Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Միաձայնութեամբ Թեր Քուէարկեց Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Բանաձեւին

ՓԱՐԻԶ․- Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը, պահանջելով անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել Ատրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարները։
Որոշումը որդեգրուեցաւ 183 թեր եւ ոչ մէկ դէմ քուէով: Բանաձեւը համատեղ ներկայացուած էր Լորան Վոքիէն` Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբին անունով, եւ զայն համահեղինակած էին խումբ մը ֆրանսացի օրէնսդիրներ։
Բանաձեւը կը նկարագրէ այս հոլովոյթը իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող այլ տարածքներու հայ բնակչութեան ոչնչացման, ինչպէս նաեւ հայկական պատմական, մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման ուղղուած քաղաքականութեան շարունակութիւն: Բանաձեւը կը զգուշացնէ, որ հայ բանտարկեալներու շարունակական կալանքը եւ դատավարութիւնները երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ կրնան խաթարել 8 Օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած միացեալ հռչակագիրի իրականացումը, որ պաշտօնապէս յայտարարեց տասնամեակներ տեւած տագնապի աւարտը: Անիկա կը նշէ, որ հռչակագիրը չ՛անդրադառնար հայ բանտարկեալներու ճակատագիրին:
Ընդգծելով Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, բանաձեւը կը վերահաստատէ աջակցութիւնը Արցախի հայ բնակչութեան, որ բռնի կերպով վտարուած է իր նախնիներու հողերէն:

