Լրահոս

«Մենք Ենք Գիւմրին» Յանձնախումբը Մինա Շիրվանեանի Անուան 100-րդ Կրթաթոշակին Յանձնումով Կը Տօնէ Իր Տասնամեակը

100 ՈՒՍԱՆՈՂ, 10 ՏԱՐԻ, ԱՃՈՂ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

 

«Մենք Ենք Գիւմրին» նշեց պատմական հանգրուան մը՝ տօնելով թէ՛ «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնի 10-ամեակը, եւ թէ՛ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթաթոշակի 100-րդ ստացողին ընտրութիւնը, որոնք միասնաբար նաեւ կը տօնեն Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզի երիտասարդներուն համար կարելիութիւններու ընդարձակումին մէկ տասնամեակը։

2026–2027 տարեշրջանի ընտրութեան փուլէն ետք, 18 նոր ուսանողներ ստացան Մինա Շիրվանեանի անուան կրթաթոշակը՝ ծրագրի սկզբնաւորութենէն ի վեր կրթաթոշակառուներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 100-ի։

Հիմնուած 2015-ին՝ «Մենք Ենք Գիւմրին» յանձնախումբի ջանքերով, կրթաթոշակը դարձաւ 2016-ին բացուած «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնի կրթական առաքելութեան անկիւնաքարը։ 2018-ին անիկա վերանուանուեցաւ ի պատիւ Մինա Շիրվանեանի, որուն ժառանգութիւնը կը շարունակէ ներշնչել կրթական առիթներ ամբողջ Շիրակի մարզին մէջ։

Մինա Շիրվանեանի անուան կրթաթոշակը կը քաջալերէ Շիրակի մարզին մէջ ուսանող համալսարանականները։ Նիւթական աջակցութենէ աւելի, անիկա ներդրում է տաղանդաւոր երիտասարդներու կեանքին մէջ, որոնք նուիրուած են իմաստալից ասպարէզներ կերտելու, ուրիշներուն ծառայելու եւ տարածաշրջանին համար աւելի զօրաւոր ապագայ ստեղծելու։

Advertisement Subscribe Today

Ստացողները կ՛ընտրուին մրցութային դիմումի եւ հարցազրոյցի փուլով՝ հիմնուելով ուսումնական յառաջադիմութեան, նկարագիրի եւ ուրիշներուն օգնելու պատրաստակամութեան վրայ։

Ի տարբերութիւն աւանդական կրթաթոշակային ծրագիրներու, իւրաքանչիւր կրթաթոշակառու կամաւոր աշխատանք կը տանի «Շիրվանեան» կեդրոնին մէջ՝ արտացոլելով այն հաւատքը, թէ կրթութիւնը կը բերէ փոխադարձաբար նուիրելու պատասխանատուութիւն։

Անցնող տասնամեակին, ծրագիրը քաջալերած է 100 երիտասարդներ, որոնք կը մասնագիտանան մանկավարժութեան, առողջապահութեան, արուեստի, ճարտարագիտութեան, հոգեբանութեան, գործարարութեան եւ համայնքային ղեկավարման ոլորտներուն մէջ։

Յոբելինական հանդիսութիւնը նաեւ պատուեց կրթաթոշակ ստացած հետեւեալ 13 ուսանողները, որոնք այս տարի աւարտեցին իրենց համալսարանական ուսումը․ Թամարա Նիկողոսեան, Սվեթլանա Թովմասեան, Անի Պապիկեան, Եղսիկ Մելիքեան, Շողակաթ Յովսէփեան, Իզապելա Իգիթեան, Աննա Մանասեան, Նինա Մարկոսեան, Լարիսա Շահբազեան, Հայկանուշ Գալստեան, Երանուհի Այվազեան, Յասմիկ Սուքիասեան եւ Վլատիմիր Վարդանեան։

Նախորդ տարիներուն այս շրջանաւարտները առաջնորդեցին աւելի կրտսեր ուսանողներ, աջակցեցան կրթական նախաձեռնութիւններու, կազմակերպեցին կամաւորական ծրագիրներ եւ օգնեցին յառաջ տանելու կեդրոնին առաքելութիւնը՝ ծառայել Շիրակի մարզի երեխաներուն եւ ընտանիքներուն։

