ԳլխաւորԽմբագրական

Երբ Մենք Մեզ Եւ Մեր Սարերը Չենք Պաշտպաներ

 

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

«Ժառանգութենէ զուրկ ժողովուրդը դիւրաւ կը դառնայ համոզելի եւ ենթակայ՝ ուրիշներու կամքին»։

Քարլ Մարքս (գերմանացի փիլիսոփայ, ընկերային եւ քաղաքական տեսաբան, տնտեսագէտ եւ լրագրող, 1818 – 1883)։

Քանի մը շաբաթէ ի վեր ընկերային ցանցերու վրայ լուրեր կը տարածուին, թէ Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» կամ «Տատիկ-Պապիկ» անունով կոթողական կառոյցը արդէն իսկ քանդուած է։ Սակայն յետագայ ուսումնասիրութիւնները եւ մանրամասն պրպտումները ցոյց տուած են, որ այդ հրատարակուած պատկերները արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած էին, եւ յուշարձանի աւերումն ու սրբապղծումը ստոյգ աղբիւրներու կողմէ չէր հաստատուած։ Հակառակ անոր, որ տեղեկութիւնները շինծու են, սակայն յստակ է, թէ այդ վիթխարի եւ տպաւորիչ յուշարձանի ապագան մութ կը թուի ըլլալ։

Վտանգը լուրջ ու ահազանգային է, մանաւանդ երբ 19 Բաղրամեանի վարձակալներուն մեծամասնութիւնը, որոնք ամէն գնով պայքար մղեցին որպէսզի կառչած մնան իրենց աթոռներուն, երբեք հետաքրքրուած չեն հողատարածքով մը, որ դեռ քանի մը տարի առաջ հայահոծ էր եւ այսօր․․․դատարկ։

Դժբախտաբար, այսպիսի ահաւոր կացութեան մը առջեւ կը գտնուինք, երբ ղեկավարութեան վրայ գտնուող մարդիկ անտրամաբանական «խաղաղութեան ճանապարհ»-ով տոգորուած եւ անհեթեթ «ապագա՛յ կայ ապագա՛յ»-ով լիցքաւորուած, կը մոռնան նոյնիսկ իրենց մշակոյթն ու ժառանգութիւնը։

Advertisement Subscribe Today

Քիչ են այն յուշարձանները, որոնք այնքան ազդեցիկ կերպով կը մարմնաւորեն ժողովուրդի մը՝ արցախահայութեան պատմութիւնը, ինքնութիւնը եւ տոկունութիւնը, որքան «Մենք Ենք Մեր Սարերը» յուշարձանը։

Ատրպէյճանի պետական մշակութային հիմնարկը, տարիներէ ի վեր եւ յատկապէս Արցախի անկումէն ետք զայն կ՛անուանէ ատրպէյճանական արուեստի գործ մը, որ իբր թէ կառուցուած է Խանքենդի (Ստեփանակերտի ազերիական անուանումը) քաղաքին մէջ, 1967 թուականին եւ կ՛արտացոլէ Ատրպէյճանի բազմամշակութային եւ ազգային-կրօնական հանդուրժողականութիւնը։

Պաքուն վստահաբար քաջատեղեակ է, որ այդ կոթողական գործին հեղինակը՝ Հատրութ ծնած, ժողովրդական նկարիչ, պետական մրցանակի դափնեկիր եւ հանրահռչակ քանդակագործ Սարգիս Պաղտասարեանն (1923-2001) է։ Իսկ, անունակոչումն ալ կատարած է Շուշիի շրջանէն՝ պատմաբան, բանաստեղծ, արձակագիր եւ թարգմանիչ Բագրատ Ուլուպապեանը (1925-2001), որ այդ օրերուն սերտօրէն գործակցելով եւ խորհրդակցելով Արցախի մարզային խորհուրդի նախագահ Մուշեղ Օհանջանեանի հետ, որոշած էր Ստեփանակերտի մօտակայ բլրակին վրայ կանգնեցնել այդ 9 մեթր հասակով եւ Երեւանէն բերուած յատուկ տուֆ քարերով պատրաստուած ազդեցիկ գործը։

Աշխարհասփիւռ հայութեան համար այս քանդակը պարզ արուեստի գործ մը չէ։ Ան կը խորհրդանշէ բնակիչներուն կառչածութիւնը իրենց հողին եւ արմատներուն, նաեւ շարունակականութիւն, գոյատեւում եւ հայ ժողովուրդի պատմական ներկայութիւնը Արցախի մէջ։

