Հ.Յ.Դաշնակցութեան 135-ամեայ տարեդարձը արժանաւայել հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ։ Երկու օրերու վրայ երկարող ելոյթներով, յունահայ ժողովուրդի ներկայութեամբ, հրապարակային ձեռնարկները ընդգրկեցին վերլուծական խօսքեր, զրոյց, բանախօսութիւն եւ գեղարուեստական յայտագիր։
Շաբաթ, 28 Փետրուարին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային զրոյց՝ «Երէկ, այսօր, վաղը՝ միշտ միասին» խորագիրով, լուսարձակի տակ առնելու համար Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմական եւ քաղաքական դերը իր հիմնադրութեան օրերէն, հասնելով մինչեւ մերօրեայ մարտահրաւէրները։
Երեկոն սկսաւ տեսաերիզի ցուցադրութեամբ, որ կատարեց Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ ներկայ ժամանակները կուսակցութեան դերակատարութեան արժեւորումը հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին մէջ, Հայաստանի անկախութեան, Արցախի հերոսապատումին եւ վերջին տարիներու քաղաքական եւ ազգային իրավիճակին կապակցութեամբ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ զրուցավար ընկ. Յովիկ Պապօղլեան, որ մանրամասն բացատրելով օրուան հրապարակային զրոյցի նպատակը, բեմ հրաւիրեց Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Սերգօ Գույումճեան, ներկայացնելու համար իրենց վերլուծական միտքերը նիւթին առնչութեամբ։
Շահան Գանտահարեան իր խօսքի մեկնարկին անդրադարձաւ հայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն, շեշտը դնելով հայ ժողովուրդի հրատապ խնդիրներուն վրայ։
Խօսք առաւ Սերգօ Գույումճեան, որ իր ներածականի սկիզբին կատարեց բաղդատականը Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմական ներկայութեան, նշելով թէ աշխարհի ամենէն երկարամեայ կազմակերպութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ, իր պատմական փորձառութեամբ եւ անառարկելի դերակատարութեամբ որպէս խորհրդանիշ գաղափարական հաւատարմութեան, կազմակերպական ամրութեան եւ ազգային նպատակներու հետեւողականութեան։
Արժեւորելով Հ.Յ.Դաշնակցութեան կենսական դերակատարութիւնը յունահայ գաղութի կազմաւորման եւ յարատեւման գործին մէջ, ներկայացուց հաւաքական կեանքի այն իրագործումները, որոնք այսօր կը կազմեն մեր ինքնութեան պահպահման գլխաւոր բաղադրիչները։
Ներկայացումներուն յաջորդեց զրոյց ժողովուրդին հետ, ուր արծարծուեցան հայութեան ժամանակակից խնդիրները եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան տեսակէտներն ու քաղաքական գործունէութիւնը հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին։ Խօսողները եւս իրենց պատասխաններով եւ յաւելեալ բացատրութիւններով, ընդգծեցին ներկայ մարտահրաւէրներու հրատապութիւնն ու հայ ժողովուրդի միասնական կեցուածքները համազգային հիմնախնդիրներու դիմագրաւման մէջ։
Օրուան մթնոլորտը աւելի տօնական դարձաւ երբ բեմ հրաւիրուեցան երէց եւ նորահաս սերունդի ընկերներ, որոնք միասնաբար հատեցին 135-ամեակի տարեդարձի կարկանդակը եւ բարեմաղութիւններ կատարեցին Դաշնակցութեան համար։
Զեկուցավարը եզրափակեց ելոյթը նշելով, թէ Դաշնակցութեան գաղափարները անժամանցելի են ու այժմէական, ունին շարունակականութիւն եւ գաղափարական կուռ ենթահող, ունին ազգային եւ ընկերային առաջադրանքներ որոնք կ՚ արտացոլան հայ անհատի եւ համայն հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը:
Հ.Յ.Դ.-ն արժէք է ու պիտի շարունակէ ըլլալ, այնքան ժամանակ, որքան ան հայ ժողովուրդի անհանգիստ խիղճն է, գործ ու ապրում է, զգացում ու հաւատք:
Երեկոն շարունակուեցաւ հիւրասիրութեամբ, ուր մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, զրոյցներու եւ կարծիքներու փոխանակման առիթ ստեղծուեցաւ։
Կիրակի, 1 Մարտ 2026-ին, Թեսաղոնիկէի մէջ, ժողովուրդի լայն մասնակցութեամբ, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակը։ Տօնակատարութիւնը վերածուեցաւ յոբելենական հաւաքի մը, ուր ներկաները իրենց հաւատարմութիւնը վերանորոգեցին Դաշնակցութեան պատմական ուղիին, գաղափարական ժառանգութեան եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան անխախտ առաքելութեան հանդէպ։
Օրուան բանախօսն էր Շահան Գանտահարեան, որ մանրամասն նկարագրականով վերլուծեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի կազմակերպութեան դերակատարութիւնը համահայկական խնդիրներու եւ միջպետական հարցերու արծարծման մէջ, արժեւորելով ձեռքբերումները եւ արդիւնքները Հայ Դատի իրագործման ճամբուն վրայ։
Միջոցառումի աւարտին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան մտերմիկ մթնոլորտի մէջ շարունակելու տօնակատարութիւնը, փոխանակելու տպաւորութիւններ եւ վերահաստատելու իրենց հաւատարմութիւնը Դաշնակցութեան գաղափարներուն ու ազգային իտէալներուն հանդէպ։
Տօնակատարութիւնը անցաւ բարձր ազգային գիտակցութեամբ եւ ժողովուրդի կողմէ մեծ թիւով մասնակցութեամբ՝ հաստատելով, որ Դաշնակցութեան 135-ամեակը Թեսաղոնիկէի հայութեան համար դարձաւ ոչ միայն յիշատակի օր, այլ նաեւ նոր ուխտի եւ նոր յանձնառութեան պահ։


