ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան սուր քննադատութիւններ ուղղեց Իսրայէլի հասցէին եւ յայտարարեց, որ անիկա չի կրնար առանց թշնամիի ապրիլ՝ նշելով,որ ներկայիս Թէլ Աւիւ ներկայիս կը ջանայ Թուրքիան իբրեւ թշնամի ներկայացնել։
Ֆիտանի կարծիքով, ոչ միայն կառավարութիւնը, այլեւ ընդդիմադիր որոշ շրջանակներ կը ձգտին Թուրքիան ներկայացնելու իբրեւ նոր թշնամի մը։
Տեղին է նշել,որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ Թէլ Աւիւ պիտի շարունակէ դիմակալել Իրանն ու անոր շրջանային դաշնակիցները, ակնյայտօրէն Թուրքիոյ ակնարկելով։
*
Թուրքիոյ ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութեան՝ Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան նախկին ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու 11 ամիս եւ 20 օր բանտարկութեան վճիռ ստացաւ՝ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանը վիրաւորելու մեղադրանքով։
Մերսինի ատեանին կողմէ քննուող այս մեղադրանքը աւելի քան 10 տարուան պատմութիւն ունի։ Մերսինի մէջ կայացած հաւաքի մը ընթացքին, Քըլըչտարօղլու 2014ին անդրադարձած էր Թուրքիոյ մէջ բացայայտուած փտածութեան գայթակղութիւններուն եւ քննադատած՝ Էրտողանը։
Քըլըչտարօղլու դատարանին մէջ յայտարարած էր,որ ինք կը դատուի, պարզապէս որովհետեւ գողին գող ըսած է։
*
Թուրքիոյ փոխ նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ կարեւորեց Միջին Միջանցքին կենսունակութիւնը՝ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ յայտարարելով, որ միջանցքը ոչ թէ այլընտրանք, այլ պարտադիր ընտրանք մըն է։
Եըլմազ, որ Ղազախստանի փոխ վարչապետ Օլժաս Պեխթենովի հետ համանախագահեց Թուրքիա- Ղազախստան տնտեսական միացեալ յանձնախումբին ժողովին, Պեխթենովի հետ կնքեց 67 կէտերէ բաղկացած աշխատանքի ծրագիր մը, որուն նպատակն է խորացնել Թուրքեւղազական համագործակցութիւնը։
Տեղին է նշել, որ աւելի քան 3 հազար թրքական ընկերութիւններ կը գործեն Ղազախստանի մէջ, մինչ թուրքեւղազախական առեւտուրը անցեալ տարի հասած է 8.95 միլիառ տոլարի։
*
Թուրքիոյ Ուրֆա նահանգի Սեւերեկ շրջանի դպրոցներէն մէկուն վրայ կատարուեցաւ զինեալ յարձակում մը։ նախկին աշակերտ մը գնդացիրով ներխուժեց եւ շէնքին մէջ կրակ բացաւ՝ վիրաւորելով 16 անձեր։
19 ամեայ զինեալը յարձակումէն ետք դպրոցին միջանցքներէն մէկուն մէջ անձնասպան եղաւ։
Ոչինչ հաղորդուեցաւ յարձակման շարժառիթին մասին։
Ուրֆայի դէպքէն մէկ օր ետք, այս անգամ Մարաշի մէջ ութերորդ դասարանի աշակերտ մը՝ իր հետ ուսապարկով մը դպրոց բերած գնդացիրէն կուրօրէն կրակ բացաւ երկու դասարաններ խուժելով, սպաննելով 3 ուսուցիչներ եւ 6 աշակերտներ։ 16 աշակերտներ ալ վիրաւորուեցան։
Ըստ ատրպէյճանական ԱՓա լրատու գործակալութեան, 13 ամեայ աշակերտը յարձակումէն ետք անձնասպան եղած է։
Ապա, յաջորդ օրը Մերսինի դպրոցներէն մէկուն մէջ ձերբակալուեցաւ աշակերտ մը, որ իր հետ ատրճանակ ունէր։
*
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ընթացք առած է թրքական բանակին յատուկ ջոկատայիններու միաւորներու շարքերուն բազմացման ծրագրին աշխատանքները, որոնց զուգահեռ նաեւ կը շարունակուին հակաահաբեկչական գործողութիւնները։
Նախարարութեան բանբեր Զեքի Աքթուրք յայտնեց, որ ցարդ իշխանութիւններուն անձնատուր եղած են Քիւրտ Աշխատաւորական կուսակցութեան 75 զինեալներ,իսկ լեռնանցքներու մէջ քարայրային ապաստանարաններու, փապուղիներու եւ պայթուցիկ ինքնագործ սարքերու յայտնաբերման աշխատանքները մեծ թափով կը շարունակուին։ Ըստ Աքթուրքի, ցարդ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ պայթեցուած է 772 քիլոմեթր երկարութեամբ փապուղի, որոնք կը գործածուէին քիւրտ զինեալներու Թուրքիա թափանցման համար։
*
Հայաստանի հետ սահմանակից Թուրքիոյ Տուզլուճայի շրջանի ոստիկանութիւնը գրաւեց Հայաստանէն մաքսանենգուած ելեկտրոնային ծխախոտներ եւ հեռախօսներ։
Անատոլու լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իգտիր ոստիկանութեան մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան աշխատակիցները Հայաստանի հետ սահմանակից վայրին մէջ ձերբակալած են 6 անձեր՝ մաքսանենգութեան մեղադրանքով։ Անոնց ինքնաշարժներուն մէջ գտնուած է 4 հազար տուփ ելեկտրոնային ծխախոտ եւ բջիջային եօթը հեռախօսներ։
*
Թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 43 կասկածելիներ, որոնք կը մեղադրուին Կիւլենական շարժումին անդամ ըլլալու ծանր մեղադրանքով։ Էրտողանի երբեմնի սերտ գործակից Ֆեթհիւլլա Կիւլէնի կողմէ ստեղծուած կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն հռչակուած է։
Ձերբակալեալներուն շարքին են հանրային մարզին մէջ գործած եւ կիւլենական ըլլալու մեղադրանքով աշխատանքէ արձակուած 19 անձեր։Ձերբակալութիւնները կատարուեցան Անգարայի, Պոլսոյ, Կեսարիոյ, Մարաշի, Այնթէպի, Մուղլայի եւ Էրզրումի մէջ։
Անգարայի իշխանութիւնները կիւլենական շարժումը կը համարեն պետութեան հիմքերը կործանելու աշխատանքին լծուած կազմակերպութիւն մը, որ նաեւ կը գտնուի 2016 զինուորական ձախող յեղաշրջման փորձը կազմակերպած ըլլալու ծանր մեղադրանքին տակ։
*
Թուրքիոյ Ընդհանուր Ընկերային Վիճակագրութեան Ծրագրին կողմէ կատարուած ակադեմական ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ մէջ կրօնական համոզումները եւ հաւատքի հետ կապուած խնդիրները թուրք հանրութեան լայն խաւերուն համար կը մնան առաջնահերթութիւն մը։
Ուսումնասիրութեան արդիւնքները մեկնաբանելով՝ Մարմարա համալսարանի դասախօսներէն՝ Զուպայիր Նիշանճի նշեց, որ տարածուած այն տպաւորութիւնը, թէ յատկապէս երիտասարդութեան մօտ տիրական է անաստուածութիւնը եւ կրօնափիլիսոփայական ուսուցումները տիրական չեն, սխալ է։ Ան շեշտեց, որ յատկապէս երիտասարդութեան խաւերուն մէջ կրօնական համոզումները եւ հաւատքը բաւական տարածուած են։