Անոնց մարմինը մխրճուած է Արցախի հողին մէջ, բան մը, որ կ՛անհանգստացնէ ազերին եւ յատկապէս ազգայնամոլ ղեկավար Ալիեւն ու իր հլու կամակատարները:

Բազմիցս, ազերի քաղաքական գործիչներ հրապարակաւ սկսան կոչ ընել յուշարձանին քանդման։ Նոյնիսկ խորհրդարանի անդամ Կուտրաթ Հասանկիւլիեւ 2023-ին առաջարկած է քանդել արձանը՝ շեշտելով, թէ ան պէտք է հեռացուի տարածաշրջանին վրայ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան վերականգնումէն ետք։ Բնականաբար այս յայտարարութիւնները ահազանգ հնչեցուցին մշակութային ժառանգութեան պաշտպաններուն մօտ, որոնք զանոնք նկատեցին որպէս Արցախի մէջ հայկական պատմական ներկայութեան խորհրդանիշներու վերացման աւելի լայն քաղաքականութեան մաս, մինչդեռ Երեւան շարունակ մնաց եւ դեռ ալ կը մնայ անտարբեր եւ անփոյթ։

Աւելի քան տարիէ մը ի վեր լոյս ընծայուած փաստերը ցոյց կու տան, որ յուշարձանը արդէն իսկ դարձած է աղաւաղման թիրախ։ Լրագրողներու եւ մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութիւններու տարածած տեսանիւթերուն եւ լուսանկարներուն մէջ յստակօրէն կարելի է նշմարել ատրպէյճաներէն գրուած կրաֆֆիթիներ եւ ատելութիւն սփռող արձանագրութիւններ, փորագրուած յուշարձանին վրայ։ Պատահական չէր պատահածը, այլ կանխամտածուած եւ համակարգուած աշխատանք, ջնջելու նոյնի՛սկ հայկական ժառանգութիւնը։

Յատկապէս 1954-ի Լա Հէյի միջազգային համաձայնագիրը կը նշէ յստակօրէն, թէ զինուած ընդհարումներու պարագային, մշակութային արժէքները անպայման պէտք է պահպանուին։ Համաձայնագիրը նոյնիսկ պարտաւորութիւն կը դնէ պահպանելու մշակութային ժառանգութիւնը՝ անկախ քաղաքական վէճերէ կամ իշխանութեան փոփոխութիւններէ։ Սակայն ինչ օգուտ․ ձայն բարբառոյ յանապատի, եւ այդ ալ․․․անապատներէն շատ հեռու՝ կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ։

Ցայտուն օրինակ մըն է Նախիջեւանի հայկական յուշարձաններու, մասնաւորաբար Ջուղայի միջնադարեան հայկական գերեզմանատան ոչնչացումը, որ հակառակ մշակութային ժառանգութեան մասնագէտներու բազմիցս յիշեցումին, այսօր «արմատախիլ» եղած են։ Դեռ աւելին, շարքը երկար է աղաւաղուած կամ բոլորովին քանդուած եկեղեցիներուն, որոնց կարգին Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոցն ու Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը (նաեւ ծանօթ իբրեւ Կանաչ ժամ), Ստեփանակերտի մայր տաճարն ու Սուրբ Յակոբը, Մոխրենես գիւղի Սուրբ Սարգիսը, Բերձորի Սուրբ Համբարձմանը, Մեխակաւանի Սուրբ Աստուածածինը․․․:

Մշակութային ժառանգութեան պաշտպաններուն համար «Տատիկ-Պապիկ»-ին ճակատագիրը վերածուած է փորձաքարի մը՝ բացայայտելու, թէ միջազգային հանրութիւնը որքանով պատրաստ է պաշտպանելու մշակութային ժառանգութիւնը յետպատերազմեան պայմաններու մէջ։ Սակայն, կրկին կայ ու կայ այդ զարհուրելին՝ ներկայ Հ․Հ․ իշխանութեան ոչ թէ անտարբերութիւնը, այլ դաւաճանութիւնը։

Ահա այս է, որ կը պատահի երբ ժառանգութենէ զուրկ ժողովուրդ կը դառնանք, երբ ենթակայ ենք այլոց կամքին եւ երբ մենք մեզ եւ մեր սարերը չենք պաշտպաներ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button