ԱԿՆԱՐԿ․- ԱՐԴԵՕ՞Ք ՎԻՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔԻ

Մուրատ Մանուկեան
Պոսթըն
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնը՝ «չեմ մտածում՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնում էնքան շուն ու շունուշագեալ կայ որ կարող ա ուժեղ ՀՀԿ-ն, ԲՀԿ-ն ու ՀՅԴ-ն անցնեն Ազգային Ժողով», անմիջականօրէն յիշեցնել կու տայ ամերիկեան քաղաքական պատմութեան ամենէն ճակատագրական սայթաքումներէն մէկը՝ Հիլըրի Քլինթընի «basket of deplorables» բնորոշումը 2016 թուականի նախագահական ընտրարշաւի ընթացքին։
Առաջին հայեացքով համեմատութիւնը գրաւիչ է։ Երկու պարագաներուն ալ գործ ունինք քաղաքական առաջնորդներու կողմէ օգտագործուած բառապաշարի մը հետ, որ կը թուի նուաստացնող ըլլալ որոշ ընտրազանգուածներու հանդէպ։ Ամերիկայի մէջ Քլինթընի այդ արտայայտութիւնը լայնօրէն մեկնաբանուեցաւ որպէս անարգանք՝ ուղղուած ոչ միայն Տոնալտ Թրամփի աջակիցներուն, այլ նաեւ աւելի լայն հասարակական խաւերու։ Շատ վերլուծաբաններ կը կարծեն, թէ այդ արտայայտութիւնը նպաստեց Թրամփի ընտրական յաղթանակին՝ մղելով անոր համակիրները աւելի ամրապնդել իրենց դիրքերը։
Սակայն Հայաստանի պարագան, որքան ալ գայթակղիչ ըլլայ զայն նոյն տրամաբանութեան մէջ դնելը, ունի իր առանձնայատկութիւնները։ Նախ՝ քաղաքական մշակոյթի մակարդակը եւ հանրային բանավէճի լեզուն տարբեր են։ Հայաստանի մէջ քաղաքական խօսքը երկար տարիներ եղած է սուր, երբեմն՝ անձնական վիրաւորանքներով լեցուն, ինչ որ որոշ չափով «նորմալացուցած» է նման արտայայտութիւնները։ Այս իմաստով, Փաշինեանի խօսքերը կրնան չունենալ նոյն ցնցիչ ազդեցութիւնը, ինչ որ ունեցան Քլինթընի խօսքերը ամերիկեան ընտրողին մօտ։
Միեւնոյն ժամանակ, կարելի չէ անտեսել այն փաստը, որ Հայաստանի մէջ եւս գոյութիւն ունի ընտրողներու զգալի խաւ մը, որ դժգոհ է գործող իշխանութենէն եւ կը փնտռէ այլընտրանքներ՝ ըլլան անոնք նախկին իշխող ուժերը կամ նոր ձեւաւորուող ընդդիմադիր շարժումներ։ Այդ խաւին համար նման բառապաշարը կրնայ ընկալուիլ որպէս անարգանք իրենց արժանապատուութեան հանդէպ։
Այստեղ է, որ կը բախինք ամենէն էական հարցին. արդեօ՞ք հայաստանեան ընտրազանգուածը ունի այն քաղաքական հասունութիւնը, որպէսզի արժանապատուութեան վիրաւորանքը վերածէ քաղաքական գիտակից քայլի։ Արդեօ՞ք վիրաւորական խօսքը կը վերածուի քաղաքական հետեւանքի, թէ կը կլանուի արդէն բեւեռացած հասարակութեան մէջ՝ առանց էական ազդեցութեան։

