Արտերկիր

Պէյրութ․- «Հայկազեան» Համալսարանի Մէջ Ձեռնարկ՝ Լիբանանեան-Ամերիկեան Ընկերային Ծառայողներու Համագործակցութեան Շուրջ

 

Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի հանրային կապերու տնօրէն՝ Միրա Եարտըմեան, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ, թէ Դեկտեմբեր 11-ին, «Հայկազեան» Համալսարանի Շարունակական Ուսումնառութեան Կեդրոնը կատարած է «Լիբանանեան-Ամերիկեան Ընկերային Ծառայողներու Աշխատանքի Համագործակցութիւն: Լիբանանեան Ընկերային Ծառայողներու Զինում Անբարենպաստ Եւ Խոցելի Մարդոց Հետ Գործնականութեան Նպատակով» միջոցառումը:

«Մուկար» շէնքի Մաթոսեան ցուցասրահին մէջ, սեղմ շրջանակի մէջ կայացած ձեռնարկը մասնագիտացած ներկայ հասարակութեան կողքին ապահոված է առցանց լայն  մասնակցութիւն:

Այս երկամեայ համագործակցային ծրագիրը, որ կը կատարուի Սամֆորտ համալսարանի (Պիրմինկհամ, Ալապամա) հետ եւ ֆինանսաւորուած է Պէյրութի Ա․Մ․Ն․-ի Դեսպանատան կողմէ եւ նպատակ ունի զօրացնել Լիբանանի մէջ գործող ընկերային ծառայողներուն մասնագիտական աջակցութիւնը եւ հմտութիւնները՝ յատկապէս արտակարգ իրավիճակներու մէջ գործող անձերուն ծառայելու համար: Նախաձեռնութեան մէկ մաս կը կազմէ ձեւաւորման – գնահատման հարցաթերթիկ մը եւ յետագայ հարցազրոյցներ, որոնք կ՛ուսումնասիրեն Լիբանանեան ընկերային ծառայողներու փորձառութիւնները, դժուարութիւնները եւ կարիքները: Այս գնահատումներու հիման վրայ կը մշակուին չորս շարունակական կրթութեան ուսումնական դասընթացքներ՝ կեդրոնանալով գործնական եւ հմտութիւններու զարգացման վրայ: Ծրագիրը կարեւոր կը նկատէ համագործակցութիւնը եւ յարատեւութիւնը՝ ներգրաւելով տեղական կառավարական մարմիններ եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններ:

Նախաձեռնութեան մեկնարկի արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան երկու համալսարաններուն, Ա․Մ․Ն․-ի դեսպանատան, համապատասխան միութիւններու, կազմակերպութիւններու, սենտիքաներու  ներկայացուցիչներ եւ ընկերային ծառայողներ, սկիզբ առաւ Շարունակական Ուսումնառութեան Կեդրոնի պատասխանատու Քրիսթոֆըր Գճըլեանի բացման խօսքով, որ ներկայացուց ծրագիրի ընդհանուր տեսութիւնը:

Advertisement Subscribe Today

Ձեռնարկի ընթացքին հիմնական զեկոյցները ներկայացուցին նախագիծի համահեղինակներ՝ դոկտ․ Շաղիկ Խուտավերտեանն ու Պետրոս Գազազեանը՝ Հայկազեան համալսարանէն, ինչպէս նաեւ դոկտորներ՝ Տէյվիտ Սեսիլն ու Ռեյչըլ Հէյկզը՝ Սամֆորտ համալսարանի ընկերային ծառայութեան Բաժինէն:

Ա․Մ․Ն․-ի դեսպանատան Հանրային Դիւանագիտութեան բաժինի Հասարակական Կապերու մասնագէտ Էլի Ֆեռնէյնի, ներկայացուց իր դիտարկումները՝ որպէս նախագիծի դրամաշնորհի պաշտօնական ներկայացուցիչ: Նշենք, թէ այս ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Պէյրութի Ա․Մ․Ն․-ի Դեսպանատան կողմէ:

Իր կարգին, Լիբանանի ընկերային ծառայողներու սենտիքայի նախագահ՝ դոկտոր Տանիա Պատրանը շեշտեց սենտիքայի յանձնառութիւնը՝ խթանելու մասնագիտութիւնը շարունակական կրթութեամբ, պահպանելով բարոյական չափանիշները եւ իրագործելով նախաձեռնութիւններ, որոնք կը զօրացնեն ընկերային ծառայողները՝ արդիւնաւէտօրէն յաղթահարելու նորագոյն մարտահրաւէրները: Ան նաեւ շնորհաւորեց «Հայկազեան» համալսարանը՝ Լիբանանի մէջ ընկերային ծառայութեան մասնագիտական մակարդակը բարելաւելու նախաձեռնութեան համար:

Շինիչ քննարկումներէ եւ հարցում-պատասխան նիստէն ետք, միջոցառումը փակուեցաւ «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ՝ Վերապատուելի Դոկտոր Փօլ Հայտօսթեանի եզրափակիչ խօսքով:

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button