Շրջանաւարտները նաեւ հիմնեցին Կրթաթոշակառուներու շրջանաւարտից խորհուրդը՝ կեդրոնի առաքելութեան մէջ գործօն մնալու, նոր նախաձեռնութիւններու շուրջ գործակցելու եւ իրենց յաջորդողներուն համար առիթներ ստեղծելու նպատակով։

Իր առաջին իսկ տարուան ընթացքին, Շրջանաւարտից խորհուրդը ամբողջութեամբ հովանաւորեց ուրիշ ուսանողի մը կրթաթոշակը։ Անի Պապիկեան դարձաւ առաջին ստացողը, որուն ուղղակիօրէն աջակցեցան շրջանաւարտները՝ փաստելով, թէ ինչպէս այսօրուան կրթաթոշակառուները կը դառնան վաղուան բարերարներն ու առաջնորդները։

2026-ի 13 շրջանաւարտները այժմ կը միանան Շրջանաւարտից խորհուրդին՝ ընդլայնելով երիտասարդ մասնագէտներու ցանցը, որոնք նուիրուած են կրթաթոշակային ծրագիրը գալիք տարիներուն եւս պահպանելու գործին։

«Շիրվանեան» կեդրոնը դարձած է Գիւմրիի երիտասարդական յառաջատար հաստատութիւններէն մէկը՝ տրամադրելով անվճար ուսումնական, մշակութային եւ անհատական զարգացման ծրագիրներ Շիրակի մարզի երեխաներուն եւ երիտասարդներուն համար, ներառեալ Արցախէն տեղահանուածներուն։

Մինա Շիրվանեան անուանական կրթաթոշակի շարունակական յաջողութիւնը կարելի դարձած է Շիրվանեան ընտանիքի երկարամեայ առատաձեռնութեան եւ բարերարներու նուիրեալ համայնքին շնորհիւ, որոնք կը հաւատան կրթութեան ձեւափոխող ուժին։

«Մենք Ենք Գիւմրին» իր սրտագին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ տէր եւ տիկին Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեաններուն, տէր եւ տիկին Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեաններուն, տէր եւ տիկին Նիկոլ Աբրահամեանին եւ Զապէլ Պէրպէրեանին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ աջակիցներու՝ Շիրակի մարզի երիտասարդներուն համար կրթական առիթներ ստեղծելու իրենց շարունակական յանձնառութեան համար։

2026–2027-ի Մինա Շիրվանեան անուանական կրթաթոշակները ստացողներն են․ Մարգարիտ Չուգլինա, Անի Եղիազարեան, Անժելա Պօղոսեան, Անահիտ Չարչեան, Անահիտ Մելքոնեան, Յասմիկ Աւետիսեան, Իզապելա Յակոբեան, Վոլոտեա Մարկոսեան, Տաթեւիկ Վարդանեան, Լեւոն Վարոսեան, Էմմա Թադեւոսեան, Զարուհի Խաչատրեան, Մարիէթա Մարտիրոսեան, Անի Գրիգորեան, Նուարդ Մանուկեան, Կիմա Թորոսեան, Լարիսա Մարգարեան, Հռիփսիմէ Գեւշենեան։

«Մենք Ենք Գիւմրին» ծրագրին առաքելութիւնն է դրական եւ տեւական ազդեցութիւն ստեղծել Գիւմրիի երիտասարդութեան վրայ։ Արշաւը վերակառուցեց եւ նորոգեց «Շիրվանեան» կեդրոնը, որ քանդուած էր 1988ի Սպիտակի երկրաշարժին։ Կեդրոնին մէջ ստեղծուեցաւ ամբողջ տարուան ընթացքին գործող ծրագիր՝ Գիւմրիի երիտասարդներուն ամէնօրեայ հմտութիւններ ուսուցանելու, անոնց պայծառ ապագայի համար անհրաժեշտ հիմնական միջոցներով ապահովելու, եւ իբրեւ կամուրջ ծառայելու Գիւմրիի երիտասարդներուն եւ Սփիւռքի իրենց հասակակիցներուն միջեւ։

Իբրեւ «Մենք Ենք Գիւմրին» ծրագրի աշխատանքին մէկ բաղադրիչ, Մինա Շիրվանեանի անուան կրթաթոշակային հիմնադրամը նախատեսուած է Շիրակի մարզի բնակիչներուն համար՝ իրենց բարձրագոյն ուսումը ստանալու իրենց հարազատ մարզին մէջ։ «Մենք Ենք Գիւմրին» Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութիւնն է։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button