«Պոսթըն Փոփս»-ի Հայկական Յատուկ Երեկոն․ Սոֆիա Վարդանեան, Ալըն Յովհաննէսի Երաժշտութիւնը եւ «Փինք Մարթինի»
Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society) կը ներկայացնէ իր 74-րդ տարեկան հայկական յատուկ՝ «Armenian Night at the Pops» համերգը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 23 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Պոսթընի ծանօթ «Սիմֆընի Հոլ»-ի մէջ։
Այս տարեշրջանը նուիրուած է Ա․Մ․Ն․-ի 250-ամեակին եւ այդ առթիւ յայտագիրները կը կրեն «E Pluribus Unum» (Բազմութենէն՝ մէկ) անունը։ Այսպէս, ի յիշատակ հայկական ժառանգութեան, եւ Ա․Մ․Ն․-ի 250-ամեակին, նկատի առնուած է հանրածանօթ ամերիկահայ Ալըն Յովհաննէսի (1911-2000) հազուադէպ գործերէն՝ «Ode to Freedom»-ը («Գեղօն՝ ազատութեան)։

Ալըն Յովհաննէսը՝ 20-րդ դարու ամերիկեան ամենածանօթ երգահաններէն մէկն է, որ ծնած է Սամըրվիլ (Մասաչուսէց) եւ երկար տարիներ բնակած` մօտակայ Արլինկթըն շրջանը։ Ան յայտնի է արեւելեան եւ արեւմտեան երաժշտական աւանդութիւնները միաձուլելու իր մասնագիտութեամբ՝ ստեղծելով վերացական եւ «միսթիք» աշխարհ մը, ներշնչուելով հայկական հոգեւոր երաժշտութենէն, ասիական ձեւաբանութիւններէն եւ բնութենէն։ Ծագումով ռուս մաէսթրօ դիրիժոր Մաեստրօ Անդրէ Քոսթելանեցի պատուէրով՝ Ա․Մ․Ն․-ի անկախութեան հռչակագրի 200-ամեակին առիթով, Յովհաննէսի այս «Ode to Freedom»-ը առաջին անգամ ներկայացուած է ջութակահար Եհուտի Մենուհինի կողմէ՝ Վըրճինիա նահանգի Wolf Trap-ի մէջ, 3 Յուլիս, 1976-ին, նոյնինքն Քոսթելանեցի ղեկավարութեամբ։

