Լրահոս

ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԸ ՑՆՑԵՑ ՆԱԵՒ ՏԵՂՒՈՅՆ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ

Քարաքասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին

ՔԱՐԱՔԱՍ․- 24 Յունիսին, Վենեզուելայի մէջ պատահեցաւ ահաւոր երկրաշարժ մը, որուն պատճառաւ աւելի քան 300 զոհեր կան։ Տեղւոյն համայնքի հոգեւոր տեսուչ Գերշ. Տ. Պետրոս Եպս. Մանուէլեանի հետ, մօտէն կապի մէջ է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ կը հետեւի տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքներուն եւ այդ ծիրէն ներս հայ գաղութին կրած վնասներուն։

Սրբազան հօր փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, երկրաշարժը ահաւոր ու սարսափազդու ցնցում յառաջացուցած է, եւ նիւթական ու մարդկային վնասները բազմաթիւ են։ Ցարդ վախն ու անորոշութիւնը կը տիրեն ժողովուրդին մօտ։ Երկրաշարժին հետեւանքով, դժբախտաբար, երկու հայ ընտանիքներու տուներ քանդուած են եւ կան մի քանի վիրաւորներ ու անհետ կորած հայորդիներ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button