Լրահոս

Դաւիթ Պապայեան Կ՛ահազանգէ Պաքուէն

Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան, վերջին շաբաթներուն ընթացքին ատրպէյճանական բանտէն ահազանգ հնչեցուցած երրորդ հայորդին է, որ կը յայտարարէ, թէ իր իրաւունքները կը խախտուին․ միջազգային եւ նոյնիսկ ատրպէյճանական օրէնքները չեն գործադրուիր։

«Կոչ կ’ուղղեմ բոլորիդ՝ մեզի օգնելու այս ուղղութեամբ, համայն հայութեան եւ բարի կամքի տէր մարդոց։ Ո՞վ գիտէ՝ վաղը ի՛նչ պիտի պատահի ինծի, որպէսզի դուք տեղեակ ըլլաք, թէ ընդհանուր առմամբ ի՛նչ կը կատարուի»։, նշեց Պապայեան։ Ան կը դիմէ միջազգային հանրութեան, մարդու իրաւանց պաշտպաններուն եւ պարզապէս հայ ժողովուրդին, որպէսզի միաւորուին եւ պաշտպանեն հայ գերիներուն իրաւունքները։

«Այն դատավարութիւնը, որ այժմ կ’ընթանայ, շինծու է։ Կոպտօրէն կը խախտուին բոլոր նորմերը՝ մարդասիրութեան, արդարադատութեան, միջազգային իրաւունքի, նոյնիսկ իրենց սեփական օրէնսդրութեան։ Կոչ կ’ուղղեմ, որպէսզի մեր հայրենանուէր հայութիւնը միաւորուի եւ պաշտպանէ մեր իրաւունքները, որովհետեւ մենք պիտի դիմենք միջազգային դատարան», ըսաւ ան, որ դատապարտուած է ցկեանս բանտարկութեան։

Պապայեան զրկուած է նոյնիսկ Վերաքննիչ դատարան բողոք ներկայացնելու իրաւունքէն։ Իր դիմումները անհետացած են, իսկ իր ելոյթները չեն պահպանուած, կը յայտնէ ան․ «Ասիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ քայլ մը՝ ոչնչացնելու բոլոր քննադատական ելոյթները։ Կը խնդրեմ՝ ասիկա ընդունիք որպէս տեղեկութիւն, միջազգային դատարանին՝ իբրեւ կարեւոր նիւթ, իսկ միջազգային հանրութեան՝ ի գիտութիւն։ Մենք իսկապէս կ’ուզենք դիմել Միջազգային դատարան, եւ միայն այդ միջոցաւ կարելի է այս հարցը կարգաւորել»։

Օրեր առաջ բանտէն Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպանին դիմած էին նաեւ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան եւ Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան։ Անոնք եւս պահանջած էին, որ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպանը այցելէ իրենց, կազմակերպէ իրենց եւ ընտանիքներուն հանդիպումը։ Անոնք նաեւ պահանջած էին, որ իրենց գործերը ամբողջութեամբ հայերէնով եւ ատրպէյճաներէնով փոխանցուին իրենց ընտանիքներուն։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button