաջադրուեցաւ միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր»-էն Ռուբէն Ռուբինեանի թեկնածութիւնը, որ նախորդ խորհրդարանին մէջ Ազգային ժողովի փոխնախագահն էր:
Ազգային ժողովի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները` «Ուժեղ Հայաստան»-ը եւ «Հայաստան»-ը այցելեցին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին` անոր օրհնութիւնը ստանալու համար: Այս միջոցին գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորագրեց նախորդ կառավարութեան հրաժարականը եւ զայն ուղարկեց հանրապետութեան նախագահին: Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունեց նախորդ կառավարութեան հրաժարականը: Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը նախագահին ներկայացուց Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը վարչապետի պաշտօնին համար: Աւելի ուշ Նիկոլ Փաշինեան վերանշանակուեցաւ իբրեւ Հայաստանի վարչապետ:

