Հ․Օ․Մ․-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Սեմինարը՝ «Քէմփ Հայաստան»-ի Մէջ
Յունիս 5-7-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Շրջանի Հայ Օգնութեան Միութիւնը Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Քէմփ Հայաստան» ճամբարին մէջ կազմակերպեց հետաքրքրական սեմինար մը՝ «Ուժեղ մասնաճիւղեր, տոկուն համայնքներ» խորագիրով։ Համայնքային ներգրաւուածութեան ամրապնդման եւ քննարկումներու նուիրուած այս սեմինարը համախմբեց Հ․Օ․Մ․-ի անդամներ եւ համակիրներ արեւելեան շրջանի տարբեր գաղութներէն։
Մասնակիցները հետեւեցան տեղեկատուական դասախօսութիւններու եւ մասնակցեցան քննարկումներու, որոնք նպատակ ունէին ամրապնդելու տեղական մասնաճիւղերը եւ ապահովելու հայկական համայնքներու շարունակական կենսունակութիւնն ու կայունութիւնը։
Սիլվա Աւետիսեան ներկայացուց «Կապուած մնալ․ տարեցներու կարիքներուն արձագանգելն ու անոնց աջակցիլը» խորագիրով դասախօսութիւն մը, ուր անդրադարձաւ համայնքներու կողմէ տարեց անդամներու աւելի մօտէն աջակցութեան եւ ներգրաւման միջոցներուն։
Ժանէթ Յարութիւնեան վարեց «Քաղաքացիական Մասնակցութիւնը Մեր Համայնքներուն Մէջ» նիւթով նիստ մը՝ տեղական մակարդակի վրայ քաջալերելով աւելի աշխոյժ ներգրաւուածութիւն եւ առաջնորդութիւն։
Արեւելեան Հ․Օ․Մ․-ի շրջանային վարչութեան գանձապահ Դալար Ապտալեան ներկայացուց կազմակերպութեան տարեկան գործունէութիւններու համապարփակ ամփոփումը։ Այս զեկոյցը յատուկ նշանակութիւն ունէր, շրջանի Հ․Օ․Մ․-ը երկամեայ համագումարային դրութիւն սկսած է կիրարկել։
Ներկայացման ընթացքին յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Հ․Օ․Մ․-ի հովանիին տակ գործող համայնքային նախաձեռնութիւններուն, հայրենի ծրագիրներուն եւ համաշխարհային մարդասիրական աշխատանքներուն տրամադրուած է աւելի քան 330 հազար տոլար։
Այս փաստը անգամ մը եւս կը վկայէ կազմակերպութեան անսասան նուիրումը՝ ծառայելու թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային ոլորտներով։
Սեմինարի կարեւոր բաժիններէն մէկը «Հնարաւորութիւններու բացայայտում եւ մարտահրաւէրներու յաղթահարում» բաց քննարկումն էր, որ մասնակիցներուն առիթ տուաւ ազատօրէն փոխանակելու գաղափարներ, քննարկելու համայնքի կարիքները եւ ուսումնասիրելու կազմակերպութեան ապագայ կարելիութիւնները։ Այս քննարկումը առաւել նշանակալից էր, որովհետեւ սեմինարին մասնակցեցան 71-է աւելի անդամներ՝ ներկայացնելով 16 մասնաճիւղեր։
«Նման հաւաքները կենսական նշանակութիւն ունին մեր կազմակերպութեան շարունակական աճին եւ հզօրացման համար։ Շրջանի տարբեր վայրերէն անդամներու համախմբումը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ իրարմէ սորվելու, գաղափարներ փոխանակելու եւ ամուր կապեր հաստատելու։ Այսպիսի հաւաքները ոչ միայն կը զօրացնեն մեր մասնաճիւղերը, այլեւ կը վերահաստատեն մեր ընդհանուր յանձնառութիւնը՝ ծառայելու մեր համայնքներուն եւ պահպանելու Հ․Օ․Մ․-ի առաքելութիւնը ապագայ սերունդներուն համար», ըսաւ Հ․Օ․Մ․-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շրջանային վարչութեան ատենապետ Միւրիէլ Բարսեղեան։
Բարսեղեան անդրադարձաւ նաեւ սեմինարի կազմակերպման խորհրդանշական արժէքին, եզրակացնելով.- «Հիանալի էր հաւաքուիլ այնպիսի վայրի մը մէջ, զոր մեր համայնքի բազմաթիւ անդամներ իրենց տունը կը նկատեն։ Քէմփ Հայաստանը առանձնայատուկ տեղ ունի մեր սրտերուն մէջ, մանաւանդ գիտակցելով, որ տարիներ առաջ ճամբարի հիմնադրութեան նախնական նիւթական աջակցութիւնը տրամադրուած էր Հ․Օ․Մ․-ի կողմէ։ Այսօր այս կառոյցը դարձած է մեր շրջանի հիմնասիւններէն մէկը եւ սիրելի երկրորդ տուն՝ մեր համայնքի բազմաթիւ սերունդներու համարՀ»։
Հուսկ, սեմինարը վերահաստատեց Հ․Օ․Մ․-ի յանձնառութիւնը՝ զօրացնելու իր մասնաճիւղերը, խթանելու համայնքային մասնակցութիւնը եւ պահպանելու հայկական ինքնութիւնն ու ծառայութեան ոգին յառաջիկայ սերունդներուն համար։

