Գլխաւոր

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը Արցախեան Շարժման Եւ Ժողովրդավարութեան Մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «մոլորութեան» մէջ է։ Բոլշեւիկեան գաղափարախօսութեան մէկ վիժած տարբերակը որդեգրած, Սովետական Միութեան ներքին, վարչական սահմանները յետ Խորհրդային Միութեան միջպետական սահմաններ ճանչցած Նիկոլ Փաշինյանը չէ հասկցած նաեւ ժողովրդավարութեան իմաստը, էութիւնը։ Ըստ պաշտօնական թիւերու, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու յիսուն տոկոսին քուէէն ալ պակաս քուէ ստացած Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան ղեկավարին կը թուի, թէ այդքանով ինք հաստատած է իր «դիկտատուրա»ն։ Ան չի հասկնար, որ ժողովրդավարութիւնը մեծամասնութեան իշխանութիւնն է, միաժամանակ երաշխաւորելով փոքրամասնութեան մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները։

Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է. «Ցանկացած քայլ, որը հակասում է Հայաստանի Հանրապետության ժողովրդի կատարած ընտրությանը, իսկ ժողովուրդը ասել է, որ Ղարաբաղի շարժումը չի շարունակվում, չի շարունակվելու, հիմա ցանկացած փորձ այլ մակարդակներում Ղարաբաղի շարժումը շարունակելու բերելու է հայելային արձագանքներ, ընդ որում, էդ պրոցեսը կարա խնդիրներ, այո, առաջացնի»: Նիկոլ Փաշինեանը կ՚անտեսէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան առնուազն աւելի քան կէս միլիոն քաղաքացիներ, իրենց քուէի իրաւունքով, չեն կիսեր իր եւ կամ մեծամասնութեան «Ղարաբաղի շարժումը չի շարունակւում, չի շարունակուելու» տեսակէտը։ Այդ աւելի քան կէս միլիոն Հ․Հ․ քաղաքացիները իրաւունք ունի՛ն իրենց տեսակէտը բարձրաձայնելու, հետապնդելո՛ւ, եթէ նոյնիսկ «էդ պրոցեսը կարա խնդիրներ, այո, առաջացնի»։

Աւելին, Նիկոլ Փաշինեանը, որուն կուսակցութիւնը հետեւողականօրէն հրաժարած է եւ կը շարունակէ հրաժարիլ այն ամէնէն ինչ համահայկակա՛ն է, ազգայի՛ն է՝ կ՚ուզէ ստիպել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող հայերը անկախ իրենց քաղաքացիութենէն զրկուին իրենց տեսակէտը ունենալու, այդ տեսակէտը արտայայտելու եւ անոր իրականացումը հետապնդելու իրաւունքէն։ Ան կ՚ըսէ. «Ես շատ ուղիղ ասում եմ՝ Միացյալ Նահանգների դաշնակցական լոբբինգը ինչքան էդ ուղղությամբ ջանքեր գործադրեց, ինչքան քայլեր արեց, ստանալու են…»։ Ա՛յս է Նիկոլ Փաշինեանի ըմբռնումը ժողովրդավարութեան՝ «դիկտատուրա», եթէ ոչ «պրոտելատարիատի», ապա՝ Ք․Պ․ կուսակցութեան։

Նիկոլ Փաշինեանը միաժամանակ, եւ հետեւողականօրէն, կը շարունակէ Ատրպէյճանի հակահայ եւ հակաՀայաստան քայլերը արդարացնողի իր վարքագիծը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» քարոզչութիւնն ու այդ ուղղութեամբ Ազրպէյճանի պետական քայլերը համարելով պարզապէս «հայելային արձագանքներ»։

Պատմութենէն եւ ներկայ իրականութենէն ոչինչ չհասկցած կամ չհասկցող Նիկոլ Փաշինեանի համար հայ ազգային քաղաքական միտքն է պատճառը, որ Թուրքիան գործադրեր է Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ Ատրպէյճանը ցեղասպանական քաղաքականութիւն է վարած Արցախի դէմ՝ հայաթափ ընելով զայն, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան այսօր, միասնաբար, կը սպառնան Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան կը սպառնան առնուազն պատերազմով, եթէ չբաւարարուին իրենց պահանջները։

Advertisement Subscribe Today

Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ «Ղարաբաղեան շարժումը շարունակելու բոլոր փորձերը […] մենք գնահատելու ենք Հայաստանի ժողովրդին նոր ավանտյուրայի մեջ ներքաշելու փորձ եւ մեր լիազորությունների եւ օրենքի սահմաններում ամեն ինչ անելու ենք դա կասեցնելու համար»։ Նիկոլ Փաշինյանը կը յուսայ այդպիսով թաքցնել, որ իր իշխանութեան ութնամեայ քաղաքականութիւնն ու քայլերն են, որ «Հայաստանի ժողովրդին նոր ավանտյուրայի մեջ ներքաշել» են, սպառանալիքի տակ դնելով նաե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի համակարգը նորոգուած վճռակամութեամբ եւ նպատակասլաց ձեւով պիտի շարունակէ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պայքարին՝ պաշտպանելու հայութեան, ներառեալ՝ արցախցիներու, բոլո՛ր իրաւունքները, ամե՛նուրեք։

Հ․Յ․Դ․ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button