Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․-ի մօր՝ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի մահուան տխուր առթիւ, մեր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Նորին Սրբութեան, իր եղբայրներուն՝ Հրաչ, Յովիկ, Աւետիս եւ Լեւոն Քէշիշեաններուն, իրենց համայն ընտանիքներուն եւ հարազատներուն։
Ընդունեցէ՛ք, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Յ․Դաշնակցութեան ընտանիքին մխիթարանքի ու վշտակցութեան անկեղծ խօսքերը:
Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Յ․Դ․-ի Կեդրոնական Կոմիտէ
Պոսթըն – Մասաչուսէց
Սեպտեմբեր 17, 2019


