Լրահոս

Ուաշինկթընի Մէջ` Հայ Դատի Ջատագովման Հաւաք

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Սեպտեմբեր 14-15ին, տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կեդրոնական գրասենեակին երկօրեայ հաւաք մը, որուն ընթացքին շեշտը պիտի դրուի հայութիւնը յուզող հարցերուն վրայ։ Նշենք, թէ այս հաւաքը պիտի կատարուի Նոյեմբեր 3-ին կայանալիք քոնկրէսական, նահանգային եւ տեղական ընտրութիւններէն յիսուն օր առաջ։

Հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան քոնկրէսականներու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկելու համար Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն վերադարձի իրաւունքը, Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը, «Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի» 907-րդ կէտի ամբողջական կիրառումը, որպէսզի կասեցուի ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները՝ Պաքուին:

«Այս տարուան խիստ կարեւոր ընտրութիւններէն առաջ, այս մեր հաւաքը կարեւոր է թեկնածուներուն ուշադրութիւնը գրաւելու համար։ Մենք այսօր այնպիսի դիրքի մէջ կը գտնուինք, որ պէտք է բուռն պայքար մղենք, յատկապէս ամէնէն աւելի անընդունելի թեկնածուներուն դէմ, որոնց կարգին են Քոնկրէսական Հենրի Քուելար եւ նախկին Ծերակուտական Ճոն Ի. Սունունու» ըսաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի  գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։ «

«Սեպտեմբերին մեր արեւմտեան շրջանի պատուիրակութիւնը կը վերադառնայ Ուաշինկթըն այն բարոյական ընթացքով, որ հետզհետէ աւելի կը սրի Արցախի հայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան համար տարուելիք պայքարը։ Քալիֆորնիայէն մինչեւ Քոլորատօ, Ուաշինկթըն նահանգէն մինչեւ Թեքսաս, մեր համայնքը լաւ գիտէ, թէ ինչ է վտանգը, եւ այդ գծով կը շարունակեն աշխատանքը», շեշտեց Հայ Դատի արեւմտեան շրջանի նախագահ Օշին Յարութիւնեան։

«Մեր Արեւելեան Շրջանի պատուիրակութիւնը այս Սեպտեմբերին մեծ թիւով պիտի գտնուի Ուաշինկթընի մէջ՝ առաջին անգամ մասնակցող ջատագովներու կողքին ունենալով փորձառու գործիչներ, համայնքային ղեկավարներու կողքին՝ համալսարանական ուսանողներ։ Ահա թէ ինչ տեսք ունի երկարատեւ եւ կայուն ժողովրդային ուժը», յայտնեց բժիշկ Արա Չալեան՝ Հայ Դատի արեւելեան շրջանի նախագահը։

Ծրագիրը պիտի համախմբէ Քոնկրէսի անդամներ, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններ եւ հայ համայնքի գործիչներու նոր սերունդի ներկայացուցիչները։ Իսկ Սեպտեմբեր 15-ին, տեղի պիտի ունենայ «Պատասխանատուութիւն 2026․ Արցախ, Արդարութիւն, Ազատութիւն, Վերադարձի Իրաւունք» խորագրուած հաւաք մը Քոնկրէսի շէնքին մէջ, նշելու համար 2023-ի Սեպտեմբերին, Պաքուի կողմէ Արցախի մէջ իրագործուած ցեղասպանական արշաւին տարելիցը:

Advertisement Subscribe Today

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ․- anca@anca.org | anca.org/facebook | @anca_dc

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button