Գլխաւոր

 ՔոնկրԷսին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում 

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15-ի երեկոյեան, Քոնկրէսի քսանէ աւելի հանրապետական եւ դեմոկրատ անդամներ մասնակցեցան  տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման, որ առիթ հանդիսացաւ արդարութիւն հաստատելու կոչեր կատարելու ոչ միայն 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան, այլ նաեւ 2023-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան համար։

Հանդիսավարն էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատար դոկտ. Ռապըրթ Գրիգորեան, իսկ գլխաւոր բանախօսն էր միջազգային իրաւագիտութեան ու մարդկային իրաւունքներու ոլորտներուն մէջ մասնագիտացած իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան, որոնք շեշտեցին, թէ մարդկութեան դէմ ոճիրներ իրագործած յանցագործներուն դէմ պէտք է պատժական քայլեր որդեգրուին, նման ոճիրներու կրկնութիւնը կանխելու համար։

Տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրէսականներ Նենսի Փելոսի, ֆրենք Փալոն, Էտըմ Շիֆ, Կաս Պիլիրաքիս, Տէյվիտ Վալատաօ, Պրետ Շըրմըն, Ճուտի Չու, Լօրա Ֆրիտմըն, Ճիմ Քոսթա, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Տինա Թայթըս եւ ուրիշներ։ Անոնք շեշտեցին, թէ ժամանակը հասած է խօսքէն գործի անցնելու, պահանջելով վնասուց հատուցում ապահովել ցեղասպանութեանց զոհերուն, ինչպէս նաեւ ապահովել Պաքուի կողմէ ապօրինի կերպով գերի պահուող Արցախի ղեկավարներու եւ այլ հայ պատանդներու ազատ արձակումը եւ պատժամիջոցներ որդեգրել Ատրպէյճանի դէմ։

Նշենք, որ ոգեկոչման ձեռնարկին կողքին, նոյն օրը, կ․ե․ ժամը 1էմ սկսեալ, տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած՝ «Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն առանց արդարութեան» խորագիրով ներկայացումը, որուն հրաւիրուած էին քոնկրէսականներու անձնակազմերը եւ հանրութիւնը։

Advertisement Subscribe Today

Այս ներկայացումին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մտահոգիչ կէտերը եւ պատասխանատուութեան կանչել Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, իրենց գործած յանցանքներուն համար:

Ներկայացումը առաջնորդեցին դոկտ. Ռապըրթ Գրիգորեան եւ իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան, որոնք ազդարարեցին, թէ անկատար խաղաղութեան համաձայնութիւն մը դուռ պիտի բանայ նոր ցեղասպանութիւններու առջեւ եւ շեշտեցին, թէ իսկական խաղաղութեան կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ միայն արդարութեան հիման վրայ։ Երկու ձեռնարկներն ալ առցանց սփռուեցան Ամերիկայի Հայ Դատի ընկերային կայքերէն։

Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին խորագիրն էր՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Յիշատակումէն Պատասխանատուութիւն․ Արդարութիւն Դար մը Ցեղասպանութեան Համար՝ Հայաստանէն Արցախ, 1915-2023» եւ իրականացաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ամերիկայի Հայկական Համագումարին եւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին համագործակցութեամբ։

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button